Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գավալայի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով՝ բացումը կատարուեցաւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած յունահայութեան ելոյթներուն

sumgait-selanig1

1988 թուականի Փետրուար 27-29 ատրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած եղեռնագործութեան տխուր յիշատակումին նուիրուած էին երէկ Կիրակի, 24 Փետրուարին կայացած հոգեհանգստեան արարողութիւնները Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։

Շաբաթ մը առաջ, Կիրակի 17 Փետրուարին, Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցուեցաւ նոյնպէս։

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր եպիսկոպոսական պատարագ եւ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ, հանդիսապետութեամբ յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ ներկայութեամբ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետի եւ անդամներու գրեթէ լրիւ կազմի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչի, Հոգաբարձութեան անդամներու եւ ժողովուրդի։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յիշատակեց ատրպէյճանական քաղաքին մէջ ապրող հայ անմեղ բնակչութեան դէմ գործուած ոճիրի դէպքը (խօսքը կարդալ առանձին), խստօրէն դատապարտելով հայութեան դէմ հալածանքներու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋsumgait-selanig7

Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Սահակ վրդ. Եմիշեան։ Ներկայ եղան Թաղային Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ գաղութի միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ։ Ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի մարտական ապահովման սպայից ռազմական դպրոցի մէջ ուսանող հայ կուրսանտները։

sumgait-selanig6

Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Սումկայիթի փոկրոմներու մասին, յիշատակելով 25 տարիներ առաջ պատահած դէպքերը, որոնց զոհ դարձան անմեղ հայրենակիցներ։ Հոգեհանգիստի աւարտին ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցաւ Ցիմիսքի փողոցին ա նկիւնը գտնուող հայկական խաչքար-յուշակոթողին առջեւ, ուր դափնեպսակ զետեղեց Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Վարդգէս Գունտաքճեան։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կողմէ խօսք ուղղեց ընկ. Արտաւազդ Սիմոնեան։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի խմբերգումով։
sumgait-s

ԳԱՎԱԼԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ մը առաջ, Կիրակի 17 Փետրուարին, Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցուեցաւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի կողմէ, Սումկայիթի զոհերու յիշատակին։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը։ Տէր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սումկայիթեան սպանդի 25ամեակի նշումին։

Հոգեհանգստեան արարողութիւններ ծրագրուած են նաեւ Քսանթիի (Մարտ 3ին) եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ (Մարտ 10ին) մէջ։

Նկատի ունենալով, որ Փետրուար 28 թուականը պետականօրէն հաստատուած է որպէս Սումկայիթի յիշատակի օր, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ տարբեր ելոյթներ ծրագրուած են։ Աթէնքի մէջ յաջորդ ելոյթը՝ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան արարողութիւնն է ՀՅԴ եւ ՌԱԿի համակազմակերպումով, ապա բողոքի ցոյց՝ դէպի Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն։

Այլ գաղութներու մէջ

Փարիզի մէջ երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ զուգահեռ քաղաքական հանդիպումներով, պիտի նշուի Սումկայիթի 25րդ տարեթիւը: Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան յայտնած է թէ վաղը 26 Փետրուարին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքական ձեռնարկ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ: Յաջորդ օր, 27 Փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ նստացոյց՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդի» կազմակերպութեամբ, իսկ յաջորդ օր, 28 Փետրուարին՝ բողոքի ժողովրդային հաւաք Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի:

Հրաչ Վարժապետեան աւելցուցած է թէ «Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հանդիպումներուն, մենք տեսակցութիւն պահանջած եւ ժամադրութիւն ստացած ենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Ֆրանսայի մէջ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններէն : Այս երեք պետութիւնները, որոնք կը համանախագահեն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը եւ սկզբունքով իրենց մօտ է ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանալին, Սումկայիթի 25-րդ տարելիցին առիթով բնականաբար անոնք ըսելիք ունին հայութեան: Եւ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ մանաւանդ՝ ընելիք: Իսկ այլ փոխանցումներու շարքին, մենք յստակօրէն պիտի ներկայացնենք անոնց՝ ԼՂՀ-ի անկախութեան միջազգային ճանաչման պահանջը, զոր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը հետապընդենք իբրեւ կուսակցութիւն, իսկ այսօր, Հայաստանի նախագահին կողմէ երբ պաշտօնապէս կը ներկայացուի այս բանաձեւումը, ապա մեր պահանջը կը զգենայ շատ աւելի իրաւական ուժ եւ դիմագիծ : Բայց անշուշտ այս բոլորին մէջ ամէնէն իրաւական յենարանը է՛ ու կը մնայ ԼՂՀ բնակչութիւնը, որ այսօր միաբերան կը պահանջէ իր անկախութիւնը : Եւ Սփիւռքը չի կրնար իր կարողութեանց առաւելագոյնը չներդրել համազգային այս գործընթացին մէջ :

Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ աճող ու հետզհետէ կազմակերպուող թուրք-ազերի համայնքը իր հերթին անընդհատ պիտի տեսնէ ու իմանայ ֆրանսահայութեան պահանջատիրութեան մասին, մինչեւ արդարութեան վերականգնումը :

Ուստի, բոլորս միասին, խիտ, կուռ ու պահանջատէր շարքերով մասնակցինք համաժողովրդային այս ձեռնարկներուն եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք Սումկայիթի մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը՝ Ղարաբաղի մեր քաջարի ժողովուրդին» ըսած է ան :

Չեխիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Ձախողեցուցած Են Ատրպէյճանական Ձեռնարկը

News.am կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ երէկ Չեխիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան, Ատրպէյճանաչեխական միութեան կողմէ՝ շարք մը ատրպէյճանցի գործարարներու եւ Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ տեղի ունեցած է Խոջալուի դէպքերու 21-ամեայ տարելիցի յիշատակի ձեռնարկը: Հրապարակի անկիւններէն մէկուն վրայ տեղադրուած են 2 վրաններ, որոնց կողքին բարձրացուած է Ատրպէյճանի դրօշը: Վրաններէն մէկուն մէջ բաժնուած են միայն անվճար քաղցրեղէններ, հիւթեր եւ թէյ, միւսին մէջ՝ Խոջալուի դէպքերուն վերաբերեալ ստայօդ քարոզչական նիւթեր:

Ձեռնարկին սկսելէն անմիջապէս ետք հայ համայնքի քանի մը ներկայացուցիչներ սկսած են վրանի կողքին անցորդներուն բաժնել Խոջալուի իրադարձութիւններուն մասին իրականութիւնը ներկայացնող չեխերէնով պատրաստուած թռուցիկներ եւ «Խոջալու. Քարոզչութիւն ողբերգութեան միջոցով» գրքոյկը:

Ազերիները Ոստիկանութեան Դիմած են, Բայց Ապարդիւն

ԱԶԱՏ ՕՐ

Հայ համայնքի գործիչները նախորդ տարուան նման մուտք գործած են ատրպէյճանցիներու վրանը եւ նշուած նիւթերը բաժնած նաեւ այնտեղ գտնուողներուն, ներառեալ՝ կազմակերպիչներուն եւ զայն լուսանկարած: Անոնք յաջողած են նաեւ գրաւել ատըրպէյճանական քարոզչական նիւթերու զգալի մասը, ապա հանած նաեւ վրանի մուտքին մօտ փակցուած պաստառներէն մէկ քանին: Ատրպէյճանցիները կանչած են ոստիկանութիւնը, որ սակայն փաստած է, որ հայերու գործողութիւններուն մէջ որեւէ օրինախախտում չկայ, սակայն իրավիճակի սրումէն խուսափելու համար հերթապահութիւն սահմանուած է:

Քարոզչական ձեռնարկին մէջ ներգրաւուած ատըրպէյճանցի ուսանողներու խուճապը դադրեցնելու եւ վերջիններս ոգեւորելու համար ձեռնարկի վայր ժամանած են Փրակայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցները,որոնք փաստացի յայտնուած են հայերու կողմէ շրջապատուած վրաններուն մէջ՝ առանց քարոզչական որեւէ գործողութիւն իրականացնելու կարելիութեան:

Ընդհանուր առմամբ հայերուն կողմէ բաժնուած է շուրջ 700 թռուցիկ եւ քանի մը տասնեակ քարոզչական գրքոյկ:

Ձեռնարկ՝ Չեխիոյ խորհրդարանին մէջ

Չեխիայի խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին մէջ, ղարաբաղեան շարժման եւ Սումկայիթի ջարդերու 25-ամեայ տարելիցին նուիրուած սեմինար մը գումարուած է Փետրուար 20ին:

Չեխիա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի նախագահ Րոբին Բյոհնիշի եւ «Դիվերբիում» քաղաքացիական ընկերակցութեան նախագահ Պավլա Տրուհլարովայի նախաձեռնութեամբ իրագործուած է ձեռնարկը:

Նախ, ներածական ելոյթով հանդէս եկած է պարոն Բյոհնիշը: Ան նշած է, որ Չեխիան «ցանկանում է բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնել հարաւկովկասեան բոլոր պետութիւններու հետ եւ այդ յաջողած է այն պատճառով, որ Չեխիան հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ, որը հաստատուն կը մնայ անկախ ամէն ինչէն։

Այնուհետեւ ծաւալուն ելոյթ ունեցած է Չեխիայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը: Ան նախ ներկայացուցած է ղարաբաղեան շարժման սկիզբը, երբ, ի պատասխան խաղաղ ցոյցերու, ատրպէյճանցիները Սումկայիթի ջարդերը իրագործեցին եւ պատերազմ սկսան: Այս պատերազմը, «որն ամենաարիւնալին էր յետխորհրդային տարածքում, ունեցաւ տասնեակ հազարաւոր զոհեր» ըսաւ դեսպանը ապա դիմելով դահլիճէն ներս ներկայ եղող չեխ պատգամաւորներուն խօսեցաւ Խոջալուի իրադարձութիւնները աղաւաղող միակողմանի բանաձեւի մասին:

Դեսպանը շեշտեց, որ Ատրպէյճանը հսկայական գումարներ կը ծախսէ հակահայ ցեղապաշտական եւ ռազմատենչ քարոզչութեան վրայ, առանց խտրականութեան օգտագործելով բոլոր հնարաւոր միջոցները:

Ցվետանա Փասքալեւայի ֆիլմի ցուցադրութիւն

Դեսպանի ելույթէն յետոյ ցուցադրուեցան հատուածներ «Սումկայիթ. սովորական ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ֆիլմէն, այնուհետեւ՝ պուլկարացի լրագրող եւ հրապարակախօս Ցվետանա Փասքալեւայի «Իմ սիրելի ողջեր ու զոհուածներ» ֆիլմը։

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ նաեւ բեմադրիչ Ցվետանա Փասքալեւա, ուր ան պատմեց Ղարաբաղի մէջ իր տարած գործունէութեան մասին: Ան ըսաւ թէ իր պարտքը համարած է լուսաբանել համայն աշխարհը Ղարաբաղի մէջ շարունակուող պատերազմի մասին եւ խօսեցաւ քաջարի հայ ժողովուրդի մասին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ չեխ լրագրող Դանա Մազալովան, որ խօսեցաւ իբրեւ Խոջալուի իրադարձութիւններու ականատես, հերքեց ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը եւ դատապարտեց արտաքին կողմնակալութիւնը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել