«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ընդդիմափոխութիւն + Իշխանափոխութիւն = Համակարգային Փոփոխութիւն

Ազդակ Հայաստանի մէջ յետընտրական զարգացումները հետաքրքրական ուղղութիւններ եւ տարողութիւններ կը ստանան: Նախընտրական մթնոլորտը, ուր ընդհանրապէս կը տիրէր կանխորոշուածութեան համոզումն ու ընդհանուր տպաւորութիւնը, կը թուի հիմնովին շրջուած ըլլալ: Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ապահոված քուէներու տոկոսային համեմատութիւնը անկախ կուտակումի երեւոյթի պատճառներէն, կը համոզէ, որ նկատառելի զանգուած մը դուրս մնացած էր կանխորոշուածութեան մթնոլորտի բերումով յառաջացած անտարբերութեան դաշտէն:

Այս իրականութիւնը մտածել կու տայ, որ ոչ այնքան նախընտրական քարոզարշաւներու ընթացքին թեկնածուներուն ընտրած ռազմավարութեան յաջողութեան ցուցանիշերուն մասին է խօսքը, որքան` ընդհանուր տիրող համակարգը փոխելու ժողովրդային պահանջին: Այդ քարոզարշաւները ի վերջոյ յագեցած չէին ծրագրային դրոյթներու լուսաբանումներով կամ գաղափարկան բանավէճերով: Առաջադրուածը եւ արձանագրուածը, նման պայմաններու մէջ աւելի կը մեկնաբանուի ուրեմն համակարգային փոփոխութեան պահանջով:

2013-ի նախագահական ընտրութիւնները կարելի էր աւելի մրցակցային դարձնել, եթէ բոլոր ուժերը դրսեւորէին անհրաժեշտ գիտակցութիւն գերադասելու` նախ քան անձերու առաջադրումը միասնական ընդհանուր ծրագրի շուրջ համաձայնիլը: Այդ ծրագիրը, իր հերթին, աւելի հեզասահ կ՛առաջնորդէր միասնական թեկնածուի ճշդումին, որուն քարոզարշաւը ինքնին յատկանշուած կ՛ըլլար գաղափարական խորքով, երկրին առջեւ ցցուած դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղիներ մատնացոյց ընելով, ծրագիրներով եւ այդ ծրագիրները իրականացնելու համար անհրաժեշտ մեքենականութիւններու ներկայացումով:

Հիմա անցած ենք այդ հանգրուանը եւ նոր փաստերու առջեւ կանգնած: Համակարգային փոփոխութիւն առաջադրող ամբոխը համախմբուած է պաշտօնական տակաւին մշուշոտ եւ չյստակացած ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն երկրորդ հորիզոնականը գրաւած թեկնածուին շուրջ:

Նախընտրական հանգրուանին կորսուած առիթը դաս ունի փոխանցելիք անշուշտ յետընտրական գործընթացին առնչակից ուժերուն համար: Այստեղ եւս համակարգային փոփոխութիւն պահանջող զանգուածը կը սպասէ բոլորին կողմէ համաձայնեցուած ծրագիրներու առաջադրումին: Ճիշդ է, ամբոխը իր առած քայլերուն անմիջական արդիւնքը կ՛ակնկալէ: «Հիմա»-ի ամբոխային տրամաբանութիւնը, նման իրավիճակներու պարագային ամենայն հաւանականութեամբ արագ արդիւնքներու չի յանգիր: Այս իրականութիւնը, իր կարգին, կը սպառնայ աշխուժացման գագաթ նուաճած ժողովուրդը հիասթափեցնել եւ կրկին անգամ անոր ազդեցիկութիւնը չէզոքացնել:

Արմատաւորուած համակարգի փոփոխութիւնը երկարատեւ եւ դժուար ճամբայ կ՛ունենայ անցնելիք: Խնդիրը հետեւողականութիւնը պահելն է, սկզբունքայնութեան առընթեր պայքարի համբերատարութեան տիրապետելը: Իսկ այստեղ ընդհանուր ծրագիրի շուրջ համաձայնութենէ առաջ պահի ազդեցութեան տակ պահանջներ ներկայացնելը չ՛օգներ հետեւողականութեան: Ժողովրդային ալիքի պահպանման դժուար գործին զուգահեռ համաձայնեցուած ծրագիրի ուշացումը կը սպառնայ վերաալիքաւորուած շարժումին գոյատեւութեան:

Պարզ է, որ երկկողմանիօրէն կայ յստակ միտում բացառելու մարտի մէկեան լարուածութիւնը, բեւեռացուածութիւնն ու անոնցմէ բխող անցանկալի բոլոր երեւոյթները: Բոլոր գործողութիւնները օրինականութեան եւ սահմանադրականութեան մէջ տեղաւորելու կոչը քաղաքական բարձր գիտակցութեան դրսեւորում է: Այս նախանձախնդրութիւնը եւս իր կարգին միակողմանի մօտեցում ըլլալու պարագային կ՛իմաստազրկուի: Ազատութիւն հրապարակէն հնչած այս ընդգծումին համապատասխան յայտարարութիւն, կեցուածք եւ մանաւանդ գործնական վերաբերում կ՛ակնկալուի նաեւ իշխանութիւններէն, որոնք օրէնքը գերադասելու հիմնական պատասխանատուութիւնը ունին: Հանրահաւաքներու արտօնութենէն, մինչեւ կարծիքի ազատութեան պահպանումը, բռնութիւն գործադրելու բացառումը եւ որեւէ ձեւով վախի մթնոլորտ չտարածելը իշխանութիւններուն եւ համապատասխան մարմիններուն պարտականութիւնն է նախ եւ առաջ:

Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ժամանակ ենթադրող պայքարը պէտք է տեղափոխել քաղաքակիրթ հարթութիւն: Ընդդիմութիւնը պետականութեան կայացման համար անհրաժեշտ բաղադրիչ է: Ընդդիմութիւնը վերահսկողական կառոյցներով օժտելը կը նպաստէ պետականութեան կառուցման առաջադրանքին: Համակարգային իշխանափոխութիւնը քաղաքակիրթ, օրինական եւ սահմանադրական միջոցներով իրագործելը միայն նպաստ կը բերէ մեր երկրի ժողովրդավարացման առաջնային նպատակին:

Իսկ այս բոլոր առաջադրանքներուն համար ներկայ հանգրուանին ծրագիրի շուրջ համաձայնիլն է: Այն ինչ որ կարելի չեղաւ իրականացնել նախընտրական հանգրուանին, պէտք է իրականութիւն դառնայ յետընտրական ներկայ փուլին:

Կը թուի, որ ընդդիմութիւնը որոշ դիմափոխութիւն կ՛ապրի շարժումի վերածուելու իր ընթացքին: Կայ տակաւին երկար ճամբայ անցնելիք յատկապէս ծրագրային դրոյթներու շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն կայացնելու համար: Իշխանութեան դաշտին մէջ արձանագրուող խմբակային հրաժարեցումներուն մասին տակաւին կանուխ է գնահատական տալը: Իշխանութեան ապասակաւապետականացումը կարեւոր նախապայման է իշխանութեան դիմափոխութեան համար: Ոչ բաւարար ի հարկէ:

Մեր երկիրը արմատական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Իշխանութիւններու ինքնագոհ պահուածքը այս բոլորին մէջ կրնայ վտանգաւոր լարուածութեան իրավիճակներու առաջնորդել: Ընդդիմադիր շարժումի ծրագրայնացումն ու գաղափարականացումը կրնան ճիշդ ուղի հարթել համակարգային փոփոխութեան:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել