Հարցազրոյց` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայերու Օժանդակութեան Աշխատանքի Պատասխանատուներու Հետ (Բ.)

Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն պատճառով Լիբանան ապաստանած մեծ թիւով սուրիահայ ընտանիքներու նեցուկ կանգնելու եւ օժանդակելու իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին տարած աշխատանքներուն վերաբերող հարցազրոյց մը հրապարակեցինք մեր 23 յունուարի թիւով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նոյն նպատակով «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ Ձայն»-ի կատարած միացեալ երկրորդ հարցազրոյցը, որուն մասնակիցներն են ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, ԼՕԽ-ի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեան, Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեանը:

Leb-Syr-Relief-2

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վստահաբար ԱՖՀԻԼ-ը իր օժանդակութիւնը տրամադրեց Լիբանան ապաստանած սուրիահայերուն եւ ընդառաջեց շտապ պարագաներու` լուծելով հիւանդանոցային հարցերը: Դուք ի՞նչ ձեւով աշխատեցաք` օգտակար դառնալու այս ընտանիքներուն:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- ԱՖՀԻԼ-ին դիմողները ընդհանրապէս հիւանդանոցային շտապ կամ արտակարգ իրավիճակի մէջ գտնուող պարագաներ են, այսինքն այն վիճակի մէջ չեն, որ կանխամտածուած գործողութիւններու պէտք ունին, այլ` անմիջական օգնութեան կարիք ունեցողները. օրինակ` քաղցկեղի, երիկամներ լուալու, վիրաբուժական յատուկ միջամտութեան կամ ծննդաբերութեան արտակարգ վիճակի մը մէջ գտնուողներ են: ԱՖՀԻԼ-ը իր հիւանդանոցային ցանցի միջոցով ունեցած կապերով եւ անշուշտ միշտ համադրելով Երեսփոխանական գրասենեակին հետ` կը սերտէ իւրաքանչիւր անձի կարգավիճակը, կը փորձէ նախ նիւթական խնայողութիւն ապահովել` բոլոր բարեսիրական միութիւններու աջակցութեամբ եւ երկրորդ այդ հիւանդին առողջական հարցերուն անմիջական լուծում տալ եւ տէր կանգնիլ անոր: Հիմնական մեր աշխատանքը կը կայանայ հիւանդանոցային արտակարգ իրավիճակներու մէջ եւ կը միտինք ցոյց տալ, որ սուրիահայերը առանձին չեն, պաշտպանուած են եւ ապահով վիճակի մէջ կը գտնուին, անտէր չեն: Ասիկա է մեր հիմնական առաքելութիւնը: Նշեմ, որ մեր ակնկալածէն շատ աւելի մեծ թիւ անձեր արձանագրուեցան ու դիմեցին մեզի:

Հ.- ԼՕԽ-ը ինչպէ՞ս կարողացաւ օգտակար դառնալ սուրիահայ ընտանիքներուն:

ՎԵՐԺԻՆ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ.- Ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի օգնութիւնը երեք ուղղութեամբ ընթացաւ. առաջինը կատարուեցաւ ընկերային ծառայողներու գրասենեակին միջոցով: Ընկերային ծառայողները մօտէն հետեւեցան մեզի ներկայացող պարագաներուն, սերտեցին, թէ ինչի կարիք ունին (բժշկական, ընկերային): Ընկերային հարցերու պարագային ուղղութիւններ տրուեցան եւ նմանները առաջնորդուեցան դէպի այլ բարեսիրական հաստատութիւններ: Իսկ բժշկական կարիքներու պարագային, ԼՕԽ-ը իր ծառայութիւնները մատուցեց եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ հոգաց նման հարցեր ունեցողներուն: Իսկ մեզի դիմողները ամբողջացուցին համապատասխան հարցարաններ, եւ այդպիսով մենք իրազեկ դարձանք, թէ անոնք ինչի կարիք ունէին` ուտեստեղէն, գործ, տուն, հագուստեղէն: Մեր մօտ հասած հագուստները, խաղալիքները, ծածկոցները բաժնեցինք: Երկրորդ քայլը եղաւ դիմել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի անիկա հիւանդանոցային ծախսերու օժանդակութիւն կատարէ: Իսկ Կաղանդի շրջանին Կազդուրման կայանի մանուկներուն համար կազմակերպուած Նոր տարուան խրախճանքին հրաւիրուեցան նաեւ սուրիահայ մանուկները: Իսկ երրորդ քայլը եղաւ UNHCR ղրկել սուրիահայերը :

Հ.- Բոլորս ալ տեղեակ ենք, որ բոլոր տեղեկութիւնները կը հաւաքուին Գարակէօզեան հաստատութեան մօտ, եւ դուք կ՛ունենաք ամբողջական ցանկը սուրիահայ ընտանիքներու: Ինչպէ՞ս բաժնեցիք ձեր աշխատանքները` օգտակար դառնալու համար այս ընտանիքներուն:

ՍԵՐՈԲ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Այս գործը կատարուեցաւ միացեալ ջանքերով: Կան նաեւ անհատներ, որոնք օգտակար դարձան սուրիահայերուն` թէ՛ հաստատութեան մէջ եւ թէ՛ հաստատութենէն դուրս: Անոնք հերոսներ կը համարուին: Հաստատութիւնը իր դռները բացաւ բժշկական կարիք ունեցող բոլոր սուրիահայերուն, եւ ներկայացողները օգտուեցան մեր բժշկական խնամքներէն: Բոլոր մանուկները պատուաստուեցան: Գարակէօզեան հաստատութիւնը ունի 6 ընկերային ծառայողներ, որոնցմէ մէկը ստանձնեց սուրիահայերու օժանդակութեան համար ստեղծուած յատուկ գրասենեակի աշխատանքը: Սուրիահայեր կրնան դիմել այս գրասենեակը, ինչպէս նաեւ քոյր հաստատութիւններ կրնան կապուիլ հոն, որպէսզի անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ստանան սուրիահայ ընտանիքներուն եւ անոնց կարիքներուն մասին: Հիւանդանոցային հարցերու պարագային կապ հաստատեցինք ԱՖՀԻԼ-ին, Երեսփոխանական գրասենեակին, Ճինիշեան յիշատակին ձեռնարկին ու ԼՕԽ-ին հետ եւ պէտք եղած օգնութիւնները տրուեցան: Կ՛ուզեմ նշել, որ 10 նոր երեխաներ ծնան այս քանի մը ամսուան ընթացքին: Սուրիահայ աշակերտներուն համար ստեղծուեցաւ յատուկ սերտարան մը, ուր անոնք դպրոցէն ետք իրենց դասերը կը սորվին` համալսարանական երիտասարդներու հսկողութեամբ:

Հ.- Կրնա՞ք անդրադառնալ տարուած աշխատանքներուն եւ նպաստներուն:

Ս. ՕՀԱՆԵԱՆ.- Կարիքները եւ կատարուելիք աշխատանքները մեր ակնկալածէն շատ աւելի են: Բարեբախտաբար միացեալ ճիգերով կարելի եղաւ համադրել գործերը: Իւրաքանչիւր միութիւն իր բաժինը ստանձնեց այս աշխատանքէն: Գարակէօզեան հաստատութիւնը կը զբաղի մանուկներով եւ յղի մայրերով: Կազմակերպեցինք նախազգուշական եւ ընկերային հարցերու մասին դասախօսութիւններ` կիներուն համար: Մտիկ կ՛ընենք անոնց կարիքներուն, եւ եթէ կարիք, ըլլայ ընկերային ծառայողի մը հետ կ՛այցելենք անոնց տուները: Սկսանք հայկական դպրոցներ այցելել` տեսնելու համար սուրիահայ մանուկներու վիճակը: Կարիքաւոր ընտանիքներու մանուկներուն կը տրամադրենք կաթ, սննդեղէն, պատուաստ: Կապի մէջ ենք նաեւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս` UNHCR, եւ անոնց հետ յարատեւ գործակցութեան մէջ ենք եւ իրենցմէ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ կը ստանանք:

Հ.- Սուրիահայ ընտանիքները վստահաբար կարիքը ունին նաեւ բնակարանի եւ գործի: Արդեօք եղա՞ն պարագաներ, որոնք դիմեցին Երեսփոխանական գրասենեակ այս կարիքներուն գծով:

ԱՒՕ ԿԻՏԱՆԵԱՆ.- Մեծ թիւով սուրիահայեր կը դիմեն Երեսփոխանական գրասենեակ` բնակարանի եւ գործի համար: Բնակարաններու պարագային մենք ծանուցումի միջոցով լիբանանահայ հայրենակիցներուն դիմեցինք, որպէսզի եթէ վարձու տուներ ունին, մեզ տեղեակ պահեն: Անոնք ներկայացան գրասենեակ եւ կարելի եղաւ այս ձեւով կարգ մը ընտանիքներու բնակավայր ապահովել: Տրուած ըլլալով, որ բնակարանի վարձքերը սուղ են, սուրիահայերուն մեծ մաս մը կը բնակի իր ազգականներուն կամ բարեկամներուն տունը: Ինչ կը վերաբերի աշխատանք ապահովելու, մենք այդ գծով մեծ աշխատանք չենք տանիր: Սակայն լիբանանահայ գործատէրեր հասկցած են, որ իրենք պէտք է տեղ տան սուրիահայերուն եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ: Երեսփոխական գրասենեակը կապ կը հաստատէ պետական հաստատութիւններու, բարեսիրական օտար միութիւններու հետ, որպէսզի հոգայ սուրիահայերու կարիքները: Իսկ մեր կարելիութիւններէն վեր բժշկական ծախսերուն համար մենք կը փորձենք բարերարներու միջոցով, «Կեանք մը փրկենք» կամ «Ձեռք երկարենք» յայտագիրներուն միջոցով օգտակար դառնալ: Հարկ է նշել, որ մեր լիբանանահայ բարեսիրական միութիւնները արդէն իսկ լիբանանահայերու կարիքներուն համար իրենց բոլոր ուժերը սպառած էին: Այսօր բոլորս կրկնապատկուած ուժերով կ՛աշխատինք, որպէսզի լուրջ հարցերուն լուծումներ գտնենք: Մենք սուրիահայերուն առօրեայ հարցերուն չենք կրնար լուծում գտնել, հետեւաբար մեր հայրենակիցները պէտք է հասկնան, որ մենք մեր համեստ կարելիութիւններով կը փորձենք լուրջ խնդիրները լուծել: Պէտք է նշել նաեւ, որ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք, յառաջիկայ օրերուն նաեւ տեղի պիտի ունենան այլ դրամահաւաքներ եւ այլ ծրագիրներ:

Հ.- Խօսելով դժուարութիւններուն մասին` կան սուրիահայեր, որոնք կեցութեան արտօնագրի խնդիրներ ունին: Այսպիսի պարագաներ արդեօք ներկայացա՞ն Երեսփոխանական գրասենեակ եւ դուք յաջողեցա՞ք իրենց այս խնդիրները լուծել:

Ա. ԿԻՏԱՆԵԱՆ.- Պետութիւնը լուծեց այս հարցը, երբ ջնջեց կեցութեան արտօնագիրի հասկացողութիւնը:

Հ.- Հիւանդանոցներու պարագային ինչպէ՞ս կը լուծուին հարցերը:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- Հիւանդանոցները արդէն յատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն սուրիահպատակներուն հանդէպ: Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակին մօտ արձանագրուած սուրիահայերուն, կարգ մը հիւանդանոցներու մէջ 85 առ հարիւրի յատկացում կը տրուի, բայց` ոչ բոլոր հիւանդութիւններուն համար, իսկ միւս 15 տոկոսը բարեսիրական միութիւնները կը հայթայթեն: Սակայն այս հիւանդանոցները չեն հոգար քաղցկեղի վերաբերող ծախսերը: ԱՖՀԻԼ-ը իր մօտ ունի քաղցկեղի համար յատուկ դեղեր, զորս կը տրամադրէ կարիքաւոր սուրիահայերուն: Հետեւաբար հիմնական խնդիրը կը մնայ քաղցկեղի պարագան: ԱՖՀԻԼ-ի միջնորդութեամբ սուրիահայերը կրնան նաեւ օգտուիլ տարբեր հիւանդանոցներու ընծայած զեղչերէն եւ հոգատարութենէն:

Հ.- Վստահաբար ընկերային հարցեր կը ստեղծուին նաեւ, երբ սուրիահայ ընտանիքներ կը հաստատուին լիբանանահայ ընտանիքերուն մօտ: Դուք յաջողեցա՞ք այս ուղղութեամբ օգտակար դառնալ:

Ս. ՕՀԱՆԵԱՆ.- Գարակօզեան հաստատութիւն դիմողներուն թիւը աւելցաւ, եւ մենք բարեբախտաբար ունէինք պատրաստակամութիւնը` անոնց օգտակար դառնալու: Մեր ընկերային ծառայողները ամսական դրութեամբ 300-400 սուրիահայեր կ՛ընդունին` լսելու համար անոնց ընկերային հարցերը եւ լուծելու զանոնք: Առողջապահական հարցերէն անդին կան նաեւ գործի հարցեր: Մենք յաջողեցանք շարք մը սուրիահայերու գործեր ապահովել ազգայիններու միջոցով: Կայ նաեւ բնակարանային հարցը: Կան սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք գտած են բնակարաններ, սակայն անոնք անբնակելի են: Ընկերային ծառայողները կ՛այցելեն այս տուները եւ կը փորձեն լուծել այս խնդիրները:

Հ.- ԼՕԽ-ը ինչպէ՞ս յաջողեցաւ օգտակար դառնալ ընկերային հարցեր ունեցող սուրիահայերուն` իր առօրեայ աշխատանքին եւ դժուարութիւններուն կողքին:

Վ. ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ.- Մեր մօտ արդէն կը ներկայանան մեծ թիւով լիբանանահայեր եւ անոնց կողքին սկսան ներկայանալ նաեւ սուրիահայեր: Մենք մեր կարելիութիւններու ծիրէն ներս, մեր ունեցած պիւտճէին համեմատ կը փորձենք կարգադրութիւններ ընել: Օրինակ` դասախօսական շարքեր կազմակերպուած են եւ ասիկա սուրիահայ կիներու համար փոփոխութեան աղբիւր է:

Հ.- Արդեօք այս Միջբարեսիրական մարմինը նոր ծրագիրներ ունի՞ կամ պիտի շարունակէ՞ նախկին աշխատանքները:

Ա. ԿԻՏԱՆԵԱՆ.- Ծրագիրները կը զարգանան, որովհետեւ մենք ալ տեղեակ կը դառնանք, թէ անոնք ինչի կարիք ունին: Գարակէօզեան հասատութիւնը անոնց օգտակար կը դառնայ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակի մօտ արձանագրելու գծով` անոնց փոխանցելով տեղեկութիւններ եւ յատկացնելով փոխադրամիջոց: Ասիկա շատ օգտակար կրնայ դառնալ սուրիահայերուն, որովհետեւ մեր տրամադրած օժանդակութիւնը կրնայ բաւարար չըլլալ իրենց համար: Մենք աւելի լաւ ձեւով կը կազմակերպուինք օրէ օր: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ, որ անհատներ կամ տարբեր հաստատութիւններ իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրեն, որովհետեւ մեր բարեսիրական միութիւնները առանձին չեն կրնար գոհացնել բոլորին կարիքները: Մենք շաբաթական դրութեամբ կը հանդիպինք եւ կատարուած աշխատանքները, արդիւնքները կը փոխանցենք եւ հետագայ ծրագիրներ կը մշակենք: Սուրիահայ գաղութը այլ գաղութ մըն է լիբանանահայ գաղութին մէջ, եւ մենք պէտք է փորձենք հոգ տանիլ` պահելու համար եւ աշխատանք տանիլ, որպէսզի անոնք վերադառնան իրենց երկիրը:

Հ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք իբրեւ եզրափակիչ խօսք:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ.- Պէտք է նաեւ անդրադառնալ սուրիահայ համալսարանականներուն, որոնք շուտով ընտելացան եւ համակերպեցան լիբանանեան կենցաղին հետ: Կոչ կ՛ուղղեմ, որ այս սուրիահայ երիտասարդները դիմեն մեզի` օգտակար դառնալու համար, որպէսզի մենք աւելի լաւ հասկնանք սուրիահայ ընտանիքները: Անոնք պէտք է ծառայեն իրենց գաղութին: Հետաքրքրական երեւոյթ է, որ սուրիահայեր մաս կազմեցին Համազգային «Քնար» պարախումբին: Բոլոր դժուար պայմաններուն մէջ կան անանուն բարերարներ, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդին գիտակցութիւնը: Հետեւաբար ոչ ոք անտէր չի մնար: Պէտք է աշխատիլ միասնականութեամբ եւ սուրիահայերը անտէր չձգենք:

Վ. ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ.- Կոչ կ՛ուղղեմ այն սուրիահայերուն, որոնք կարիք ունին բժշկական խնամքի, դիմեն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, որ բաց է առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ 4: Կայ նաեւ ընկերային գրասենեակ, որ պատրաստ է մնայուն կերպով զիրենք լսելու:

Ս. ՕՀԱՆԵԱՆ.- Պէտք է ծառայութիւն եւ սէր ցոյց տալ բոլորին: Կոչ կ՛ուղղեմ երիտասարդներուն, որ գան եւ կամաւորաբար աշխատին: Մենք պատրաստ ենք ամէն տեսակի դժուարութիւններ դիմագրաւելու: Արդէն իսկ սկսանք ծրագրել ամառնային դպրոցի աշխատանքները: Միութիւնը զօրութիւն է: Մենք կազմակերպուած գաղութ մըն ենք, ոչ միայն սուրիահայերուն համար, այլ` լիբանանահայերուն համար ալ:

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ–ԷՄՄԻԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել