Ակնարկ. Լիբանանը՝ Հրահրիչ Եւ Զսպիչ Գործողութիւններու Միջեւ

Ազդակ Ներլիբանանեան լարուածութիւնը հանգրուանային մագլցողականութենէն կտրուկ սրումներու անցում կը կատարէ. սիւննի կրօնաւորներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններ, ձերբակալութիւններ, քաղաքացիական անհանզանդութեամբ բնութագրուող հակազդեցութիւններ. Զուգահեռ՜ Սուրիայէն դէպի լիբանանեան տարածքներ կատարուող ռմբկածումներ, որոնք կ՛արժանանան գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու դատապարտանքներուն։

Կրօնաւորներուն դէմ կատարուած այս արարքները թէեւ կը դատապարտուին լիբանանեան դաշտը բաղկացնող բոլոր ուժերուն կողմէ, այսուհանդերձ ժողովրդային ցասումը կը շարունակէ իր դրսեւորումները ունենալ։ Իրավիճակի հանդարտեցման համար պետական հաստատութիւններ եւ համապատասխան մարմիններ քայլերու կը ձեռնարկեն։
Յստակ է, որ ներլիբանանեան կայունութիւնը թիրախ է։ Անոր կը սպառան այն ուժերը, որոնք կը պատուիրեն նախ գրգռիչ ելոյթներ, կը հրապարակեն յոխորտանքներ, ոչ քաղաքական ճանապարհներով հարցերուն լուծում տալու յայտարարութիւններ։ Անոնք, որոնք փողոցին եւ խռովարարութեան կանաչ լոյս կու տան հրահրելու կացութիւնը, փակելու ճամբաները, խոչընդոտելու բնականոն կեանքը։ Նաեւ անոնք, որոնք կը դիմեն բռնութեան եւ քայլեր կը ձեռնարկեն կրօնաւորներու դէմ։

Մէկ կողմէ հրահրումը, միւս կողմէ լարուածութեան իրավիճակի ստեղծումով խոշտանգումը եւ կրօնական խորհրդանիշերու դէմ կատարուած աքթերը կը միտին համաժողովրդականացնել բեւեռացումը։ Իրավիճակը ապակայունացնելու համար կրօնական գործօնի օգտագործումը մարտավարական պարզ խաղ է կրօնականացուած հասարակութիւններուն, համայքնային համակարգով գործող շրջաններուն եւ երկիրներուն մէջ։

Ամբողջ շրջանը սիւննի-շիի հակասութիւններ սրելով, քաոսային իրավիճակներու առաջնորդելով հացեր լուծելու բաժանարար ծրագիրներու գործնականացումը կը թուի հասած ըլլալ լիբանանեան հողին վրայ։
Վտանգաւոր եզրի հատումն է, որ կը կատարուի այս օրերուն Լիբանանի մէջ։ Հարաւէն մինչեւ հիւսիս, անցնելով Պէյրութէն, ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրարդ դէմ գրգռելու, հակադրելու եւ դիւրաբեկ համակեցութիւնը անհամատեղելիութեան վերածելու յստակ դաւադրութիւններ կը կատարուին։ Չէ բացառուած, որ միեւնոյն կեդրոնը կը թելադրէ մէկ հատուածը միւսին դէմ տրամադրելու եւ իրարու դէմ բախումի առաջնորդելու խաղը։

Խոր ճգնաժամի մէջ եղող Սուրիայէն դէպի Լիբանան արձակուած ռումբերը քաղաքական եւ ժողովրդային լարուածութիւնը այլ հարթութիւն տեղափոխելու նախադրեալները կը նախանշեն։

Համալիբանանեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է մշակուած ծրագիրներուն չներքաշելու համար երկիրն ու ժողովուրդը։ Լարուած շրջաններուն վրայ իրաւապահ մարմիններուն վերահսկողութիւնը պահելու նախանձախնդրութիւնը զսպիչ գործողութիւններու արուեստին տիրապետում կ՜ենթադրէ։ Բայց խնդիրը միայն ապահովական կացութիւննները գետնի վրայ հակակշռելուն չի վերաբերիր անշուշտ։ Համալիբանանեան քաղաքական գիտակցութեան վրայ հիմնուելով դաւադրութիւններուն ընդառաջ չերթալու կամքի դրսւորումի փաստերու անհրաժեշտութիւնը սուր հրամայական է։

Բեւեռացնելու եւ իրար հակադրելու քաղաքական այս ուղղուածութիւնը նոր օղակներ պիտի կազմէ անշուշտ եւ նման երեւոյթներու ականատես պիտի ըլլանք շատ հաւանաբար։ Շրջանային տարողութեամբ կիրարկուող քաղաքականութեան մը լիբանանեան երեսն է, որ մենք կը տեսնենք այս օրերուն։ Խնդիրը ուրեմն, ի գին հսկայական զոհողութիւններու համակողմանիօրէն կամքի եւ որոշումի դրսեւորումն է՜ մերժելու դաւադիր ծրագիրներու ներքաշումը։ Այլապէս, շրջանային ճգնաժամենրը կրնան պատկերացումներ փոխանցել թէ ինչ ճակատգիր ու քաոս կրնայ վերստին սպառնայլ այս երկրին։

Արուեստական լաւատեսութիւն փոխանցելու համար չէ, որ պէտք է յիշել ու տրամաբանել որ արձանագրուող դէպքերը կը շարունակեն մնալ սահմանափակ վայրերու մէջ։ Համատարած բռնկումի չեն վերածուիր։ Կը թուի, որ իրար դէմ լարուած հատուածներու ուժի եւ որոշումի կեդրոնները զսպիչ դերակատարութիւնը կը շարունակեն կատարել համոզումով։ Շատ հաւանաբար լիբանանեան արհաիւրքը վերադարձնելու գործընթացը մերժելով.հակառակ’ արտալիբանանեան կեդրոններու մշակած ծրագիրներուն։

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել