Շնորհակալութիւն՝ Լիթուանիոյ խորհրդարանի անդամներուն

Լիթուանիոյ խորհրդարանէն ներս՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Վահան Յովհաննեսյան եւ ԼՂԴ Արտգործնախարար Կարեն Միրզոյան

Լիթուանիոյ խորհրդարանէն ներս՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Վահան Յովհաննեսյան եւ ԼՂԴ Արտգործնախարար Կարեն Միրզոյան

Փետրոար 26, 2013-ին, Լիթուանիոյ Խորհրդարանի (Seimas) ինը երեսփոխաններ հրապարակեցին հռչակագիր մը երկրի Խորհրդարանէն ներս Արցախի Հանրապետութեան հետ Բարեկամութեան Խումբի ստեղծման իրենց որոշումի մասին:

Սոյն հռչակագրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի կողմէ իրենց վրայ սկսան բանեցուիլ շատ մեծ ճնշումներ, որպէսզի յետս կոչեն իրենց որոշումը: Ինը երեսփոխաններն ալ` տիկիններ Dalia Kuodite, Dangute Mikutiene, Alma Monkauskaite, Vince Vaidevuye Margeviciene, Orinta Leipute եւ պարոններ` Kestutis Masiulis, Algis Kaseta, Provilas Urbsys, հաստատ կը մնան իրենց նախաձեռնութեան վրայ:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պրիւքսէլի Գրասենեակը, հռչակագրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, յատուկ գրութեամբ շնորհաւորեց ինը երեսփոխանները, քաջալերելով որ շարունակեն իրենց որոշումի գործադրման աշխատանքները եւ անտեսսն Ազրպէյճանի անբարոյ եւ անարժէք ճնշումներն ու սպառնալիքները: Եւրոերեսփոխաններ եւս սկսած են ղրկել զորակցութեան նամակներ ինը երեսփոխաններուն: Ասոնցմէ առաջինն է Եւրոխորհրդարանէն ներս ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, Կիպրոսէն եւրոերեսփոխան բժշկուհի Էլենի Թէոքարուս։

«Լիթուանիոյ Խորհրդարանի ինը երեսփոխաններու այս նախաձեռ¬նու-թիւնը՝ բարեկամութեան Խումբ մը հիմնելու Արցախի Հանրապետութեան հետ, օրինակ պէտք է ծառայէ քաղաքական բոլոր այն անձերուն, որոնք մնայուն կերպով կը քարոզեն մարդկային իրաւունքներու պահպանութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի մասին, բայց անոնց մեծամասնութեան համար, յաճախ պետական կարճաժամկէտ կամ անձնական շահը եւ ուժանիւթի աղբիւրները, ըստ երեւոյթին աւելի ծանր կը կշռեն քան մարդկային հիմնական վեհ արժէքները», շեշտեց Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Տպել Տպել