Տեսակէտ. Պարոն Էրտողան, Հապա Ի՞նչ Պիտի Ըսէիր, Եթէ Իննի Փոխարէն Մէկուկէս Միլիոն Զոհերու Հատուցում Պահանջելու Վիճակին Մէջ Գտնուէիր

հուշարձանՄայիս 2010-ին ծագած «Մաւի Մարմարա»-ի արիւնալի դէպքը կը թուի, թէ լուծումի մը յանգած է` «հաշտութեան» հաղորդակցութեամբ մը Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետներուն միջեւ: Ամերիկեան «կնքահայրութեամբ» իրականացած այս հաշտութիւնը կու գայ նոր էջ մը բանալու թուրքեւիսրայէլեան լարուած յարաբերութեանց մէջ: Ներողութեան եւ անոր հետեւող հաշտութեան այս քայլը անակնկալ մը չէր: Անակնկալը` անոր «թայմինկ»-ն էր: Արդարեւ, «Մեծ ազգ, մեծ տէրութիւն-2023» նշանախօսքը ընտրած Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, նախապէս մերժած էր Իսրայէլի կողմէ հաշտութեան նմանօրինակ նախաձեռնութեան առաջարկ: Այսօր ան ընդունեց որոշ վերապահութիւններով` պահանջելով Կազայի դէմ իսրայէլեան պաշարումի վերացումը: Էրտողան, Տաւութօղլու եւ անոնց համամիտ թուրք ղեկավարներ հաշտութեան այս քայլով կ՛ուզեն «քանի մը թռչուն միաժամանակ զարնել»:

Կազայէն պաշարումի վերացման պահանջով փորձ կը կատարուի վերահաստատելու փրօ-թուրք վարկը` յաչս արաբական եւ ի մասնաւորի պաղեստինեան հանրային կարծիքին: Դէպքին թուրք զոհերուն հատուցում պահանջելով հանդարտեցումի փորձ մը` զոհերու ծնողներուն, ներքին ճակատի վրայ: Տակաւի՛ն, շրջանային իմաստով` Թուրքիա – Իրան մրցակցութեան մէջ թրքական գերակայութեան եւ ազդեցութեան գօտին զօրացնելու փորձ մը: Մինչեւ հոս, պարզ ու հասկնալի է, համաթրքութեան ախորժակներով հրապարակ իջած Թուրքիոյ համար: Ուշագրաւ է սակայն արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յոխորտանքը, թէ` «ամէն ինչ մեր ուզած ձեւով եղաւ, եւ հաշտութեան ամէն բառ սերտուած էր նախապէս»:

Հաւանաբար բաղդատականը կրնայ ճշգրիտ չըլլալ: Սակայն կայ թուրք զոհերու իրականութիւնը, յանցագործ Իսրայէլը եւ հատուցում պահանջող Թուրքիան: Բաղդատական` հայ զոհերու, յանցագործ թուրքին եւ հատուցում պահանջող Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սփիւռքահայերու միջեւ: Տարբերութիւնը` մօտեցումն է, ուր Թուրքիա կը ներկայանայ հատուցում պահանջող իրաւատէրի դերով` միաժամանակ մերժելով հայոց հատուցման պահանջատիրութիւնը:

Թրքական կայսրութեան վերահաստատումը երազող «սուլթան» Էրտողան ի՞նչ պիտի ըսէր արդեօք, եթէ ինը թուրք զոհերու փոխարէն մէկուկէս միլիոն նահատակ ունենար. թրքական երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը կարելի չէ կիրարկել, այնքան ատեն որ Թուրքիա կ՛անտեսէ մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կը մերժէ ներում հայցել հայերէն` վերադարձնելով անոնց պապենական հողերն ու պատշաճ հատուցում կատարելով:

Զոհ, յանցագործ ու պահանջատիրութիւն: Հասարակաց եզրեր` թուրք եւ հայ զոհերուն միջեւ: Տարբերութիւնը սակայն այն է, որ հայեր երբեք չսակարկեցին ու պիտի չսակարկեն իրենց մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնին վրայ:

Ս. ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել