Յակոբ Բագրատունի. 28 Մայիս 1918-ը Հիմնաքարն Է Այսօրուան Հայաստանին Եւ Հայկական Պետականութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդային տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, անոր համար մղուած ճակատամարտերուն նուիրուած տեսերիզ մը:

Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նախ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին, թէ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով եւ միաւորներով միասնաբար կ՛ոգեկոչէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, ինչ որ արտայայտիչ է միասնականութեան: Ապա ան խօսեցաւ 28 մայիսին մարմնաւորած արժէքին մասին` դիտել տալով, որ անիկա ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ մարդկութեան պատմութեան մէջ իւրայատուկ թուական է, որովհետեւ հաւաքականութիւն մը Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք, շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կարողացաւ հոգեփոխութիւն ապրիլ, պայքարիլ թշնամիին դէմ եւ ազատագրել հայրենիքը: «Յաղթանակ մը, որ հիմքը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պետականութեան եւ հայու ազատ կամքի դրսեւորման: Նուաճում մը, որ վերանորոգեց հայու պայքարի ոգին, վերականգնեց մեր ուժերուն վստահելու ըմբռնողութիւնը եւ ամրապնդեց մեր կամքը: Ձեռքբերում մը, որ խթան հանդիսացաւ հայութեան նորագոյն յաղթանակներուն եւ յաջողութիւններուն», ըսաւ Տէմիրճեան: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինի կազմակերպած նախաձեռնութիւնները կը միտին արժանավայել կերպով յարգանք մատուցել նուիրեալներուն, արժեւորել մայիսեան յաղթանակները, գնահատել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դերը, եւ կարեւորագոյնը` առաջնորդուիլ 100-ամեակի յաղթական ոգիով, հաւաքական մտածողութեամբ եւ համազգային գիտակցութեամբ` շարունակելու մեր նուիրեալներու սրբազան գործը, ինչ որ կը կարօտի բոլորիս անշահախնդիր նուիրումին ու ճիգին:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ նշեց, թէ 100 տարի առաջ կերտուածին մէջ կան բազմաթիւ խորհուրդներ ու պատգամներ, որոնք պէտք է պահպանուին եւ փոխանցուին սերունդէ-սերունդ: Անոր համաձայն, թէեւ վերիվայրումներով եւ դժուարութիւններով լի փուլ մը նախորդեց յաղթանակին, սակայն ժողովուրդն ու պատասխանատուները լաւապէս գիտակցեցան, որ արժանի է պայքարիլ պետականութեան վերականգնման ի խնդիր, որովհետեւ առանց անոր դժուար էր պահել ինքնութիւն, մշակոյթ, լեզու, ազգային ժառանգութիւն: Դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորները բաւական աննախանձելի պայմաններու մէջ էին, կային քաղաքական, տնտեսական, ընկերային բազմաթիւ խնդիրներ, բայց եւ այնպէս կար կամք` յաղթահարելու այս բոլորը, ուստի մղուեցաւ ռազմական եւ դիւանագիտական պայքար, որպէսզի ամրապնդուին պետականութեան հիմերը:

Դեսպան Մկրտչեան հաստատեց, որ պատմութեան համար պէտք է անպայման արձանագրել եւ ընդունիլ, որ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը առանցքային եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման մէջ, կուսակցութեան գործիչները մեծագոյն բաժինը ունին այս կարեւոր իրադարձութեան մէջ: Ապա ան դիտել տուաւ, թէ այդ հանրապետութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը հիմք հանդիսացաւ յառաջիկայ հանրապետութեան կերտման, Արցախի ազատագրութեան, որովհետեւ փոխանցուած էր պատգամը` հաւատարիմ մնալու ազգային նպատակներուն եւ յանուն մեծ զոհողութեան պայքարելու անոնց համար: Իր խօսքը եզրափակելով` դեսպան Մկրտչեան հաստատեց, որ 100-ամեակը նշելով նաեւ պէտք է գիտակցիլ, թէ պատասխանատուութիւն ունինք անոր պատգամներն ու խորհուրդները պահպանելու, զարգացնելու եւ փոխանցելու յառաջիկայ սերունդներուն:

Երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու խօսքը արտասանեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ, թէ Սարդարապատի յաղթանակը մեր ժողովուրդի զանազան խաւերուն եւ ուժերուն ինքնադրսեւորման, կամքի միութեան, անկեղծ հայրենասիրութեան, անսակարկ անձնազոհութեան, ազգի ազատագրական պայքարի վճռակամութեան, պատմութեան պարտադրած խաւարը ազատատենչ արկածախնդրութեամբ լուսաւորելու եւ, ի հեճուկս ամէն ազգաջնջման ու ջարդարարութեան դաւի ու ոճիրի, հայրենի պետութիւն կերտելու մէկ ուսանելի խորհուրդն է: Ան հաստատեց, որ Սարդարապատի յաղթանակը իբրեւ ոսկեայ արժէք փորագրուած է եւ այդ օրէն մինչեւ այսօր իր դերը ունեցած է եւ ունի հայրենի կեանքի զարգացումներուն վրայ:

Ապա վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան խօսեցաւ Սարդարապատի զանգակներուն մարմնաւորած պատգամներուն մասին` իբրեւ տօնախմբութեան առիթ, նախազգուշացում եւ զօրակոչ, երբ կայ վտանգ, ինչպէս նաեւ ժամացոյց եւ հրաւէր, որ մարդիկ ըլլան զգաստ, պատրաստ եւ գիտակից: «Տօնական, դրական, ոգեւորուած ժողովուրդ ըլլալու յորդոր կայ այսօր եւս: Հաւատքով լեռները յեղաշրջելու, յարութեան հոգիով լեցուելու, նուիրումով ու ծառայութեամբ մեր ազգը բարձրացնելու, նոր յաղթանակներ արձանագրելու եւ տօն կատարելու: Նախազգուշացումի օր է այսօր: Կայ նաեւ վտանգ մեր օրերուն, ներքին թէ արտաքին, եւ մեր հոգիները ունին պարտք ու կոչում` նուիրուելու փոխանակ սպասելու եւ այլ կողմերէ ակնկալելու:

«Հրաւէրի օր է այսօր: Հրաւիրող զանգակը կը հնչէ, որպէսզի իւրաքանչիւրս այնպէս սեպէ, որպէս թէ անձնապէս իր նուիրումէն կախեալ պիտի ըլլար յաղթանակը: Հրաւէրը նաեւ կոչ է` դրական եւ խանդավառ: Ամէն հայ կամաւոր հոգի է, արթուն միտք, հաւատացող հոգի, պատրաստ մարմին», եզրափակեց վեր. Հայտոսթեան:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918 թուականը թերեւս ամէնէն խնդրայարոյց թուականներէն մէկը եղած է: Այսօր ալ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ երբեմն կը յամենան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին քաղաքական ճակատագիրին թէ ֆիզիքական գոյատեւման պահպանման հիմնաքարը հանդիսացող այս թուականը տարբեր անուանումներով ներկայացնելու փորձերը` անկախութեան հարիւրամեակ, անկախ հանրապետութեան 100-ամեակ, Մայիսեան յաղթանակ եւ այլ անուանումներ:

Ան ըսաւ, որ 28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է այսօրուան Հայաստանին: 28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի եւ անոր պետականութեան: 28 մայիս 1918-ը մեկնակէտն է Արցախի պոռթկումին եւ Արցախի անկախութեան: 28 մայիս 1918-ը հայրենի հողին վրայ ապրած ու հոն ապաստանած հայերուն ֆիզիքական պահպանման ամրոցն է անկասկած: Այլ խօսքով` առանց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի ո՛չ Հայաստան կը մնար, ո՛չ ալ հայութիւն: Ճշմարտութիւնն ու պատմական առարկայականութիւնը կը պահանջեն հաստատել, որ համաժողովրդային որեւէ շարժում, համաժողովրդային որեւէ յաղթանակ կը պահանջէ ղեկավար ու ղեկավարութիւն: Վստահաբար կարելի չէ խօսիլ 28 մայիս 1918-ի յաղթանակին մասին, համաժողովրդային մարտնչումի մասին, զանց առնելով ՀՅ Դաշնակցութեան անզուգական հերոս Արամ Մանուկեանի դերակատարութիւնը: 100 տարի ետք, երբ ջուրերը հանդարտած են, երբ սուտն ու նենգափոխումը տեղի տուած են ճշմարտութեան եւ արդարութեան, երբ այլեւս պատճառ չկայ պատմական իրականութիւնները ծածկելու, երբ Հայաստանի պետութիւնը ճանչցած է ՀՅԴ-ի եւ Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութիւնը անկախութեան հռչակման սրբազան գործին մէջ, մեզի կը մնայ այլեւս ըսել` յարգա՛նք ու պատի՛ւ բոլորին:

Բագրատունի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 100-ամեակի երեք կարեւոր դասերուն մասին: Առաջին` հոն, ուր մեր ժողովուրդը եղած է միակամ, յաղթանակը եղած է հայութեան: Հոն, ուր մեր յոյսերը դրած ենք օտարին վրայ, պարտուած ենք ու պառակտուած:

Երկրորդ` 28 մայիս 1918-ը ապահովեց մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը: Անվտանգութիւն, որուն ձգտումին ու պահպանումին հրամայական պահանջը ունինք այսօր: Երրորդ` 28 մայիս 1918-ը ապահովեց Հայաստանի ու հայութեան հայկականութիւնը, ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը:

Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց Հայաստանի ու սփիւռքի ղեկավարութեան` չտկարացնելու արմատները, չիյնալու գեղեցիկ ու պսպղուն կարգախօսներով համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան կոչին տակ ապազգայնացումի առաջնորդող ազգակործան ու հայրենաքանդ ախտի թակարդներուն մէջ (երեսփոխան Բագրատունիի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ ազգային հաւատարմութեան հոգիով հաւաքուեցանք այսօր, որպէսզի նաեւ ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ յիշատակենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, մայիս 28-ի խորհուրդով տոգորուած մեր միջավայրի պայմաններուն մէջ նոր գիտակցութիւն ու ոգեկանութիւն հաստատենք մեր կեանքին մէջ: Անկասկած մեր ժողովուրդի հաւատքէն, զոհողութիւններէն ծնունդ առաւ անկախութիւնը, հետեւաբար հաւատարիմ ու նախանձախնդիր գտնուինք ազգային այդ հաւատքին ու նուիրաբերումին նկատմամբ, որպէսզի հայավայել կեցուածքով կարենանք մեր ազգային երազներուն կապել մեր կեանքը եւ այդպիսով ապահովել մեր ժողովուրդի փառաւոր պատմութեան ու արժէքներուն յարատեւութիւնը: Ան ի սրտէ մաղթեց, որ Հայաստանի անկախութեան յիշատակը ամէնուրեք նոր գիտակցութիւն բերէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի միասնաբար մեր սեփական նուիրումով անմոռաց պահենք մեր պատմութիւնը, ճանչնանք հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւնը եւ վաղուան տեսիլքներուն սիրոյն մեր միտքն ու սիրտը ընծայենք հայրենիքին եւ յիշենք, որ հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը կրնայ ըլլալ տեւական, եթէ Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին հայութեան կեանքը մնայ Հայաստանի սիրով ապրուած: Խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Թող բարին Աստուած լսէ մեր սրտին իղձը եւ աւելի պայծառ օրեր պարգեւէ ազատ, անկախ Հայաստանին ու Արցախին, որպէսզի դէպի ազգային անկատար տենչեր ուղղելով մեր հայեացքը գալիք պայծառ օրերու հեռանկարով, մենք շարունակենք քաջաբար պաշտպանել Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի խոյանքներով ձեռք բերուած մեր ապրելու իրաւունքն ու ազգային գոյութեան գրաւական երաշխիքը եղող մեր հայրենիքը` Հայաստանը»:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական ճոխ եւ խանդավառ պահեր ստեղծեցին երգիչներ Նունէ Եսայեան եւ Մակիչ:

«Սարդարապատ» յաղթերգով վերջ գտաւ ձեռնարկը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել