Ֆրեզնօ Գաւառը Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը

Բորջես Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նոյն օրը վաւերացուած է վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը իր այս որոշումով հանդիսացաւ Քալիֆորնիոյ առաջին գաւառը, որ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմիններուն, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան դրուատած է խորհուրդին սոյն որոշումը՝ վստահեցնելով, որ այս արարքը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան: Իր կարգին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ըսած է, թէ Արցախի անկախութեան իւրաքանչիւր ճանաչում քայլ մըն է դէպի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան «ժամանակայարմար, պատեհ ու յատկանշական» արարք որակեց այս քայլը:

Յայտնենք, թէ Մէյն, Ռոտ Այլընտ ու Մեսեչուսեց նահանգներու խորհրդարանները եւս պաշտօնապէս ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը:

asbarez.com
23/04/2013

Տպել Տպել