Հայ կնոջ բարեւը

Իւրայատուկ էր “Ազատութիւն“ հրապարակի բոյրը, Մարտ 8-ի հաւաքին:

Անգամ մը եւս բիւրաւոր հայորդիներ ժամանած էին, արտայայտելու իրենց Հ.Հ. նախագահական յետ-ընտրական ցասումն ու բողոքը: Այդ օր ծաղկած էր հրապարակը, եւ իւրայատուկ բնոյթ ստացած էր “Բարեւ“ յեղափոխութիւնը: Արդարեւ, Կանանց Միջազգային Օրուան առթիւ բեմահարթակի վրայ էր հայ կինը որ ժամանած չէր, պարզապէս մեծարուելու, յարգուելու, գուրգուրանքի, փաղաքշանքի, սիրոյ քաղցր ու քնքոյշ խօսքեր ստանալու եւ կամ այդ օրուան սովորութեան նման, փունջ մը ծաղիկ ստանալու:

Հաւանաբար, աւելի քան քսան տարի առաջ Խորհրդային օրերուն, Երեւանի մէջ, բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կը նշուէր Կանանց Միջազգային Օրը: Կրցած էր Խորհրդային ղեկավարութիւնը իր ոճով ներկայացնել եւ իւրացնել կանանց ազատագրութեան պայքարը…զինք անուղղակիօրէն կալանքի տակ առնելով: Եւ այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հազիւ յիսուն տարի առաջ, միայն 1970-ականներուն Մարտի 8-ը, իբրեւ Կանանց Միջազգային Օր, իր առանձնայատուկ տեղը ունեցաւ եւ միացաւ համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային Օրերու շարքին:

Այսպէս, Աշխարհի մէջ ամենուրէք, հաւանաբար իր սկզբնական գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած է Կանանց Միջազգային Օրը, որ կը փորձէ պայքարիլ կանանց իրաւական հաւասարութեան համար: Այսուամէնայնիւ կը կատարուին խորհրդանշական ցոյցեր, տօնակատարութիւններ, խորհրդաժողովներ` քննարկելու, գնահատելու եւ փառաբանելու համար փափուկ սեռին կատարած նուաճումները, զանազան ոլորտներէ ներս, նաեւ պահանջելու ցայսօր ձեռք չբերուած իրաւունքներ:

Չէ՛… Փափուկ սեռին` կին էակին մեծարանքը չէր որ կը պատահէր այդ օր Երեւանի մէջ, այլ նոյնինքն հայ կինը ժամանած էր ծաղկեցնելու այդ յաչս արդարութեան եւ բարեփոխութեան համար կատարուող յեղափոխութեան ալիքին, իր կարգին բարե՛ւ մը յայտնելով եւ յայտնելով թէ այս պայքարը սահմանուած չէ յատուկ խաւի մը: Անոնց համար, այդ օրը` Երեւանի կեդրոնին մէջ, կիներու անհաւասարութեան ու խտրականութեան ջնջման ի խնդիր սկսուած պայքարի ի յիշատակ օրը չէր: Այլ դժբախտաբար, հայրենիքէն ներս, առանց սեռի խտրականութեան եւ ամենուրէք է, այդ օգտագործող եւ օգտագործուողի, շահագործող եւ շահագործուողի իրավիճակը: Եւ այսպիսի պայմաններու տակ է, որ հայ կանայք միացած են ընկերային արդարութեան այդ մեծ շարժումին:

Հուսկ բանք, Սովորութիւն դարձած է որ ամէն տարի Կնոջ Միջազգային օրուան առթիւ բնաբան մը որդեգրուի: Այս տարուանը հետեւեալ նախադասութիւնն է.- “Խոստումը խոստում է. ժամանակն է գործի լծուելու` վերջ տալու համար կնոջ հանդէպ գործադրուող վայրագութեանց“:

…Երեւանի մէջ կատարուած հաւաքին, վերոյիշեալ բնաբանը կը համընկնէր բոլոր սեռերուն: …Եւ այդ օր, աւելցած էր հայ կնոջ բարեւը:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ«ի Խմբագրական
11 Մարտ 2013

Տպել Տպել