Ակնարկ. «Ներողութիւն-Փոխհատուցում» Ռազմավարական Գործընկերութիւնը

Turkey-Israel-flags22 մարտին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իսրայէլի անունով ներում հայցած էր թուրք ժողովուրդէն «Մաւի Մարմարա»-ի դէմ իսրայէլացի զինուորականներու գործողութեան ժամանակ տեղի ունեցած սխալներու համար եւ փոխհատուցում խոստացած էր սպաննուածներու ընտանիքներուն:

Այս լրատուութիւնը մեծ չափերով խլեց ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ հայկական լրատուամիջոցներու լուսարձակները: Գուցէ ներողութիւն եւ փոխհատուցում բառակապակցութիւնները հայ լրագրողներու ենթագիտակցութեան մէջ խնդիրին այլ հարթութիւն տեղափոխման նախադրեալներ կը յուշէին: Կ՛անդրադառնանք այս երեւոյթին քիչ ետք:

Մինչ այդ կեդրոնանանք Թել Աւիւ – Անգարա յայտարարողական եւ հռետորաբանական հարթութիւններու վրայ կայացող փոխասացութիւններուն վրայ: Ի՞նչն էր շարժառիթը, որ «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպէն այսքան ժամանակ անց Իսրայէլի վարչապետը նման յայտարարութիւն կը կատարէր:

Պարզ է, որ Անգարա հակաիսրայէլեան իր հռետորաբանութիւնը լիարժէք կ՛օգտագործէր արաբական աշխարհի համակրանքը, պաղեստինցի ժողովուրդին թրքամէտ պահուածքն ու դիրքորոշումները ապահովելու ուղղութեամբ:

Հակաիսրայէլեան յայտարարութիւնները Անգարայի կողմէ այնքան առջեւ գացած էին, որ ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդը Կազայի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնելու կամ Կազան շրջափակելու յանցանքներով կը մեղադրէր իր… ռազմավարական յատուկ գործընկերը:

Թատերական այս բեմականացումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն էր: «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքէն ետք դէպի արաբական աշխարհ գարնանային հովեր պիտի փչէին եւ այդ հովերը նման բեմականացումներով պէտք է լիարժէք ծառայէին Անգարայի մէջ նոր օսմանականութիւն յայտարարած քաղաքական ճարտարապետներու կողմէ:

Նախագահ Օպամայի Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին հնչած տեսակէտները համարժէք արձագանգում չունեցան Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ: Յատկապէս այն, որ նախագահ Օպաման յայտարարած էր, որ անկախ Պաղեստինը պէտք է ընդունակ ըլլայ ուրոյն ապրելու եւ ունենայ իր իսկական սահմանները:

Հակառակ անոր որ Օպամայի այս յայտարարութիւնը անպայման բեկումնային պահ չի ստեղծեր իսրայէլապաղեստինեան յարաբերութիւններուն մէջ, այսուհանդերձ Անգարայի զգուշաւորութիւնը կամ առնուազն ոչ խանդավառ պահուածքը նման յայտարարութեան դիմաց մտածելու տեղի կու տայ: Այս այն Թուրքիան է, որ պաղեստինցիներուն նկատմամբ ջերմ պաշտպանի դիրքերէն կը խօսի Թել Աւիւի հետ:

Ի հարկէ բոլոր շարժառիթները պարզ չեն այս իրադարձութիւններուն: Պարզ է, որ Թել Աւիւ -Անգարա հռետորական հարթութեան վրայ արձանագրուող մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ մարտավարական երկկողմանի խաղերը խորքին մէջ քարոզչաքաղաքական խուսանաւումներ են: Չմոռնանք, որ վարչապետ Էրտողանը վերազսպած էր յարաբերութիւններու կտրուկ բարելաւման ընթացքը` ըսելով, որ իր դեսպանը վերստին չ՛ուղարկեր, մինչեւ որ Թել Աւիւը չապաշրջափակէ Կազան:

Հետաքրքրական է, որ շրջափակումի գործողութիւն իրականացնողը կը յորդորէ իր գործընկերոջ ապաշրջափակել մէկ այլ տարածք: Բայց այս միակ առնչութիւնը չէ հայկական հարցերու հետ:

Թրքական Internethaber.com կայքին փոխանցմամբ` թուրք գրող Իսմեթ Էօզելը պնդած է, թէ Իսրայէլի ներողութիւնը 2015-ի համար մշակուած ծրագիրին մէկ մասն էր:

Իսմեթ Էօզելը ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին վրայ, որ Իսրայէլը ուղղակի որեւէ իշխանութենէ ներում չէր հայցեր: Իսրայէլը պարզապէս ճանապարհ կը բանայ, որ 2015-ի համար, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Թուրքիան Հայաստանէն կարենայ ներում հայցել: Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլէն փոխհատուցում պահանջելը դաժան զարգացումներու սկիզբն է: Անշուշտ, ըստ թուրք գրողին:

Այս անշուշտ շատ քաղաքական չի հնչեր: Թել Աւիւը իր գործընկերոջը օրինակ ծառայելու համար ներողութիւն-հատուցում գործողութիւն չի կազմակերպեր: Իսրայէլին ըրածը գերակայօրէն կը բխի նոյնինքն իր շահերէն: Եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ նաեւ իր ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ շահերէն: Մանաւանդ որ հակառակ յայտարարութիւններուն, առ այսօր անվաւեր չէ յայտարարուած Թել Աւիւ – Անգարա ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել