Հաւաքական Յիշողութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս

23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, Պուրճ Համուտէն ընթացք առաւ հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթը` դէպի Անթիլիասի մայրավանք` ի յարգանս 103 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն եւ ի վերանորոգութիւն անոնց կտակին` մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման համար:

Խորհրդաւոր ջահերթը ժամը շուրջ 8:30-ին հասաւ մայրավանք, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի շրջափակին մէջ հսկում-ոգեկոչումով մեծաթիւ լիբանանահայեր եկան հաստատելու, որ 103 տարուան աւանդը կը մնայ կենդանի եւ վառ, որովհետեւ անոր ետին կայ պահանջատէր ժողովուրդ մը, որ հաշիւ կը պահանջէ ոճրագործ թուրքէն, նաեւ` իր իրաւունքներու վերադարձը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրակ Տէտէեան: Ան ըսաւ, թէ մենք` 4-րդ սերունդը պահանջատէր հայ ժողովուրդին, կու գանք վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը արդարութեան եւ մեր իրաւունքներու վերատիրացման համար: Հայ ժողովուրդը արար աշխարհին դիմաց կը կանգնի ըսելու, որ հայը մեռած չէ, հայը պահանջատէր է եւ այսօր իրաւական իր պահանջներով ու միջոցներով նոր փուլի մը դիմաց կը դնէ իր պահանջատիրութիւնը:

100 տարի առաջ ճգնաժամային այդ օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր Ցեղասպանութեան, նոյն այդ ժողովուրդին մնացորդացը Արեւելեան Հայաստանի մէջ հերոսաբար դիմադրեց թշնամիին եւ ձախողութեան մատնեց համաթուրանական անոր երազները: Հայ ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնն ու պետականութեան հիմերը դրաւ եւ վերականգնումի իր կամքը արտայայտեց, հայ ժողովուրդը 600 տարուան ստրկութենէն ետք ունեցաւ ազատ եւ անկախ Հայաստան:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ մենք անգամ մը եւս մեր յարգանքի խոր տուրքը պիտի մատուցենք հայոց Մեծ եղեռնի նահատակներուն անմոռաց յիշատակին, սակայն մէկ դարէն աւելի տեւած եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի մատուցումը որեւէ կերպ չէ նուազած մեր յիշողութեան մէջ, եւ ամէնէն կարեւորը` տարուէ-տարի այդ յիշողութիւնը աւելի կ՛ամրապնդուի. կ՛ամրապնդուի նաեւ մեր հաւատքը եւ համոզմունքը, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած այդ եղեռնագործութեան արժանի հատուցումը պիտի գայ անխուսափելիօրէն: Մեր այդ համոզումը հիմնուած է նախ եւ առաջ արդարութեան սկզբունքին վրայ, որովհետեւ այդ յանցագործութիւնը, որ կատարուած է մեր ժողովուրդին նկատմամբ, մեր հաւաքական ինքնագիտակցութեան նկատմամբ մեր ինքնութեան նկատմամբ, անանցանելի յանցագործութիւն է, ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի հատուցուի, եւ իրականութիւն պիտի դառնան մեր պահանջատիրութիւնը, հայ ժողովուրդի հաւաքական պահանջատիրութիւնը եւ մեր ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումն ու փոխհատուցումը: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ վերջին շրջանին յանձնառու է Հայ դատին եւ իր արտաքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ մշտապէս կը հետապնդէ ու պիտի հետապնդէ Հայ դատի արդարացի լուծումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը:

Դեսպան Մկրտչեան նշեց, որ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներուն վերացումը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներու շրջանակին մէջ են, այլ նաեւ ունին համամարդկային նշանակութիւն, որովհետեւ ինչպէս մենք միշտ նշած ենք եւ պիտի շարունակենք նշել, եթէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ժամանակին դատապարտուէր եւ անոր կազմակերպիչներն ու իրականացնողները կանգնէին արդարութեան առջեւ, ապա վստահաբար տեղի չէին ունենար միւս ժողովուրդներուն նկատմամբ իրականացուած նոյն ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները:


Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ այս տարի եւս նշելով Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց անմար յիշողութեան, մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը` հասնելու ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ արդարութեան հատուցման:

Այնուհետեւ Գարմէն Պալեան երգեց «Նրանք ինկան» երգը, իսկ Ալիս Իբրաճեան` «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Նազօ Ճերեճեան: Ան ըսաւ, թէ 103 տարիներ անցած են արհաւիրքի օրերէն, 103 տարիներէ ի վեր մենք պանդուխտ ենք հայրենի հողին կարօտը մեր սրտին: 103 տարիներէ ի վեր տարբեր միջոցներով կը փորձեն արմատախիլ ընել հայ ազգը, սակայն կը շարունակենք ծիլ տալ ամէնուրեք, ծաղկիլ եւ օրին մէկը մեր պապենական տունը վերադառնալու յոյսով ապրիլ:

Ան նշեց, թէ անտեղի չէ ենթադրել, որ մեր ժողովուրդի թշնամիները ամէնօրեայ դաւեր կը հիւսեն հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի դէմ: Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ աւելի կը ճանչնայ ուժը. ուստի մեր ուժը պիտի պահպանէ մեր իրաւունքը, մեր զինուորը պիտի տայ վերջնական վճիռը եւ պարտադրէ խաղաղութիւնը: Յարգանք հայ զինուորին, որ կը պահպանէ մեր հայրենի հողն ու ջուրը, մեր ազգին պատմական հայրենիքը:

Ն. Ճէրէճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ երբ կը խօսինք ուժի մասին, նկատի ունինք պայքար յանուն արդարութեան. շատ երկար տարիներ աշխատեցանք այս կամ այն երկրին մէջ ճանաչում պահանջելով եւ արժանացանք դրժուած խոստումներու եւ խաբէութեան: Պէտք է իմանանք, որ այն, ինչ որ պիտի իրագործենք, պէտք է իրականացնենք մեր սեփական ուժերով, մեր միասնականութեամբ, մեր ջանքերով, մեր ներուժով: Հակառակ իր դիմագրաւած բազում մարտահրաւէրներուն, խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, Հայոց դատի արդար հատուցումի պայքարը չի կրնար դադրիլ, պէտք չէ դադրի. այստեղ մենք կը տեսնենք պայքար ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ շահերուն համար, այլեւ ծառայութիւն համայն մարդկութեան, որպէսզի նոր ոճրագործներ ծնունդ չառնեն:

Ան հաստատեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը կանգնած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ: Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ հաւատացած է արդարութեան եւ եղած է հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ջատագով կուսակցութիւնը: Այսօր կարիքը ունինք դատող եւ հաւասարակշռող գաղափարներու եւ առաջարկներու, ոչ թէ կործանարար միտքերու:

Ճերեճեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր նախահայրերը օրին անհրաժեշտն ու կարելին ըրին, ազգը հայ պահեցին եւ ջահը փոխանցեցին մեզի: Այսօր մենք արդեօք բաւարար աշխատանք կը տանի՞նք: Այսօր մեզմէ ակնկալուած է ներդրում նոր սերունդի արդիական եւ հայեցի կրթութեան մէջ, ներդրում աւելի արդար եւ հաւասար հայրենիք ունենալու մէջ, ինչպէս նաեւ աւելի լայնախոհ եւ հեռատես աշխատանքային ներդրում այս ազգը պահպանելու ու անոր վերելքը տեսնելու մէջ»:

Այնուհետեւ ասմունքեց Անի Եփրեմեան:

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, որ ըսաւ, թէ 103 տարի ետք հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը առաւել վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր պայքարի ուղին` ճանաչումէն անդին հողային հատուցում պահանջելով` աւելցնելով, որ հայ ազգը բնաջնջելու ծրագիրը յղացողին ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ 20-րդ դարու սկիզբը պատահածը Ցեղասպանութիւն էր, եւ որ հայ ազգը Թուրքիայէն ցաւակցութիւն կամ ողորմութիւն չէ, որ կը պահանջէ, այլ դատապարտում եւ հատուցում: Անոր համաձայն, Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած ժխտողական քաղաքականութիւնը ինքնին Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, ցուցանիշ է, որ Թուրքիան կը սոսկայ ցեղասպանութիւն բառէն եւ ապրիլ 24-էն:

Վ. Ժամկոչեան դիտել տուաւ, որ 103 տարիներու ընթացքին հայութիւնը իր դատին վերաբերող մեծ ու բազմապիսի աշխատանք տարաւ, սակայն պահը հասած է աւելի գործնական ու միասնական կերպով հետապնդելու մեր իրաւունքները, իսկ այս առումով յիշեց, որ արդէն իսկ շօշափելի քայլի դիմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին պահանջով, ան կարեւոր նկատեց նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը, որ իր տարողութեամբ եւ բովանդակութեամբ մեծ իրագործում էր հայրենիքի եւ սփիւռքի համար:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ արցախեան տագնապը` շեշտելով, որ ազգային-ազատագրական պայքարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, սակայն այսօր սահմաններու անվտանգութիւնը կը մնայ կարեւոր հրամայական, իսկ ատիկա ապահովելու համար անհրաժեշտ են հզօր հանրապետութիւններ եւ համախմբուած աշխատանք: «Ազատ, անկախ, հզօր պետութիւնը եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը բացառիկ արժէք են մեր բոլորին համար: Իւրաքանչիւրս պարտաւոր է կատարել անկարելին` զայն ամրապնդելու ի խնդիր: Այս է մեր յաղթանակներուն միակ գրաւականը», աւելցուց Ժամկոչեան:

Վերջին բաժինով Վազգէն Ժամկոչեան խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով համայնքներուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած հսկայական աշխատանքը` հայապահպանման եւ հայակերտման ի խնդիր: Ան մերժեց ոեւէ մէկուն, յատկապէս նորելուկ հայերուն կողմէ կատարուած որեւէ փորձ` թերագնահատելու հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դերը գաղութին մէջ: «Շատ դիւրին է ըսել ինչ ըրիք, սակայն առաւել դիւրին է պատասխանը: Կառուցեցինք ու պահեցինք եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, մարզական կամ մշակութային կեդրոններ, հրատարակեցինք օրաթերթեր, ամսաթերթեր եւ այլն: Թող ոչ ոք փորձէ մոռացութեան մատնել հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դերը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, անիկա ըլլայ մարտական, բժշկական, կենցաղային, իսկ ամէնէն կարեւորը` քաղաքականօրէն որդեգրած դիրքը», ըսաւ Ժամկոչեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն յառաջիկայ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու խղճմտօրէն եւ վեհ գիտակցութեամբ մեր ազգային պարտքը կատարել:

Այնուհետեւ Նաթալի Տէկիրմէնճեան երգեց «Կիլիկիա» երգը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Համբիկ Պիլալեան, որ բարձրօրէն գնահատեց լիբանանահայութեան քայլարշաւը, որով ան անգամ մը եւս հաստատեց իր ուխտապահ եւ առաքինի կեցուածքը, հպարտօրէն քալեց` վերյիշելու եւ գլուխ խոնարհելու մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ իր բողոքի, ցասումի ու պոռթկումի խօսքը արձանագրեց ժամանակակից պատմութեան մատեանին մէջ` ըսելով, թէ որքա՛ն ալ դժուար ըլլան առօրեայ պայմանները, ինք հաւատարիմ կը մնայ իր պատմութեան ու արժէքներուն, կը քալէ հաստատակամ, աներկիւղ, միասնակամ ու հաւատարմօրէն, ամբողջ աշխարհին լսելի դարձնելով համազգային մեր կեցուածքն ու հաւատամքին անժամանցելիութիւնը:

Ան անդրադարձաւ հայութեան համար ապրիլ 24-ին մարմնաւորած խորհուրդին եւ եզակիութեան` դիտել տալով, որ հայութիւնը այսօր եւ ապագային ալ պիտի մնայ պահանջատէր համայն մարդկութենէն եւ մանաւանդ բարբարոս մեր թշնամիէն` թուրք-ազերիէն, ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը եւ հատուցելու հայ ժողովուրդին: «Ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, 103-ամեակի ոգեկոչման այս օրերուն, ազգովին կը ներկայանանք աշխարհին` մեր ճակատները բարձր, մեր հոգիները ամրապինդ, մեր կամքերը պրկած, պահանջատիրական ոգիով աւելի հայացած, հաշիւ պահանջելու համարձակութեամբ զօրացած, իրաւունք պաշտպանելու գիտակցութեամբ զինուած, բայց մանաւանդ` զոհի ու տկարի հոգեվիճակէն ձերբազատ», ըսաւ Հ. Պիլալեան` աւելցնելով, որ հայութիւնը բարձրաձայն կը գոչէ, թէ օտար պետութիւնները իրենց շահերէն մղուած հայութենէն կը պահանջեն ներել թշնամիին, ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական խնդիր, հեռու մնալ վրէժխնդրութենէ եւ ձեռք երկարել օսմանցիին ժառանգորդներուն ու հաշտութեան նստիլ անոնց հետ: Ան հաստատեց, որ այս բոլորը մերժելի են, որովհետեւ թուրքը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իր գործած ոճիրը, կը մնայ հայատեաց, ազգայնամոլ ու մոլեռանդ: Ըստ անոր, թէեւ հայութիւնը երախտապարտ կը մնայ այն բոլոր պետութիւններուն, որոնք ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն միշտ ալ կը հաստատէ, որ ոչինչ կը մղէ զինք մոռնալու իր ազգին դէմ գործուած համիտեան սարսափելի ջարդերը, թուրք մարդակերներուն ծրագրած ու կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, իր մտաւորականներուն, երեսփոխաններուն, մամիկներուն ու պապիկներուն բնաջնջումը Տէր Զօրի մէջ: Ան աւելցուց, որ թուրքն ու ազերին տակաւին մօտիկ անցեալին եւս անմասն չեն մնացած ոճրագործութիւններէ` Արցախի, Սումկայիթի, Կիրովապատի, Մարաղայի եւ Պաքուի մէջ: Այս բոլորին լոյսին տակ բանախօսը հաստատեց, որ այնքան ատեն որ ցեղասպան թուրքը չէ ընդունած իր ոճիրը, կ՛ուրանայ պատմութիւնը, կը նենգափոխէ զայն, նուազագոյն հատուցում տալու մասին իսկ չի մտածեր, հայութիւնը պիտի մնայ իրաւատէր եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը` աւելցնելով, որ հայութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ արդարութեան ուղին քարքարուտ ու դժուար է, սակայն ոչ անանցանելի. «անիկա քաղաքական մտքի ու կազմակերպման հսկայ աշխատանքի կը կարօտի, հայրենիքի պետական հզօրանքին կարիքն ունի անկասկած, հայոց քաջարի բանակին զգօնութեան եւ աչալուրջ հսկողութեան պէտք ունի ամէն քայլափոխի, հզօր ու աւելի լաւ կազմակերպուած սփիւռքի մասին պէտք է մտածուի ամէն ատեն, հայ եկեղեցւոյ ուժեղ օրհնութեան բարիքը պէտք է վայելենք ամէն ժամերգութեան, հայ դպրոցը անյապաղ պէտք է բարեկարգէ ինքզինք եւ յառաջատար դառնայ, հայ ծնողքին խիղճին պարտքն է` իր զաւակը օտար վարժարանի տխուր դաստիարակութենէն զերծ պահել, հայ նորահաս սերունդի զաւակներ հիւանդագին օտարամոլութենէն հեռու պէտք է մնան առանց վարանումի, հայ կուսակցութիւններու իրական համախմբումին կարօտ կ՛ապրինք անդադար: Այո՛, հայութեան մէկութեան գաղափարին պէտք է ծառայենք ազգովին», հաստատեց Համբիկ Պիլալեան:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչումներուն` Հ. Պիլալեան դիտել տուաւ, որ անոնց իմաստը մեր նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու ուխտի վերանորոգութեան մէջ է` հաստատելով, որ մեծ է հայ երիտասարդութեան վրայ դրուած յոյսն ու անոր նկատմամբ առկայ հաւատքը` իր հոգեկան աշխարհին մէջ ամուր պահելու այդ կտակը, աշխատելու այդ ուղղութեամբ, ուսանելու, բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու, յեղափոխական ոգիով համակուելու, քննական միտքով սնանելու, ազգային արժէքներուն պահապան ըլլալու, իր ժողովուրդին պաշտպանութեան լծուելու, տէր դառնալու գաղութահայ կեանքին եւ խրոխտ ոգիով դիմակայելու ամէն սպառնալիք: «Հայ քաղաքականացած երիտասարդին կոչումն է համարձակ քայլերով դէմ դնել վատառողջ եւ ազգադաւ երեւոյթներու, սրբագրելու ներազգային կեանքի բոլոր թերացումներն ու բացթողումները եւ անյապաղ լծուելու վերանորոգման ու վերահայացման անյետաձգելի աշխատանքին», ըսաւ ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Համբիկ Պիլալեան ըսաւ, որ նորահաս սերունդին պարտքն է նաեւ բոլոր մակարդակներու վրայ բացայայտել թուրքին էութիւնը եւ հատուցման ժամը աւելի մօտեցնել` պայքարով, հաւատքով եւ նահատակներուն կտակը վառ պահելով:

Հսկումը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել