«Ազդակ»ի Խմբագրական. Նախկինները, Մենք Եւ Յաջորդները

MAR5_2012_25-Feb-2012«Ազդակ»-ի տարին ամփոփելու ընթացքին կարելի է անդրադառնալ տարբեր հարցերու, իրագործումներու, դժուարութիւններու եւ ընդհանրապէս իրականացուած եւ յամեցող ծրագիրներու մասին: Այս սիւնակը այդ համապարփակութենէն զուրկ է բնականաբար: Արժէ սակայն հիմնական երեւոյթները լոյսին բերելը. երեւոյթներ, որոնք ընդհանրապէս հայ մամուլինն են այսօր եւ որոնք պիտի շարունակեն մեր առօրեայ աշխատանքներուն մաս կազմել շատ հաւանաբար ոչ կարճ ժամանակի մը համար:

Մեր թերթը քանի մը ամիս եւս ունի իր 85-ամեայ յոբելեանը փակելու համար: Մինչեւ մարտ ամսուն 5-ը յոբելենական նշումները որդեգրուած տեսքով քանի մը անգամ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Ինչպէս յայտարարած էինք, այս յոբելեանին համար որդեգրուած էին մամլոյ աշխատակիցներու լսարաններու եւ հրատարակչական նշումներու եղանակները: Փաստօրէն, մինչեւ օրս կը շարունակուի «Ազդակ»-ի լուսաբանած պատմակերտ հանգրուաններու ներկայացման յօդուածաշարքը, որ իր աւարտին հասնելէ ետք կը հրատարակուի առանձին, իբրեւ մամլոյ սկզբնաղբիւր` յատկապէս սփիւռքահայ կեանքի եւ սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան: «Ազդակ»-ի յոբելեանին նուիրուած Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մամլոյ ասուլիս-լսարաններէն ետք այս շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ հայաշատ քաղաքներէն Նիժնի Նովկորոտի մէջ, ուր ռուսատառ եւ հայալեզու մամուլի պատասխանատուներ առիթ ունեցան ծանօթանալու «Ազդակ»-ի անցած ուղիին: Համագործակցութիւնը այս առումով յատկանշական է, որովհետեւ «Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու եւ սփիւռքահայ իրադարձութիւններու մասին կատարուած լրատուութիւններու թարգմանութիւնը ռուսերէնի եւ ապա տարածումը այդ շրջանի մամուլին առիթ է դասական սփիւռքը նոր սփիւռքին ծանօթացնելու եւ` փոխադարձաբար անշուշտ: Կարճ. «Ազդակ»-ի յոբելեանը ծառայեց ու պիտի շարունակէ ծառայել հայ մամուլի ժամանակակից խնդիրները լոյսին բերելու եւ աշխարհագրական տարբեր պայմաններու մէջ գործող մամուլի գործիչներուն միջեւ կամարներ ստեղծելու կարեւոր աշխատանքին:

«Ազդակ»-ի այս տարուան կարեւոր աշխատանքներէն նկատուեցաւ ոչ միայն Սուրիոյ տարածքին բռնկած դէպքերը օրը օրին ներկայացնելը, այլեւ յատկապէս սուրիահայ մեր համայնքի ապրած առօրեան իր տարբեր երեսներով առարկայօրէն հայ ընթերցողին հասցնելու պարտականութիւնը: Եւ այստեղ եթէ մէկ կողմէ կար լրագրական արհեստավարժութեան հետ կապուած աշխատանքին պահանջուած կշռոյթը պահելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ սուր կերպով կը զգացուէր դէպքերու ճիշդ լուսաբանման, ողջմիտ մեկնաբանութեան եւ յատկապէս գերտէրութիւններու հարթիչ քարոզչամեքենաներուն տակ չիյնալու զգօնութեան խնդիրը: Ու տակաւին ապատեղեկատուութիւնը մաքրազտելու, իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու արտադրութիւններուն դիմաց կարելի առարկայականութիւնը պահելու, բայց մանաւանդ համայնքի իրողական պատկերը ներկայացնելու վարքագիծը: Այս պարունակին մէջ «Ազդակ» բազմիցս ի՛րը սեպեց հայկական կայքէջերու թողարկած անճշդութիւնները հերքելու, ապատեղեկատուութեան ծուղակը ինկած տուեալ լրատուամիջոցին հետ կապ հաստատելու եւ իրականութեան համապատասխանող լուրը փոխանցելու, հերքումներ կատարելու, անհրաժեշտ լրատուութիւնները շրջանառութեան մէջ դնելու գործը: Մեր այս աշխատանքը «Ազդակ»-ին ապահովեց տեղեկատուական հաւաստիութեան ընկալում: Փաստօրէն, հայկական լրատուամիջոցներէն շատեր սուրիահայութեան վերաբերող որեւէ զգայացունց լուր նախընտրեցին ստուգել «Ազդակ»-ին հետ, նախքան անոր հրապարակումը: Սուրիահայութեան վերաբերող լուրերու արագահոս ընթացքը շարունակելու նախադրեալները կան անշուշտ: «Ազդակ» Սուրիոյ պատասխանատու մարմիններու տեղեկատուական բաժանմունքին հետ համագործակցաբար այս աշխատանքը շարունակելու անհրաժեշտութեան առջեւ է բացուող տարուան շեմին:

«Ազդակ»-ի անցնող տարին յատկանշուեցաւ նաեւ մեր խմբագիրներու գործուղումներով: Օտար լրագրողներու ընկերակցութեամբ թէ մամուլի խորհրդաժողովներու մասնակցութեամբ մեր խմբագիրները առիթ ունեցան կապ հաստատելու հայ թէ օտար լրագրողներու հետ, որոնց հետ համագործակցութիւնը առիթ ծառայեց «Ազդակ»-ի առաքելութեան բացատրութեան, ծանօթացման եւ մեր թերթի շօշափած տարբեր խնդիրներու փոխանցումին: «Ազդակ»-ի երիտասարդ լրագրողները կը շարունակեն մասնակցիլ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու պատրաստութեան ծրագիրներուն, որոնք ունին թէ՛ տեսական-դասախօսական եւ թէ՛ գործնական-վարժողական բաժիններ:

Անցնող տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի հիմնական կայքին եւ անոր արաբերէն տարբերակին առընթեր յատուկ աշխատանք կեդրոնացուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գրաւելու եւ «Ազդակ»-ի նիւթերը այդ ճամբաներով տարածելու աշխատանքին վրայ: Աշխատանքը տուաւ իր արդիւնքը` բազմապատկելով «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային տարբերակի ընթերցողներու թիւը: «Ֆէյսպուք»-ն ու «Թուիթըր»-ը իրենց գործը կատարած էին փաստօրէն: Այսօր արդէն «Ազդակ մոպայլ»ը կ՛երեւի բջիջային հեռախօսներու նորագոյն տարբերակները օգտագործողներուն մօտ:

2012-ը տասնամեակն էր «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հիմնադրութեան: Տարուան յոբելենական շեշտ տալու համար «Ազդակ» կազմակերպեց յատուկ մրցանք հայոց պատմութեան գիտելիքներու: Առաջին մրցանակին արժանացածները առիթը ունեցան մէկ շաբթուան տեւողութեան մեկնելու Հայաստան եւ այնտեղ հետեւելու դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի: Այս մէկը եւս տարին յատկանշող նախաձեռնութիւն էր` մեր վաղուան ընթերցողներն ու աշխատակիցները հայրենիքին հետ կամրջելու եւ տեսական գիտելիքը տեղւոյն վրայ գործնականով ամրագրելու տեսակէտէն:

85-ամեակը նաեւ մեր թերթին համար կը յատկանշուի խմբագրատան ընդհանուր վերանորոգման նախաձեռնութիւններով: Նախքան յոբելենական տարուան աւարտը «Ազդակ»-ը կ՛օժտուի հիմնովին վերանորոգուած խմբագրասենեակներով, ժողովասենեակներով, գրադարանով, վարչական, քարտուղարական եւ յարակից բաժիններով: Մանաւանդ` արխիւային թուայնացման աշխատանքը ապահովող համապատասխան յարմարութեամբ:

Այս բոլորը գուցէ իրականանային որեւէ ընթացիկ տարուան ընթացքին եւ ոչ թէ յոբելենական ներշնչումներով բացառապէս: Յոբելեանը պարզապէս մամուլի պատմութեան մէջ շարունակականութիւն կերտելու ընթացքին մէջ շրջադարձ հանդիսանալու կոչուած տարեթիւ է: Մնացեալը (եւ հիմնականը անշուշտ) անմնացորդ աշխատանքն է, որ տարած են «Ազդակ»ի նախկին նուիրեալները եւ որոնց թողած ժառանգութիւնը հարստացնելու եւ գործը պատուով շարունակելու հրամայականին առջեւ ենք մենք եւ մեր յաջորդները:

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական

Տպել Տպել