Կը Պահանջեմ Արդարութեա՛ն Լեզուն

Dink-2013-Ankara19 Յունուար 2013¬ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 6-րդ տարելիցին, Պոսթընի «Տի Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան դասախօսութիւն մը տուաւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին:

Թուրք ձախակողմեան մտաւորականներու եւ ակադեմականներու կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին Մուրատեան Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան նիւթը արծարծեց թրքերէն լեզուով:

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք դասախօսութեան ամբողջութիւնը:

***

Խաչիկ Մուրատեան

Խաչիկ Մուրատեան

Թրքերէնը ինչպէ՞ս եկաւ ինծի:

Զայն չսորվեցայ սի. վի.իս վրայ լեզու մը աւելցնելու համար:

Թրքերէնը եկաւ ինծի ծննդեան օրս. չէի խնդրած զայն, բայց նաեւ չէի կրնար մերժել:

Եկաւ` մեծ մօրս ձայնով:

Ձեզի համար թրքերէնը մայրենի լեզու է, ինծի համար` մեծ մօրս լեզուն:

Պապերս Ցեղասպանութենէն վերապրելով` հասան Լիբանան ընչազուրկ, իրենց կեանքը վերակառուցեցին ոչինչէն: Անոնք ծնողներուս կեանք շնորհեցին:

Իսկ երբ ես ծնայ, ինծի տուին մէկը այն քիչ բաներէն, զորս կրցած էին Կիլիկիայէն բերել իրենց հետ` թրքերէնը:
Ձեզի համար թրքերէնը մայրական սիրոյ լեզուն է:

Ինծի համար` մահուան եւ ընչազրկութեան լեզուն:

Իմ թրքերէնս մահուան եւ ընչազրկութեան բեռը կը կրէ` Ատանայէն, Քիլիսէն, Գոնիա Էրէյլիէն եւ Հասանպէյլիէն:

Եւ այսօր առաջին անգամ ըլլալով ամպիոնէ մը այս լեզուն կը խօսիմ:

Այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը վերադարձնեմ մահուան եւ ընչազրկութեան լեզուն:

Եւ փոխարէնը` արդարութեա՛ն լեզուն կը պահանջեմ:

***

Վեց տարի առաջ` այսօր, Պոսթընի մէջ արթնցայ հեռաձայնի զանգով: Մայրս էր` Լիբանանէն:

Հաղորդեց բօթը:

Այդ պահուն միակ բանը, որ կրնայի ընել, նստիլ ու հետեւեալ նամակը գրելն էր:

Սիրելի՛ Հրանդ,

Կը հաւատամ, որ արդէն ջուրը իր հունը գտած է, եւ դուն գտած ես անոնք, զորս մենք կորսնցուցած ենք 92 տարի առաջ:

Քեզմէ խնդրանքներ ունիմ:

Իմ կողմէս ողջագուրէ Գրիգոր Զօհրապը: Ըսէ անոր, որ իր նորավէպերը կը կարդամ ու կրկին կը կարդամ այն օրէն, երբ զանոնք յայտնաբերեցի:

Ողջոյններս փոխանցէ Դանիէլ Վարուժանին: Ըսէ անոր, որ ան իր բանաստեղծութիւններով լուսաւորեց պատանեկութիւնս եւ կը շարունակէ ոգեւորել հոգիս ու էութիւնս:

Հրա՛նդ, մի՛ մոռնար Սիամանթոյին հետ յոյսի երգեր երգելու:

Ըսէ անոնց, որ անոնք մեր դարաններուն վրայ են, անոնք մեր գրասեղաններուն վրայ են, անոնց խօսքերն ու բառերը մեր շրթներուն վրայ են ու հոգիներուն մէջ:

Ըսէ անոնց, որ կը հաւատամ, վստահ եմ` դուն ալ, թէ օր մը անոնք ներկայ պիտի ըլլան նաեւ թուրքերուն դարաններուն, գրասեղաններուն, շրթներուն վրայ եւ` սիրտերուն մէջ:

Օր մը անոնց արձանները, նաեւ` քուկդ, պիտի կանգնեցուին Պոլսոյ մէջ:

Մի՛ մոռնար Կոմիտասին հետ աղօթելու, եւ ըսէ անոր, որ օր մը հայ կիները կրկին պիտի երգեն Անատոլուի գիւղերուն մէջ:

Հաճի՛ս, գտի՛ր մեծ հայրերս: Ըսէ անոնց, որ մենք մեզի հետ կը տանինք իրենց անուններն ու սէրը այն հողին նկատմամբ, զոր երբեք չլքեցին, իսկ մենք երբեք չտեսանք:

Հրա՛նդ, համբուրէ՛ օրհնեալ ճակատները 1915¬ի Մեծ եղեռնի իւրաքանչիւր նահատակի:

Ըսէ անոնց, որ մենք պիտի շարունակենք քալել իրենց երազներուն ճանապարհէն, որովհետեւ իրենց երազները մեր երազներն են:

Ըսէ անոնց, որ անապատները պիտի ծաղկեցնենք իրենց յիշատակներու բուրմունքով:

Ըսէ անոնց, որ Թալէաթէն մինչեւ Սամասթ` մենք վերապրողներ ենք:

Ըսէ անոնց, որ բոլորս Զoհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ, Կոմիտաս եւ Հրանդ ենք:

Սիրով`

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

***

Գրած էի, թէ բոլորս Զoհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ, Կոմիտաս եւ Հրանդ ենք:

Տարիներ անցան: Բայց տակաւին չեմ կրցած հաշտուիլ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսին հետ, զոր հազարաւորներ կրկնեցին Հրանդին թաղման ընթացքին եւ անկէ ետք:

Հրանդին սպանութենէն քանի մը օր ետք, իր յիշատակին նուիրուած դասախօսութեան մը ընթացքին յստակն ու ակներեւը դարձեալ շեշտելու համար չէր միայն, որ ըսի, թէ ո՛չ ոք Հրանդ Տինք է. միայն մէկ հոգի տեսայ այդ մայթին վրայ` երեսն ի վար փռուած: Ան առանձին էր: Այդ օրը ո՞ւր էին միւս բոլոր հրանդ տինքերը:

Այդ վճռորոշ օրէն ետք, չեմ գիտեր` յանցանքի՞, թէ՞ զայրոյթի զգացումով համակուած, Թուրքիոյ մէջ Հրանդը ճանչցողներէն շատեր իրենց ձայնը բարձրացուցին: Բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք Հրանդը չէին ճանչնար, ծանօթացան անոր կեանքին ու մահուան, եւ այդ փոխեց իրենց իսկ կեանքը:

Բայց, զգացումներու եւ մելանի բոլոր զեղումներուն հակառակ, Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ անդին ընդվզումի ալիքին հակառակ, եւ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք»¬ի անդադար կրկնուելուն հակառակ, այսօր Հրանդ առանձին է նոյնքան, որքա՛ն 6 տարի առաջ` այդ մայթին վրայ:

Որովհետեւ արդարութիւնը միա՛կ իսկական դարմանն է այդ մեկուսութեան:

Եւ յանցաւորները կը մնան ազատ:

Ո՛չ ոք Հրանդ Տինք է: Նոյնիսկ ինք` Հրանդ Տինքը, յաճախ իր անձը չէր: Որովհետեւ չէր կրնար լիովին իր անձը ըլլալ` իբրեւ մտաւորական եւ, աւելի՛ն, իբրեւ հայ` Թուրքիոյ մէջ:

Ուրեմն ոչ ոք Հրանդ Տինք է:

Եւ ոչ ոք ալ, ի դէպ, հայ է:

24 ապրիլ 2010¬ին, երբ Պոլսոյ մէջ կը խօսէի խումբ մը մտաւորականներու եւ գործիչներու դիմաց, պատգամը, զոր փորձեցի փոխանցել, հետեւեալն էր. կարելի չէ բաժնեկից զգալ եւ հասկնալ հայուն իրավիճակը, եւ մենք, վերջին հաշուով, կարիքը չունի՛նք անոր:

Թուրքիոյ ազգային տնտեսութիւնը (միլլի էքոնոմի) կառուցուած է մեծաւ մասամբ հայութեան բռնի ընչազրկումին իբրեւ արդիւնք.

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ այսօրուան ուժի անհաւասարութիւնը նոյն այդ ընչազրկութեան արդիւնք է: Եւ այդ ընչազրկութեան բեռը անիմաստ կը դարձնէ ցաւը բաժնեկցելու եւ հասկնալու փորձերը, որքան ալ անկեղծ ըլլան անոնք:

Բայց կա՛յ յառաջընթաց արձանագրելու ուղի: Հայոց տառապանքը հասկնալու համար պէտք է սկսիլ ընչազրկումի գերագոյն կէտէն` Տէր Զօրի աւազներէն:

Եւ իսկական լուծումը կը սկսի այն պահուն, երբ ընչազրկումի լեզուն կը փոխարինուի արդարութեա՛ն լեզուով:

Չխօսի՛նք մեր հասարակաց անցեալին մասին:

Չխօսի՛նք, թէ ինչպէ՛ս թուրքերս եւ հայերս նոյն ճաշերը կ՛ուտենք:

Խաղաղութեան ուղին տոլմայէն չէ, որ կ՛անցնի, այլ` արդարութենէն:

Չխնդրե՛նք ուրիշներէն, որ հայերու եւ Հրանդի բարեկամներ դառնան:

Հոս` այս սրահին մէջ, այս երկրին մէջ եւ աշխարհի տարածքին Հրանդն ու հայերը բազմաթիւ բարեկամներ ունին:

Բայց բնա՛ւ, երբե՛ք բաւարար չէ ուրիշներէն պահանջել հայերու տառապանքին ճանաչումը:

Կարեւորը եւ անյետաձգելին արդարութիւնն է:

Հետեւաբար, այսօր, այստեղ, մահուան եւ ընչազրկութեան լեզուն կը վերադարձնեմ ձեզի:

Եւ փոխարէնը, իմ մեծ մայրերուս եւ մեծ հայրերուս` Խաչատուր եւ Մելինէ Մուրատեաններու, Արտաշէս եւ Աղաւնի Ղարիպեաններու անունով կը պահանջեմ արդարութեա՛ն լեզուն:

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել