«Հորիզոն»ի խմբագրական. Գանատայի Կրօնքի ազատութեան գրասենեակի հիմնադրման առթիւ

HorizonLogo-sԱնցնող Փետրուար 19-ին, Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի յատուկ հրամանագրով հիմը դրուեցաւ անատայի Կրօնքի ազատութեան գրասենեակին։ անատայի արտաքին գործոց նախարարութեան լծակից այս նոր վարչական ենթակառոյցի հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ կրօնական հանդուրժողականութեան մղել այն պետութիւնները, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութիւնը կաշկանդումներու եւ բռնութիւններու կ՝ենթարկեն։

Ժողովրդավարութեան դրօշակիր ու ջատագով Գանատայի նման երկրի մը վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը անկասկած որ ողջունելի եւ ծափահարելի երեւոյթ է եւ դրուատանքի արժանի։ Աշխարհաքաղաքացիներու Մարդկային իրաւունքներուն պաշտպան կանգնելու, կրօնական խտրականութիւնը չէզոքացնելու, հաւատքի տարբեր ուղղուածութիւն ունեցող հատուածներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան եզրեր գտնելու, կրօնական ատելավառութեանց արգելք հանդիսանալու եւ խղճի ազատութեան բազմակարծութիւն տարածելու այս քայլով, անատայի կառավարութիւնը նոր էջ մը կը բանայ իր պատմութեան տոմարներուն մէջ, այնպիսի պահու մը, երբ թէժ բախումներու թատերաբեմ կարգ մը հակամարտութիւններու մէջ, արդէն իր գագաթնակէտին հասած է կրօնական հալածանքը՝ յատկապէս Միջին Արեւելեան հակամարտութիւններու ծիրէն ներս։

Նման տարողութեամբ վարչական բաժանմունք յառաջացնելու աշխատանքի ձեռնամուխ ըլլալու միակ երկիրը ցարդ կը հանդիսանար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն 1998-ին հիմնած «Կրօնքի ազատութեան միջազգային յանձնաժողով»ին գլխաւոր նպատակն է աշխարհի տարածքին գործադրուող կրօնական բռնադատութեանց արգելք հանդիսանալ։ Յիշեալ յանձնաժողովի 2012-ի տարեկան տեղեկագրին մէջ, Թուրքիա ներառուած է «առանձնայատուկ մտահոգութեան արժանի երկիրներ»ու ցանկին մէջ։

Հանրապետական Թուրքիոյ տարեգրութեանց մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքը իր սուր դրսեւորումը ստացած է վերջին 75 տարիներուն, յատկապէս 1936-էն ետք, որու ընթացքին պետականօրէն սահմանուած յատուկ «օրէնքներով» բռնագրաւուած են հայերու, յոյներու, ասորիներու, պոնտացիներու եւ ալեւիներու նման ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքապատկան կալուածները, կրօնական ուսումնարանները, որբանոցները, գերեզմանատուներն ու աղօթատեղիները։

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը, 2011-ի Յունիս 15-ին իր որդեգրած թիւ 306 բանաձեւով, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՝ուղղէր իրենց քրիստոնեայ տէրերուն վերադարձնել թրքական յաջորդական կառավարութեանց կողմէ բռնօրէն իւրացուած վանքերը, եկեղեցապատկան կալուածները, կրօնական յուշարձանները, եկեղեցական շարժական գոյքն ու մասունքները։

Գանատայի Կրօնքի ազատութեան գրասենեակը, յառաջիկայ օրերուն վստահաբար իր օրակարգին վրայ պիտի քննարկէ պուտտայականութեան հետեւորդ թիպէթցիներու, Պահրէյնի շիաներուն, Եգիպտոսի քրիստոնեայ ղպտիներուն, Թուրքիոյ քրիստոնեայ յոյներուն, ասորիներուն, հայերուն եւ աշխարհատարած այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուող կրօնական բռնադատութիւնները։

Ինչ կը վերաբերի հայութեան, նորահաստատ գանատական կառավարական այս ենթաբաժանմունքի ուշադրութեան պէտք է յանձնուի, որ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Պատրիարքարանի արխիւներուն մէջ, 1914-ի դրութեամբ, Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին գործող հայկական կրօնական հաստատութիւն իբր արձանագրուած է 2538 եկեղեցի եւ 450 վանական համալիր, որոնց օրինական տէրերը եղած են Պատրիարքարանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Այսօր, վերեւ արձանագրուած այդ թիւերուն գոյութիւնը փաստող կանգուն կամ կիսաւեր եկեղեցիներու թիւը՝ նուազ քան 100, մնացեալները պատմութեան դաժան քօղածածկին տակ անցած ուրուականներ են։

Իբրեւ օրինակելի քայլ ու նախասկիզբ իր աշխատանքներուն, Գանատայի Կրօնքի ազատութեան գրասենեակը այսօր առիթը ունի ուսումնասիրելու Տերսիմի այժմ աւերակ Հալւորի վանքի պարագան, որ ուխտավայրն ու սրբատեղին էր շրջանի բնիկ հայերուն եւ ալեւիականութիւն դաւանող քիզիլպաշ ցեղախումբերուն. այսպիսով, մէկ քարով երկու թռչուն որսալու առիթը կը ստեղծուի գանատական գրասենեակին, ուր միաժամանակ երկու կրօնական փոքրամասնութիւններու կորուսեալ սրբավայրի հարցը քննարկման ենթակայ կը դառնայ։ Ահաւասիկ մարտահրաւէր մը գանատացիներուն, որպէսզի ի յայտ բերեն այն յանցագործութեան ծալքերն ու ոճիրին ահաբեկող տարողութիւնը, որ գործադրուած է երկու կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ։ Ահաւասիկ առիթ մը՝ թրքական կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ու դատաքննութեան կանչելու։

ՀՈՐԻԶՈՆ-ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
29/03/2013թ

Տպել Տպել