Աւելի Քան 1500 Հայորդիներու Ներկայութեամբ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 122ամեակի Տօնակատարութիւնը

ARF-122 ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ Կիրակի, 27 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Կլենտէյլ Հայ Սքուլ»ի հանդիսասրահ եկած էին աւելի քան 1500 հայորդիներ՝ մասնակցելու համար ՀՅԴ 122ամեակի տօնակատարութեան: Բազմաթիւ էր նաեւ թիւը անոնց, որոնք չկարենալով իրենց ինքնաշարժներուն տեղ գտնել սրահին մօտակայքը՝ ստիպուած եղան տուն վերադառնալու: Ներկաներու շարքին էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, շրջանի հայ համայնքի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգներով՝ ՀՅԴ Պատանեկան ուխտերու անդամներէ կազմուած երգչախումբին կողմէ, Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ: Պաշտօնական յայտագիրի բացումը կատարեց շրջանիս յայտնի մտաւորականներէն՝ մանկավարժ ու հրապարակագիր Սարօ Նազարեանը:

Բեմի յարդարումը բաւական իւրօրինակ էր այս տարի: Ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցներու օգտագործումով ներկայացուեցան ՀՅԴի պատմութենէն յատկանշական դրուագներ:

Կենսագրութեան ընկերակցութեամբ բեմականացուած խօսքով հանդէս եկաւ Բալաբէկ Պարսամեան, որ անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմական դերակատարութեան, մատնանշեց կուսակցութեան գործունէութեան կարեւոր հանգրուանները՝ հասնելով մինչեւ մեր ժամանակները:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը երկու լեզուներով փոխանցեց Րաֆֆի Ուրֆալի: Ան արտայայտեց երիտասարդութեան վճռականութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Հայ Դատի աշխատանքները, պայքարելու սպիտակ ջարդին դէմ եւ մշակելու նորանոր ծրագիրներ՝ հայրենիքին աջակցելու համար:

Գեղարուեստական ծրագիրով հանդէս եկան Համազգայինի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, երգիչներ Քրիստափոր Արապեան, Տօննէ եւ Արաքսիա Վարդերեսեան: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Զուարթնոց» պարախումբի ելոյթով, որ շարունակուեցաւ սրահէն դուրս:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, Համազգային Մշակութային Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան: Վաղուան թիւով կը ներկայացնենք Գալստեանի ելոյթի բնագիրը՝ ամբողջութեամբ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որուն ելոյթի բնագիրը եւս ամբողջութեամբ պիտի ներկայացնենք յաջորդիւ:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել