Արաբական Մամուլի Տեսութիւն` Սուրիոյ Տագնապին Շուրջ Համաձայնութիւն մը Գոյացնելու Հնարաւորութեան մասին

ArabakanMamuliTesutyunԼիբանանեան «ԱլՍապաթ» օրաթերթի (14 Փետր. 2013) յօդուածագիրը կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ արիւնալի տագնապը այժմ անցած է խաղաղ լուծման հանգրուան, նկատի ունենալով, որ բախումները մատնուած են անելի` տագնապը զինուորապէս լուծելու ձախողութեան պատճառով: Դէպի խաղաղ լուծման հանգրուան Սուրիոյ տագնապին թեւակոխումը նաեւ անոր համար է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը անդրադարձած է, թէ կացութիւնը ամէն իմաստով անտանելի դարձած է, ինչպէս նաեւ իմացած, թէ այդ տագնապին համար վճարուելիք գինը շատ մեծ է` ամէն մակարդակի վրայ, յատկապէս մարդկային կորուստի եւ քանդումի առումով: Սուրիական ընդդիմութիւնը անդրադարձած է, թէ մարդկային կորուստներու, բռնութեան, սպաննութեան եւ գործուած սպանդներուն հետեւանքը գալիք ժամանակաշրջանին լուրջ պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ աշխարհի չորս կողմերէն Սուրիա եկած զինեալները քանդեցին եւ պղծեցին երկիրը:

Սուրիոյ տագնապին եւ շրջանային իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւող վերլուծաբաններ յայտնեցին, որ կայ նոր իրականութիւն մը, որ սկսած է կազմուիլ` Սուրիոյ քաղաքական եւ ժողովրդագրական հիւսուածքին կրած տագնապին իբրեւ արդիւնք: Անոնք շեշտեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ճառերով այլեւս կարելի չէ աշխարհին իշխել եւ զինուորական ներխուժումներ կատարել: Ըստ վերլուծաբաններուն Ռուսիոյ զօրութիւնը իր կարգին շրջած է դէպքերուն ուղղութիւնը եւ անհրաժեշտ դարձած է, որ Սուրիոյ տագնապը հրահրող եւ անոր մեղսակցող երկիրներն ու պետութիւնները նահանջեն, նոյնիսկ եթէ անոնք իրենց նահանջը ամօթալի եւ անձնական վարկաբեկում նկատեն: Նոյն վերլուծաբաններուն համաձայն, այդ քայլը փախուստ չունի եւ անհրաժեշտութիւն մը կը նկատուի. անոնք շեշտեցին նաեւ, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի կատարած վերջին յայտարարութիւնը` սուրիական վարչակարգին հետ բանակցելու պատրաստակամութեան իմաստով յստակ տուեալ մըն է, որ կը խորհրդանշէ թէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած քաղաքական եւ զինուորական իրադարձութիւնները պարտադրած են նոր տարազ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ թէ սուրիական ընդդիմութեան եւ այդ ընդդիմութեան զօրակցող պետութիւնները յայտնուած են  պառակտուած իրավիճակի մէջ:

Միջազգային դիտորդներ նկատել կու տան, որ Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Սենթ Փեթերսպուրկի վեհաժողովէն ետք, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար տեղեակ պիտի պահուին, թէ Սուրիոյ տագնապին մէջ անոնց դերակատարութիւնը վերջ գտած է: Նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ պարագան, որ պիտի ստիպուի իր սահմանները փակել դէպի Սուրիա մուտք գործող զինեալներուն դէմ: «Եթէ այս քայլը առնուի, ապա Սուրիոյ տագնապը 90 առ հարիւրով լուծուած կը նկատուի, իսկ ուշ կամ կանուխ այս քայլերը պիտի առնուին», հաստատեցին անոնք: Միջազգային դիտորդներուն համաձայն, արձանագրուած են նաեւ ռուսական-իրանեան քայլեր, որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է Սուրիոյ տագնապը այս հանգրուանին հասցնել, բայց եւ այնպէս տակաւին կարիք կայ աշխատանքի եւ այդ աշխատանքը դէպի որոշ ուղղութիւն մը տանելու:

Ըստ քաղաքական ականաւոր անձնաւորութեան մը, վերոնշեալ քայլերուն կողքին անհրաժեշտ կը նկատէ նշել, որ ամերիկեան-ռուսական բանակցութիւնները վայրկեանի մը համար նոյնիսկ չեն կեցած, ընդհակառակն` անոնք հասած են գրեթէ վերջին հանգրուանին: Ըստ քաղաքական այս անձնաւորութեան, գոյութիւն ունի բեմագրութիւն մը, ըստ որուն, ամիս մը ետք վերջնականացած համաձայնագիր մը պիտի յայտարարուի Արաբական լիկայէն, լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի կողմէ:Այս համաձայնագիրը պիտի ըլլայ նախաձեռնութեան ձեւով եւ պիտի առաջարկուի Սուրիոյ ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուի Սուրիոյ տագնապին մէջ խօսք ունեցող երկիրներուն կողմէ: Համաձայնագիրին մէջ պիտի առաջարկուի Սուրիոյ մէջ զինադուլի յարմար թուական մը, որմէ քիչ ժամանակ ետք պիտի կազմուի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, պիտի կատարուի խորհրդարանական ընտրութիւններ, ապա նախագահական ընտրութիւններ, որմէ ետք` սահմանադրութեան բարեփոխում եւ այլ բարեկարգումներ: Այս ուղեգիծը արդէն իսկ արժանացած է արեւմտեան հաւանութեան, յատկապէս Ֆրանսայի, որ խանդավառ է այս լուծումով եւ աճապարուած` յատկապէս Մալիի դէպքերէն ետք: Սակայն ի՞նչ են առնուելիք մնացեալ քայլերը:

Ծոցի երկիրներուն մօտիկ քաղաքական վերլուծաբաններ կը հաստատեն, որ այդ լուծման յաջորդող քայլերը առաջին հերթին պիտի ըլլան սէուտական եւ քաթարեան գումարներուն կասեցումը, բացի ուահապական կարգ մը միութիւններու կողմէ տրամադրուած գումարները: Աւելի ուշ Թուրքիոյ վրայ ճնշում պիտի բանեցուի, որ ան իր սահմանները փակ պահէ` Սուրիոյ մուտք գործող զինեալներուն դիմաց: Այս քայլերը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ձգեն Սուրիոյ արիւնահեղութեան մեղսակցած թուրք եւ Ծոցի երկիրներու կարգ մը պատասխանատուներուն վրայ, որոնք կրնան նոյնիսկ պաշտօնազրկուիլ: Իսկ զինուորական առումով, սուրիական բանակը կը պատրաստուի բախումներուն յաջորդող հանգրուանին, որուն ընթացքին ան հսկայ նուաճումներ պիտի կարենայ իրագործել` քայիտայի եւ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի հազարաւոր զինեալներուն դէմ:

Լիբանանեան «ԱլՆաշրա» կայքէջի (14 Փետր. 2013) յօդուածագիրին համաձայն, անցնող շաբթուան ընթացքին, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի խորհրդատու յանձնախումբը Գահիրէի մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց սուրիական տագնապը, յատկապէս  սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի նախաձեռնութիւնը, որուն հիման վրայ ան առաջարկած էր Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել: Այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապին լուծման բոլոր կարելիութիւնները, որոնք ամբողջական տեղեկագիրի մը ընդմէջէն պիտի ներկայացուին 20 Փետրուարին տեղի ունենալիք սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նիստին:

Ի՞նչ են սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին ուղղութիւնները: Ցարդ մարմինին մէջ կան երկու տեսակէտներ, որոնցմէ առաջինը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ նիստին ընթացքին Խաթիպի ներկայացուցած նախաձեռնութեան գործադրութեան համար քայլեր որդեգրէ, որպէսզի ան ըլլայ ամբողջական նախաձեռնութիւն մը, իսկ երկրորդը կոչ կ՛ուղղէ այդ նախաձեռնութեան չեղեալ նկատելու եւ զայն չվերակենդանացնելու, որովհետեւ այդ նախաձեռնութիւնը մեռած ծնած է` նկատի ունենալով, որ սուրիական վարչակարգը երկխօսութեան առաջարկը պիտի մերժէ: Այս առումով Ազգային համաձայնական մարմինի անդամներէն մէկը կը հաստատէ, թէ սուրիական վարչակազմը բազմիցս շեշտած է, թէ ինք պատրաստ չէ ազգային երկխօսութիւն կատարելու:Միւս կողմէ, Ազգային համաձայնական մարմինի անդամ Լուայ Սաֆի դիտել կու տայ, որ Սուրիոյ վարչակազմին ցուցաբերած կեցուածքները ժխտական են, աւելցնելով, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպիի յայտարարութիւնները չափազանց ժխտական էին: Կարելի է նշել, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի այդ նախաձեռնութիւնը սուրիական վարչակազմին հետ երկխօսութիւն մը կատարելու միտումով չէ կայացած, այլ պախառակելու համար իրեն զօրակցող միջազգային ուժերն ու պետութիւնները` ցոյց տալով, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը մերժէ ազգային երկխօսութիւնը: Այս իրականութիւնը շատ հաւանական է եւ կ՛արտացոլայ իր նախաձեռնութիւնը ներկայացնելուն եւ ի սկզբանէ անոր արդիւնքները ճշդելուն ընդմէջէն:

 

Նոյն յօդուածագիրը (8 Փետր. 2013) կը նշէ, թէ ըստ սուրիացի քաղաքական վերլուծաբան Մաատ Մոհամետի Սուրիոյ տագնապին լուծումը ապահովելու համար իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հանդիպումը անհրաժեշտ է, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տագնապը միջազգային ծանր բեռի վերածուած է եւ անոր լուծումը անհրաժեշտութիւն դարձած: Լիբանաեան «Ալ-Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կը հաստատէ, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի արտայայտած վերջին կեցուածքը տուեալ մըն է, որ ան իմաստուն կերպով կ՛ուզէ աշխատիլ` վերադառնալով Սուրիոյ տագնապին լուծումը ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն ապահովելու ընտրանքին: Մոհամետ կը յիշեցնէ, որ սուրիական վարչակարգը առաջին իսկ օրէն կոչ ուղղած էր ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն լուծելու երկրին տագնապը: Միւս կողմէ, Ազգային համաձայնական մարմինի անդամ Խալետ Նասեր կը յայտնէ, թէ միջազգային մակարդակով սուրիական թղթածրարը բաւական հասունցած է արդէն եւ կը շեշտէ, որ այդ թղթածրարը պիտի ըլլայ Օպամա-Փութին վեհաժողովին քննարկուելիք հիմնական հարցերէն մէկը: Այս շրջագիծին մէջ սակայն, կարելի չէ ակնկալել, որ Օպամայի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումէն անիմջապէս ետք կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ բախումներուն վերջ մը տալ, որովհետեւ բազմաթիւ կողմեր բախումները շարունակելու մէջ տակաւին շահեր ունին: Աւելի՛ն. բախումին մասնակցող կողմերը գետնի վրայ տարուած զինուորական յաղթանակները պիտի օգտագործեն իբրեւ խաղաքարտեր` բանակցութիւններուն ընթացքին: Մոհամետ կը նշէ, որ կան որոշ ազդակներ, որոնք քաղաքական այդ լուծման հիմնական տուեալներ կը նկատուին. այդ տուեալներէն է Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Սայիտ Ժալիլիի շրջան կատարած այցելութիւնը, Միջերկրական ծովուն մէջ ռուսական նաւատորմին գոյութիւնը, որ կը հաստատէ, թէ պատերազմ մը պէտք չէ բռնկի: Մաատ Մոհամետ կը շեշտէ նաեւ, որ կան այլ տուեալներ, որոնք դրական կը նկատուին` քաղաքական լուծում մը ապահովելու իմաստով: Ան կ՛անդրադառնայ այն իրականութեան, որ որոշ կողմեր Սուրիոյ տագնապին լուծման մէջ շահեր չունին: Ան կը նախատեսէ, որ գալիք օրերուն Սուրիոյ մէջ զինուորական գետնի վրայ պիտի արձանագրուին յաւելեալ զարգացումներ` պարզապէս բանակցութիւններուն ներկայացուելիք խաղաքարտերը բարելաւելու միտումով: Ան կ՛ընդգծէ սակայն, որ սուրիացի ժողովուրդը կը պայքարի յանուն օրէնքին, պետութեան եւ գերիշխանութեան, որ կը վայելէ սուրիական բանակին պաշտպանութիւնը: Մոհամետ կը շեշտէ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն Մալիի տագնապին պատճառով` ֆրանսական-քաթարեան տարակարծութիւններէն օգտուիլ եւ Սուրիոյ տագնապը լուծել: Այս բոլորէն անկախ սուրիական բանակը փաստած է, թէ ինք կարողութիւնը ունի զինուորական առումով յաղթանակ ապահովելու, սակայն ան ժամանակի կարիք ունի:

Միւս կողմէ սուրիական «ԱլՍաուրա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած (11 Փետր. 2013) Ի՞ՆՉՈՒ ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԵԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՀՐԴԵՀ»ԻՆ լիբանանցի ռազմագէտ Ամին Հթէյթ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեբ Թայիբ Էրտողան կը հաւատայ, թէ «Արաբական հրդեհ»-ը, որ ինք Արեւմուտքին կը ներկայացնէ իբրեւ «Արաբական գարուն», Աարբական աշխարհին մէջ արաբ քաղաքացիին ուժին վրայ ազդեցութիւն պիտի ձգէ եւ իր դիմաց պիտի բանայ իսլամական աշխարհին ղեկավարելու առիթը: Այս ձեւով էր, որ Էրտողան իր պատերազմը մղեց Սուրիոյ վրայ, ինքզինք հռչակելով խալիֆա մը, որուն յաղթանակը իր կարծիքով ապահով պիտի ըլլար, յատկապէս կարգ մը դասալիք սուրացիներու կողմէ Թուրքիոյ գիրկը նետուելու քայլերէն ետք:

Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին զարգացումներէն ետք, Էրտողան ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուի իրականութեան հետ, որուն համաձայն Սուրիա դուրս եկած է իր գոյութեան եւ անկախութեան սպառնացող վտանգի գօտիէն: Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքին շղթայազերծած բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը ձախողած են եւ ներկայիս Արեւմուտքը նոյնիսկ համոզուած է, թէ ինք բոլոր այդ բռնարարքներով, ինչպէս նաեւ սուրիացիներուն դէմ բանեցուած քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներով ձախող դուրս եկած է եւ թէ անկարելի է, որ Սուրիոյ մէջ հասնի իր նպատակներուն: Հետեւաբար Սուրիոյ հանդէպ Արեւմուտքին կեցուածքները փոխուած են եւ ան կը ջանայ դիմել դիւանագիտական եւ քաղաքական մօտեցումներու` վերջ տալու համար Սուրիոյ դէմ գործուող բռնարարքներուն:

Ամերիկեան առումով, Ուաշինկթըն սուրիական ընդդիմութեան զինումին եւ սուրիական բանակին հետ բախումները շարունակելուն իմաստով իր բոլոր կոչերը կասեցուցած եւ սուրիական ջուրերէն ի նաւատորմը հեռացուցած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ սուրիական պետութեան դէմ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն իրենց օժանդակութեան: Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Ճոն Քերի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ համոզուած են, թէ հարկ է Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ մը տալ եւ սկսիլ դիւանագիտական աշխատանքի` լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը:

Ֆրանսական առումով, Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան կոչերը համեմատաբար աւելի նուազ են, յատկապէս երբ գոյութիւն ունեցած է ֆրանսական համոզում մը, որ Սուրիոյ ներկայ քաղաքական վարչակազմը հզօր է եւ անմտութիւն է մտածել, թէ այդ վարչակազմը օր մը կը տապալի: Փարիզ նաեւ շօշափած է Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով, որ Սուրիա կը յաղթէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնք Ֆրանսայի իսկ հաստատումներով ուղղուած են նաեւ Մալի:

Իսլամական կեցուածքի առումով, կարելի է ըսել, որ Գահիրէի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Իսլամական Համագումարի նիստին ընթացքին որդեգրուած էին աւելի մեղմ կեցուածքներ, քան անցեալ տարուան Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած նիստին ընթացքին որդեգրուած խիստ կեցուածքները: Իսլամական Համագումարի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը հաստատեց Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Իսկ արաբական առումով շատ յստակ է, թէ ներկայիս Եգիպտոսն ու Թունուզը ի՛նչ հարցեր եւ բաժանումի վախեր կը դիմագրաւեն` իշխանութեան եւ իշխանութեան հասած կողմերուն միջեւ մրցակցութեան պատճառով եւ պարզապէս անոր համար, որ անոր ժողովրդային եւ ազգային մասսաները օր մը երազած էին ունենալ ժողովրդավարական վարչակարգ եւ խաբուած` հաւատալով «Արաբական գարուն» կոչուած իրավիճակէն:

Պէտք է նշել, թէ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բախումներ սկսած են Սուրիա-Լիբանան սահմանային գիւղերուն մէջ: Սուրիական ընդդիմադիր զինեալնելու եւ Հըզպալլայի միջեւ կռիւներ տեղի ունեցած են, որուն իբրեւ հետեւանք լիբանանեան կողմին մօտ զոհեր արձանագրուած են: Արաբական կարգ մը օրաթերթեր յայտնած էին, թէ սուրիական Հոմս քաղաքի շրջակայ վեց գիւղեր արդէն Հըզպալլայի զինուորներու պաշտպանութեան տակ կը գտնուին:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ

Փետրուար 2013 

Տպել Տպել