Ակնարկ. ՕԹԱՆ-ի Նորացուած Ցուցակը

nato-logo
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ թրքական գաղտնի ծառայութեանց պատասխանատուներու տարած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի է դիտարկել ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ մէջ գործող «Հակաահաբեկչական պայքարի կեդրոն»-ին հրապարակած զեկուցումին անգլերէն բնագիրին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անուան ներառուած չըլլալը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ:

Երեւոյթը կը խօսի նաեւ այս բոլոր գործընթացներուն Արեւմուտքին կամ աւելի մասնակի Միացեալ Նահանգներուն ներգրաւուածութեան կամ հովանաւորչութեան մասին. գուցէ նաեւ` գործընթացի ուղղակի նախաձեռնողականութեան: Շատ բան գրուած է ու կը գրուի տակաւին քրտական գարունին, Քիւրտիստանի ստեղծման հաւանականութեան տեսանելիութեան մասին` տարածաշրջանին մէջ իրականացուող նոր բաժանարար ծրագիրներու եւ նոր քարտէսագծումի ընդհանուր պարունակին մէջ:

Բնական ու պարզ է, որ հայկական կողմը այս բոլոր գործընթացները պիտի դիտարկէ իր ոսպնեակէն եւ փորձ կատարէ հաշուարկելու դիպաշարի զարգացումներուն հաւանական ազդեցութիւնները հայկական կողմին վրայ:

Անմիջական թէժ կէտը Սուրիոյ քիւրտերն են: Իրօք, քրտական գործօնի աշխուժացումը, Անգարա-Օճալան բանակցութիւններու թափը, զինադուլի եւ հրադադարի հաստատման անվերջ կրկնուող կոչերը առհասարակ աշխուժացան, Սուրիոյ պատերազմին համընթաց: Սուրիոյ քիւրտերը անմիջական դրացի են Թուրքիոյ քիւրտերուն: Անոնց համախումբ, կազմակերպ եւ զինուած ներկայութիւնը լրջագոյն սպառնալիք է Անգարային: Սուրիոյ քիւրտերը Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին պահեցին դիրքորոշման ինքնուրոյնութիւն: Դամասկոսը պատերազմի առաջին օրերէն կիրարկեց իր երկրին մէջ տեղակայուած քիւրտ ազգաբնակչութիւնը սիրաշահելու քաղաքականութիւն: Կը թուի, թէ այս քաղաքականութիւնը եթէ մէկ կողմէն տուաւ իր արդիւնքը առ այն, որ քիւրտերը հակաիշխանութեան պայքարին չմիացան, միւս կողմէ գուցէ նաեւ չտուաւ առաջադրուած մէկ այլ արդիւնք: Քիւրտերը չընդդիմացան նաեւ տեղւոյն հակակառավարական այն ուժերուն, որոնք կը վայելեն Անգարայի զինուժի եւ ֆինանսաւորման հոգատարութիւնը:

Քիւրտերը յաջողեցան պահել ինքնուրոյնութիւնը, չներքաշուիլ պատերազմական հակամարտութեան եւ ստեղծել իրողապէս ինքնավար շրջան: Այս մէկը հասկցան հակամարտող կողմերը, որոնցմէ ոչ մէկը հետեւողական ոտնձգութեան չդիմեց` նախընտրելով չշահել քիւրտերու հակադրութիւնը: Ճիշդ է. Սուրիոյ քիւրտերը իրենց հերթին ունին որոշ ճիւղաւորումներ: Տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած են բախումներ, կամ հակակառավարական ուժերու կողքին շրջափակման գործողութիւններու մասնակցութիւններ: Փաստը կը մնայ փաստ, որ զանգուածային ներքաշում չէ արձանագրուած եւ ոչ ալ ուղղակի մասնակցութիւն իբրեւ յստակ կողմ այս պատերազմին: Թէկուզ այս իրավիճակին մէջ, ո՛չ Սուրիոյ քիւրտերը, ո՛չ ալ Թուրքիոյ, Տրովադայի ձիու դեր չեն ուզեր ստանձնել փաստօրէն:

Փորձենք կեդրոնանալ Անգարա-քիւրտեր յարաբերութիւններուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն վրայ, որովհետեւ թէժ օրակարգը այս պահուն կը վերաբերի Անգարա-Օճալան բանակցութիւններու ուղղակի թէ անուղղակի արդիւնքներուն:

Հրադադարը կը թուի, թէ դիւրաբեկ է: Արիւնալի բախումներ կը շարունակուին հակառակ Օճալանի անունով կատարուող յայտարարութիւններուն: Հրադադարը երկկողմանիօրէն յարգուող իրավիճակ է: Եթէ կողմերէն մէկը չի յարգեր զայն, յատկապէս նման պարագայի, երբ խնդիրը չէ հանգուցալուծուած, դժուար թէ իրականանայ խաղաղութիւնը:

Ուրեմն, երբ հանգուցալուծումը չէ կայացած, երբ հրադադարը լիարժէք չի պահպանուիր, ապա ի՞նչը կը մղէ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ մէջ գործող «Հակաահաբեկչական պայքարի կեդրոն»-ի, հրապարակած զեկուցումի անգլերէն բնագիրին խմբագիրները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անունը չներառելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ:

ՕԹԱՆ-ի այս քայլն ալ փորձենք դիտարկել մէկ ընդհանուր պարունակի մէջ` յիշելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծութեան բաժանմունքի հրապարակած կանխատեսումները յառաջիկայ տասնամեակներուն վերաբերեալ: Այնտեղ սեւով սպիտակի վրայ կը խօսուի Քիւրտիստանի կայացման մասին:

Իսկ Քիւրտիստանը ինքնին կ՛ենթադրէ տարածաշրջանին վերաբերող նոր քարտէսագծումներ, որոնք միեւնոյն վերլուծութեան մէջ կը մեկնաբանուին իբրեւ Թուրքիոյ մասնատում:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել