Հարցազրոյց` Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու օժանդակութեան պատասխանատուներու հետ

Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն պատճառով Լիբանան ապաստանած են մեծ թիւով սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք կարիքը ունին տարբեր տեսակի օժանդակութիւններու եւ նեցուկի: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ամիսներէ ի վեր լծուած է աշխատանքի` անհրաժեշտ օժանդակութիւններու ապահովման եւ կազմակերպման համար: Այս մասին, վերջերս մամուլին մէջ լոյս տեսաւ հաղորդագրութիւն մը, որ ամփոփ ներկայացումը կատարեց ցարդ կատարուած աշխատանքին:

Նկատի ունենալով կատարուած աշխատանքին տարողութիւնը եւ կարեւորութիւնը` «Ազդակ» եւ «Վանայ Ձայն» միացեալ հարցազրոյցով մը փափաքեցան մօտէն իրազեկ դառնալ սուրիահայ ընտանիքներու օժանդակութեան մանրամասնութիւններուն եւ գալիք օրերուն այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն: Այս նպատակով կազմակերպուեցան կլոր սեղանի բնոյթով երկու հարցազրոյցներ` աշխատանքին մասնակից պատասխանատուներուն հետ:

Այսօրուան մեր թիւով կը ներկայացնենք առաջին կլոր սեղանին հարցազրոյցը, որուն մասնակիցները եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ եւ Ազգային ծերանոցի տնօրէն, պատուելի Սեպուհ Թերզեան:

Յառաջիկային` երկրորդ կլոր սեղանի մասնակիցներուն հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս ծնունդ առին սուրիահայ ընտանիքներու օժանդակութեան աշխատանքները եւ ի՞նչ ձեւով կատարուեցան անոնք:

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Սուրիոյ տագնապը նոր չէ: Երկու ամիսէն ան կը բոլորէ իր երկրորդ տարին: Տագնապը ունեցաւ քանի մը հանգրուան: Անկասկած ամէնէն արիւնալին եւ ծանրակշիռը եղաւ վերջին հանգրուանը, որ կրակէ օղակի մէջ առաւ Սուրիոյ բազմաթիւ շրջանները, որոնց կարգին` հայաշատ Հալէպ քաղաքը, ուր մենք ունինք կենսունակ, կազմակերպ եւ մեծաթիւ գաղութ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն տագնապին առաջին օրերէն իսկ մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ դէպքերու զարգացումներուն` պատրաստուելով հաւանական բոլոր ձեւի զարգացումներուն: Այս իմաստով մնայուն խորհրդակցութիւններ կատարուեցան Սուրիոյ պատասխանատու մարմիններուն եւ Բերիոյ թեմի իշխանութիւններուն հետ: Երբ դէպքերը զինուորական բնոյթ ստացան, սաստկացան եւ արիւնալի դարձան, ստեղծուեցաւ այն մտավախութիւնը, որ մեծաթիւ հայութիւն կրնայ զանգուածային ու անակնկալ կերպով Լիբանան դիմել: Հետեւաբար, անցնող ամրան մշակուեցաւ ծրագիր մը` նման անակնկալի պատրաստ ըլլալու համար: Ծրագիրը կը նախատեսէր մեծաթիւ գաղթականութեան համար անմիջական բնակութեան վայրերու ապահովում` ազգային-կուսակցական օգտագործելի մեր կառոյցներուն մէջ, նաեւ` անհրաժեշտ սննդամթերքի, կենցաղային իրերու ապահովում յիշեալ գաղթականներուն: Առնուեցան նաեւ կրթական եւ առողջապահական հաւանական հարցերու լուծման որոշ քայլեր:

Սուրիահայ ընտանիքները Լիբանանի մէջ պատսպարելու աշխատանքը Կեդրոնական կոմիտէին համար ներկայացաւ իբրեւ համահայկական պարտաւորութիւն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն սուրիահայութիւնը սիրայօժար իր դռները բացած էր լիբանանահայութեան դիմաց: Այժմ կարգը մերն էր, տագնապահար սուրիահայերու հետ ըլլալու եւ անոնց դժուարութիւններու յաղթահարման մեր անվերապահ աջակցութիւնը բերելու: Ամրան մշակուած ծրագիրը, բարեբախտաբար, մնաց դարակներու մէջ, եւ մենք կարիքը չունեցանք ահազանգային պայմաններու մէջ գործելու:

Աշնան` սեպտեմբերին եւ յատկապէս հոկտեմբերին, դպրոցական վերամուտի նախօրեակին, ստեղծուեցաւ նոր կացութիւն: Մենք ականատես սկսանք դառնալ ալիք առ ալիք Լիբանան հասնող մեծաթիւ ընտանիքներու, որոնց առաջին եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը բնակարանի մը ապահովումն էր: Սուրիահայ ազգայիններ կը դիմէին Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ եւ շրջաններու մեր ակումբները` տուն գտնելու համար: Այս ուղղութեամբ կատարուեցաւ կարեւոր աշխատանք թէ՛ կոմիտէութիւններու ճամբով, թէ՛ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան բնակարանային ցանկերուն միջոցով եւ թէ՛ Հայկ. երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, վարձու տուներ ապահովելու համար մեզի դիմողներուն: «Ազդակ» եւ «Վանայ Ձայն» իրենց յայտարարութիւններով մեծապէս նպաստեցին այս աշխատանքին:

Հաստատուելէ, տուն-տեղ ըլլալէ ետք, այս ընտանիքները դիմագրաւեցին կրթական հարց: Վերամուտի նախօրեակին աշակերտները պէտք էր դպրոց յաճախէին: Հոս եւս աշխատանքը տուաւ իր բարերար արդիւնքը. Ազգային իշխանութեան որոշումով` սուրիահայ աշակերտները նկատուեցան լիբանանահայ աշակերտներուն համազօր, այսինքն որոշուեցաւ ոչ մէկ աշակերտ նիւթականի պատճառով դուրս ձգել հայ դպրոցէն: Նոյնը կատարեցին հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական վարժարանները եւ գաղութի կրթական բոլոր կառոյցները իրենց դռները լայնօրէն բացին սուրիահայ աշակերտներու դիմաց, յաճախ գրենականի եւ տարազի օժանդակութիւններ եւս կատարելով անոնց: Այսօր աւելի քան 500 սուրիահայ աշակերտներ կրթական իրենց տարեշրջանը կը բոլորեն Լիբանանի մէջ: Կրնաք պատկերացնել, թէ որքան աջակցութիւն կը ցուցաբերեն մեր վարժարանները այս գծով, այն պահուն, երբ իրենք կը տառապին նիւթական մեծ դժուարութիւններէ: Կայ նաեւ հարցին միւս երեսը` կրթականը, որուն համար եւս կը տարուի որոշ աշխատանք: Սուրիահայ աշակերտներուն կրթական դժուարութիւնները լուծելու համար կը կատարուին զանազան նախաձեռնութիւններ. տեղ մը կը կազմակերպուին անգլերէնի յատուկ դասընթացքներ, այլ տեղ կը ստեղծուին սերտարաններ, կը կազմակերպուին ժամանցի հանդիպումներ եւ, այսպէս, ամէն ճիգ իր գործ կը դրուի զանոնք նոր միջավայրին ընտելացնելու համար: Շնորհակալ պէտք է ըլլալ մեր կրթական պատասխանատուներուն եւ յատկապէս ուսուցիչներուն` այս հանգրուանին իրենց ցուցաբերած լայն հոգատարութեան եւ համբերատար աշխատանքին համար:Souriahayer1
Հ.- Մամուլին մէջ հրատարակուած հաղորդագրութենէն իմացանք, թէ Կեդրոնական Կոմիտէի հսկողութեամբ ստեղծուած է մարմին մը` սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային-առողջապահական կարիքներով զբաղող, ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին:

Վ. Ա.- Բնակարաններու ապահովումէն եւ կրթական գործի կազմակերպումէն ետք, անցնող երեք ամիսներուն սեղանի վրայ ներկայացան սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային, առողջապահական եւ հիւանդանոցային հարցերը, մանաւանդ որ այդ ընտանիքներէն շատերը անգործ էին եւ բաւարար միջոցներ ու ծանօթութիւններ չունէին իրենց դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերը լուծելու համար: Ազգային առաջնորդարանի «Հայ Ճոպ»-ի ծառայութիւնը եւ երեսփոխանական գրասենեակը նկատելի ճիգ թափեցին դիմողներու գործ ապահովելու համար, սակայն պահանջը եղաւ շատ մեծ:

Անշուշտ, Լիբանան ապաստան գտան նաեւ բարեկեցիկ պայմաններով ապրող սուրիահայեր, որոնք այս իմաստով հարցեր չունեցան: Բարեսիրական միութիւններու դիմողները, առհասարակ, օրը-օրին ապրող ազգայիններն են, կամ այն ընտանիքները, որոնք ահագին կորուստներ ունեցած են Հալէպի վերջին դէպքերուն եւ այսօր մատնուած են լուրջ դժուարութիւններու:

Այս առիթով պէտք է խոստովանիլ, որ լիբանանեան պատերազմին չարիքը մեզի տուած է բարիք մը` բարեսիրական մեր միութիւններուն կազմակերպ եւ անձնուէր աշխատանքը: Երբ սուրիահայ ազգայիններ բախեցին մեր միութիւններուն դռները, ըլլա՛յ ԼՕԽ, Ճինիշեան, առաջնորդարան, Գարակէօզեան, կաթողիկէ թէ աւետարանական համայնքներու ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ, բոլորը անխտիր ընդառաջեցին շատ արագ: Բոլորը եղան իրենց առաքելութեան եւ դերակատարութեան առաւելագոյն գիտակցութեան մէջ եւ կատարեցին ու կը կատարեն շնորհակալ գործ:

Բարեսիրական աշխատանքներուն չափն ու ծաւալը երբ մեծցան, Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց ստեղծել գաղութին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներէն մարմին մը` գիտնալու համար նախ, թէ ո՞վ, ո՞ւր, ի՞նչ աշխատանք կը կատարէ: Պէտք էր ամբողջական պատկերացում մը ունենալ սուրիահայ մեր ազգայիններու ընդհանուր կարիքներուն մասին եւ այդ գծով հետապնդել մեր աշխատանքները: Նաեւ` պէտք էր դիւրացնել կարիքաւորներուն գործը, որպէսզի անոնք չստիպուէին մէկ առ մէկ բարեսիրական մեր բոլոր միութիւններուն դռները զարնել: Իսկ ամէնէն կարեւորը, նիւթականի, մարդուժի եւ ժամանակի խնայողութեան մտահոգութեամբ, նման մարմին մը պիտի մէկտեղէր բարեսիրական միութիւններ դիմող պարագաներուն տուեալները, անոնց տրամադրուած օժանդակութիւնները եւ ըստ այնմ պիտի հետեւէր կատարուած ու կատարուելիք աշխատանքին: Կար նաեւ անշուշտ գործակցութեան պահանջը: Կարգ մը բարդ պարագաներու բժշկական-առողջապահական հարցերը չէին կրնար լուծուիլ մէկ կամ երկու միութեան ճիգերով: Այս պարագային կը կատարուէր բոլոր միութիւններու ճիգերու մէկտեղում` առանց համայնքային որեւէ խտրութեան:

Հ.- Քանի՞ ամիսէ ի վեր կը գործէ այս մարմինը եւ ինչո՞ւ ցարդ անոր գործունէութեան մասին չէ խօսուած հրապարակային ձեւով:

Վ. Ա.- Մարմինը կը գործէ երեք ամիսէ ի վեր: Ան շաբաթական դրութեամբ կը գումարէ իր ժողովները եւ օրը-օրին իր աշխատանքներուն մասին կը տեղեկագրէ Կեդրոնական կոմիտէին: Սկզբնական օրերուն մենք չփափաքեցանք խօսիլ մարմնի աշխատանքներուն մասին, որովհետեւ ուզեցինք հանրութեան ներկայանալ մեր աշխատանքներուն լաւապէս կազմակերպումէն ետք: Այսօր մեր աշխատանքները այլեւս մտած են հունի մէջ, եւ մենք կրնանք յստակ պատասխան տալ մեզի դիմող իւրաքանչիւր պարագայի, թէ ճիշդ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կրնայ դիմել` իրեն վերաբերող օժանդակութիւնը ստանալու համար:

Օժանդակութիւններու հարցը ունի նաեւ այլ նրբութիւն մը: Միշտ պէտք է զուսպ ըլլալ այս հարցին մէջ եւ շահարկումի նիւթ չդարձնել մեր կատարածը` չվիրաւորելու համար արժանապատուութիւնը օժանդակութիւն ստացողներուն, որոնք երբեք պիտի չուզէին օրին մէկը այս կացութեան մատնուիլ: Այլ հարց, որ մենք մեր պարտականութիւնն է, որ կը կատարենք: Ծանուցումի եւ աղմուկի պէտք չկայ: Աշխատանքը կը կատարուի իր բնական չափով եւ երբեք պէտք չէ այն տպաւորութիւնը ունենալ, որ գաղութի կարելիութիւնները այնքան մը հսկայական են, որ կրնան Լիբանան ապաստան փնտռողներու բոլոր պահանջները բաւարարել: Souriahayer2
Հ.- Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը այսօր ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ, ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի եւ ինչպէ՞ս բաժնած է իր աշխատանքը:

ԱՆԻ ԳԱԼՈՒՍՏ.- Դէպքերուն սկիզբը, նախ փոքր թիւով սուրիահայ ընտանիքներ սկսան դիմել հայ կաթողիկէ եկեղեցիներ: Պատրիարքութեան կողմէ շատ արագ որոշում տրուեցաւ օգնելու անոնց: Մեր մօտ եկող ընտանիքներուն թիւը 45 էր, եւ մենք մէկ առ մէկ ընդունեցինք զանոնք: Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութիւնը շատ շուտ որոշում տուաւ սուրիահայ իւրաքանչիւր ընտանիքի գումար մը յատկացնելու: Այս աշխատանքը կատարելէ ետք մտածուեցաւ երկրորդ հանգրուանի աշխատանքին մասին: Աշխատանք թափեցինք հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին հետ, յաջողեցանք գումար մը գոյացնել եւ սուրիահայ ընտանիքներուն ծածկոցներ ու անձեռոցներ ապահովել: Ասոր կողքին, որոշում տրուեցաւ ընդլայնել աշխատանքի մեր գործելադաշտը եւ չսահմանափակուիլ կաթողիկէ ընտանիքներով: Հետեւաբար կապուեցանք Գարակէօզեան հաստատութեան, որ շատ մեծ աշխատանք կը ծաւալէ սուրիահայ մանուկներուն օժանդակելով` դպրոցական եւ գրենական պիտոյքներու ապահովման իմաստով: Գարակէօզեանէն առինք ընտանիքներու մասին տեղեկութիւններ, որպէսզի սերտենք կարելիութիւնը անոնց ալ օգտակար դառնալու: Յաւելեալ 20 ընտանիքներ յանձն առինք եւ օգտակար դարձանք: Երրորդ օժանդակութիւն մը կատարեցինք Նոր տարուան օրը. հեռաձայնով մեր դարմանատունը հրաւիրեցինք սուրիահայ ընտանիքներ եւ անոնց փոխանցեցինք նիւթական շօշափելի օժանդակութիւններ:

Գարակէօզեանը, Ճինիշեանը, ԼՕԽ-ը, առաջնորդարանը, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները պատրաստած են միացեալ ցանկ մը, որուն հիմամբ կը կատարուի աշխատանք: Օտար միութիւն մը` «Pontifical mission» կը փափաքի սուրիահայ առաքելական ընտանիքներուն օգտակար դառնալ, ինչ որ մեծ ուրախութիւն է մեզի համար: Այս միութեան ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին հետ, եւ յոյսով ենք, որ դրական արդիւնքի կը հասնինք:

Հ.- Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ աշխատանքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ: Ընտանիքները իրե՞նք կը դիմեն ձեզի:

Ա. Գ.- Այո՛, ընտանիքները իրենք կը դիմեն մեզի: Մեծամասնութիւնը Նոր Գիւղի շրջանի բնակիչներ են: Սկիզբը անոնք տուն վարձելու բաւական դժուարութիւն ունէին: Մեր մօտ եկած 45 ընտանիքներէն 25-ը արդէն տուն վարձած են: Կան պարագաներ, որոնք քանի մը ընտանիք միասնաբար տուն վարձած են, ուրիշներ իրենց ազգականներուն տունը ապաստան գտած են: Հարց է, որ մինչեւ ե՞րբ այդ ազգականները պիտի յաջողին զանոնք հիւրընկալել: Տակաւին կը շարունակուի նոր ընտանիքներու ժամանումը եւ արձանագրութիւնը մեր մօտ:

Հ.- Աւետարանական համայնքն ալ ձեռնածալ չմնաց Սուրիոյ դէպքերուն ի տես, ձեր կարգին ի՞նչ օժանդակութիւններ կը տրամադրէք սուրիահայ ազգայիններու: Դուք ինչպէ՞ս կատարած էք աշխատանքներու բաժանումը:

ՊԱՏՈՒԵԼԻ ՍԵՊՈՒՀ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Մեր աշխատանքը բաժնուեցաւ երեք մակարդակի: Առաջինը` կատարուեցաւ միջհամայնքային, միջբարեսիրական աշխատանքներու միջոցով: Բարեսիրական այլ միութիւններու հետ, առաջին հերթին, կատարեցինք մարդահամար, որպէսզի ճշդուին թիւերը Լիբանան հասած սուրիահայ ընտանիքներուն: Յստակացան ընտանիքներու անդամներուն թիւը, զաւակներուն թիւը, անոնց դպրոցական կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ` բնակարանային պայմանները (բնակեցման վայր, շրջան եւ այլն): Գնահատելի է, որ Գարակէօզեան հաստատութեան մէջ ընկերային ծառայող մը լծուած է այս աշխատանքին եւ բոլոր տուեալները իր մօտ կը գտնուին: Իւրաքանչիւր միութիւն իր ցանկը կը ղրկէ հոն, որպէսզի կեդրոնացեալ աշխատանք ըլլայ եւ մէկ ցանկ ունենանք:

Երկրորդ, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը իր կեդրոնական մարմինով եւ նախագահով սկիզբէն կը հետեւէր կացութեան, կապի մէջ էր սուրիահայութեան եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, յատկապէս` Հալէպի հետ: Մեր գործնական օժանդակութեան թեւը եղաւ ընկերային ծառայութեան յանձնախումբը, որուն աշխատանքը եղաւ ընկերային գործիչներու միջոցով մօտէն հետեւիլ ընտանիքներու կացութեան: Կարգ մը ընտանիքներ իրենք ներկայացան գրասենեակ. անոնցմէ ոմանց ուղղութիւններ տրուեցան, թէ ո՛ւր կրնան դիմել եւ ինչի՛ համար: Միացեալ աշխատանք տարուեցաւ ընկերային ծառայութեան եւ աւետարանական վարժարաններուն միջեւ` աշակերտներուն թիւերը արձանագրելով, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց ալ օգտակար դառնալ:

Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, ասիկա վարժարաններուն համար դժուարութիւն կը ներկայացնէր. այսքան մեծաթիւ աշակերտներ տեղաւորել վարժարաններու մէջ եւ անոնց ապահովել դպրոցական կարիքներ: Բաւական դասաւորում կատարուեցաւ եւ արդէն անոնք կը յաճախեն դպրոց: Ոմանք կը մնան Այնճարի գիշերօթիկը` առիթ տալու համար իրենց ծնողներուն գործ գտնելու: Այսպիսով, ծնողներու միտքը հանգստացած է, որ իրենց զաւակները ապահով ապաստան գտած են գիշերօթիկի մէջ: Աշխատանք տարուեցաւ նաեւ եկեղեցիներու ճամբով: Անցնող ամիսներուն եկեղեցի յաճախողներուն թիւը աճ արձանագրեց, ինչ որ լաւ երեւոյթ է: Եկեղեցիները իրենց կարգին ողջագուրեցին եւ սէր ցոյց տուին սուրիահայ ընտանիքներուն հանդէպ:

Երրորդ մակարդակով` աշխատանք տարուեցաւ Թրատի ընկերային ծառայութեան մեր կեդրոնին մէջ: Կեդրոնը օժանդակութիւններու 278 տուփիկներ բաժնեց սուրիահայ ընտանիքներու: Այս տուփիկները կը պարունակէին հիմնական կարիքներ, ուտեստեղէն: Ասիկա կատարուեցաւ Գարակէօզեան հաստատութեան հետ գործակցաբար: Մենք իրենցմէ առինք կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը: Հարկ է նշել, որ եկեղեցական եւ ոչ եկեղեցական կազմակերպութիւններ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին օգտակար դառնալու այս աշխատանքին: Մեր թիւերն ու տուեալները շատ օգնեցին, երբ մենք իրենց ծրագիրներ ներկայացուցինք: Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը այժմ կը գործակցի եկեղեցական օտար կազմակերպութեան մը հետ, որ կ’ուզէ քանի մը հանգրուանով օժանդակել մեզի: Այս ծրագիրէն կրնան օգտուիլ մօտաւորապէս 50 ընտանիքներ` առանց համայնքային խտրութեան եւ ըստ կարիքի: Այդ օգնութիւնը ամսական դրութեամբ պիտի բաժնուի ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն: Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբը կ’աշխատի նաեւ դպրոցականներու հետ` յետմիջօրէի սերտարաններ կազմակերպելով: Սուրիահայեր միացած են այս սերտարաններուն, եւ մեր ուսուցիչներուն թիւը աւելցած է: Տեղի կ’ունենան նաեւ շաբաթօրեայ զբաղումներ` սուրիահայ փոքրիկները ուրախացնելու նպատակով: Կարգ մը ընտանիքներ աւելի կարիքը ունին օժանդակութեան, մանաւանդ երբ մէկ տան մէջ կը բնակին մէկէ աւելի ընտանիքներ:

Հիմնական հարցը կը մնայ անգործութիւնը, որուն պատճառով կարգ մը ընտանիքներ կը ստիպուին այլ ընտանիքներու հետ տուն վարձել կամ իրենց բարեկամներուն եւ ազգականներուն տունը մնալ: Մեզի կը դիմեն գործի հարցով, եւ մենք կը փորձենք յարմար գործեր գտնել անոնց, որպէսզի կարենան եկամուտ ունենալ եւ քիչ մը անկախ ըլլալ: Երբեմն կը յաջողինք, երբեմն` ոչ: Անյոյս չենք եւ դրական ձեւով կը մօտենանք այս հարցին, միշտ մեր մտքին մէջ ունենալով այն, որ սուրիահայութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը իրարմէ անբաժանելի մասնիկներ են: Մենք կը փափաքինք, որ անոնք ետ վերադառնան իրենց կեանքին, գործերուն եւ վերականգնեն իրենց գաղութը:

Հ.- Մենք ծանօթացանք միջբարեսիրական մարմինին կատարած աշխատանքներու մէկ մասին: Ի՞նչ են մարմինին մօտիկ ապագայի ծրագիրները եւ ինչպէ՞ս պիտի ընթանան աշխատանքները:

Վ. Ա.- Սուրիահայութեան օժանդակութեան առաջին հանգրուանի աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին: Միջբարեսիրական մարմինը կատարած է ու կը կատարէ լաւ աշխատանք, սակայն հասած ենք տեղ մը, ուր աշխատանքը այլեւս կարելի չէ առանձինն յառաջ տանիլ, որովհետեւ երկար ժամանակի վրայ բարեսիրական այս միութիւնները չեն կրնար գոհացնել օրէ օր բազմացող այլատեսակ կարիքները բազմահարիւր ընտանիքներու: Հետեւաբար ձեռնարկած ենք աշխատանքի երկրորդ հանգրուանին եւ կապեր հաստատած ենք լիբանանեան պետական եւ ոչ կառավարական մարմիններու, ինչպէս նաեւ միջազգային կարգ մը կազմակերպութիւններու եւ, առաջին հերթին, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմինին հետ (UNHCR- United Nations High Commissioner for Refugees), որպէսզի կարենանք Լիբանան ապաստանած սուրիահայերը իբրեւ գաղթականներ արձանագրել տալ ՄԱԿ-ի յիշեալ մարմինին մօտ եւ արձանագրութենէ ետք` ստանալ համապատասխան օժանդակութիւններ: Այս իրագործելու համար պէտք եղաւ ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք: Աշխատանքը իր արդիւնքը տուաւ, եւ 14 յունուարին սուրիահայ առաջին 12 ընտանիքները արձանագրուեցան UNHCR-ի մօտ:

Հ.- Ի՞նչպէս կը կատարուի UNHCR-ի մօտ արձանագրութիւնը: Արձանագրուողները ի՞նչ օժանդակութիւններ կը ստանան:

Վ. Ա.- UNHCR-ի մօտ կ’արձանագրուին Սուրիայէն Լիբանան ապաստան գտած բոլոր գաղթականները, արաբ թէ հայ: Մենք այս իմաստով արդէն ուշացած ենք. սակայն աւելի լաւ ուշ, քան` երբեք: Արձանագրուելու համար նախ պէտք է ընտանիքով դիմել Գարակէօզեան հաստատութիւն, ուր կը գործէ սուրիահայերով զբաղող մնայուն գրասենեակ մը: Գրասենեակը ընտանիքին համար UNHCR-էն կ’ապահովէ ժամադրութիւն: Ժամադրութեան օրը արձանագրուողները Գարակէօզեանի միջոցներով կը փոխադրուին արձանագրութեան կեդրոն եւ 20 վայրկեաննոց հանդիպումէ մը ետք կ’արձանագրուին եւ կ’ունենան իրենց յատուկ քարտը: Այդ քարտին շնորհիւ` ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ամսական կը ստանայ 31 տոլարի սննդեղէնի գնման կտրօն մը Պուրճ Համուտի խանութներէն: Առաւել, ենթակաները 85 առ հարիւրի զեղչ կը ստանան դարմանատնային եւ հիւանդանոցային կարիքներ ունենալու պարագային: Զեղչը կը ստանան յատկապէս ճշդուած դարմանատուներու եւ հիւանդանոցներու կողմէ: UNHCR կ’օգնէ տան վարձքերու եւ կը տրամադրէ կենցաղային կարգ մը իրեր (վառարաններ, խոհանոցային սպասներ եւ այլն): Հիւանդանոցային անմիջական հարցերու պարագային (ծննդաբերութիւն, անակնկալ արկածներ…) UNHCR կ’օգնէ անմիջապէս, ենթակաները հետագային արձանագրելու դիւրութեամբ: Souriahayer3 Փետրուարին կը սպասուի որ երկու հանգրուանով 50 ընտանիքներ եւս արձանագրուին UNHCR-ի մօտ եւ այսպէս, աշխատանքը պիտի շարունակուի եւ մեծապէս պիտի թեթեւցնէ առայժմ մեր բարեսիրական միութիւններու ուսերուն ծանրացած բեռը: Կը մնայ, որ ընտանիքներ չվարանին արձանագրուելու եւ անյապաղ դիմեն համապատասխան քայլերու` աշխատանքը յաջող աւարտին հասցնելու համար:

Հ.- Բացի միջբարեսիրական մարմինի աշխատանքէն` այլ աշխատանքներ եւս կը տարուի՞ն:

Վ. Ա.- Կայ նաեւ համահայկական մակարդակի տարուող աշխատանք մը: Գաղութը իր մասնակցութիւնը կը բերէ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական աշխատանքներուն: Ինչպէս ծանօթ է, 2012-ի ռատիոթոնի հանգանակութենէն 100 հազար տոլարի գումար մը յատկացուեցաւ սուրիահայութեան: Գումարը մաս առ մաս կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճշդած դրամատնային հաշուեհամարին եւ կը տրամադրուի Հալէպի մեր ազգայիններու կարիքներու ապահովման, որովհետեւ մեզի համար նոյնքան կենսական է Հալէպի մեր գաղութին ամուր, կայուն եւ ինքնաբաւ վիճակը, որպէսզի մեր ժողովուրդը չլքէ հայաշատ այս կեդրոնը:

Գաղութային մակարդակի աշխատանքներու կողքին կան անհատական որոշ նախաձեռնութիւններ, որոնք օրէ օր ձիւնագնդակի նման կը մեծնան: Իրատես ըլլալու համար ըսենք, որ այս աշխատանքը մեծ ժամանակի եւ կարելիութիւններու կը կարօտի, եւ մեր գաղութին ճիգերը առանձինն կրնան բաւարար չըլլալ: Աշխատանքի պատրաստակամութիւնը կայ: Կը մնայ ուժերու ամբողջական լարումը, որպէսզի կարելի ըլլայ այս բեռը պատուով շալկել եւ ճակատաբաց ներկայանալ ամբողջ հայութեան` ցոյց տալու համար, որ լիբանանահայ գաղութը հակառակ իր դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն` մեծ պատասխանատուութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ յառաջ կը տանի այս գործը:

Հ.- Կա՞ն անմիջական պարագաներ:

Վ. Ա.- Անցնող երեք ամիսներուն պատահեցան հիւանդանոցային անմիջական բարդ պարագաներ, ծանր հիւանդութիւններ: Շնորհիւ, սակայն, UNHCR-ի հետ մեր կապերուն, հարցերը բարւոք լուծում գտան: Այսօր կարելի է անմիջական որեւէ պարագայ ուղղակի հիւանդանոց մտցնել 85 առ հարիւր զեղչով, մնացեալ 15 առ հարիւրը կ’ապահովեն բարեսիրական մեր միութիւնները:

Հ.- Ձեր մօտ անմիջական պարագաներ եղա՞ն:

Ա. Գ.- Կար երիտասարդ մը, որ սրտի գործողութեան կարիքը ունէր: Միջամտեցինք եւ պետական միջոցներով դասաւորեցինք գործողութեան ծախսերը: Մեր կարգին, երիտասարդին յատկացուցինք գումար մը: Եղան նաեւ ծննդաբերութեան երկու պարագաներ:

Հ.- Արդեօք ծերանոցի պարագաներ ալ եղա՞ն:

Պ. Ս. Թ.- Այո, եղաւ պարագայ մը, որ ընդունուեցաւ ծերանոց: Եղան նաեւ գործի դիմումներ եւ ունեցանք նոր պաշտօնեաներ, նոյնիսկ եթէ կարիքը չկար անոնց, ուզեցինք ենթականերուն օգտակար դառնալ:

Տեղաւորուելէ ետք, սուրիահայերու հիմնական հարցը եկամուտն է: Կը նախատեսենք ընկերային հարցեր, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ ազգականներ, բարեկամներ սիրով ընդունած են սուրիահայեր պարագաները իրենց տուներուն մէջ, կը կարծենք որ ժամանակ մը ետք ընկերային հարցերու դուռ կրնայ բացուիլ: Կը փորձենք նաեւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, ընկերային ծառայողներու միջոցով միջամտել եւ հարցերը լուծել, կարգ մը պարագաներու հիւրընկալ ընտանիքներուն ալ կը փորձենք նիւթական գումարներ յատկացնել:

Հ.- Արդեօ՞ք կայ տեղ մը, ուր կրնան արձանագրուիլ նոր եկող սուրիահայերը եւ հոնկէ սկսիլ օժանդակութիւն ստանալ:

Վ. Ա.- Կարելի է դիմել բարեսիրական մեր բոլոր միութիւններուն: Գործակցութեան լայն ցանց մը ստեղծուած է բոլորին միջեւ եւ տեղեկութիւններու փոխանակումէ ետք բոլոր տուեալները կը կեդրոնանան Գարակէօզեան հաստատութեան մօտ: Կարելի է ուղղակի դիմել այդ գրասենեակը եւ անոր ճամբով արձանագրուիլ UNHCR-ի մօտ` մնայուն եւ երկարատեւ նպաստներէ կարենալ օգտուելու համար:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել