Տասնամեակներու վրայ երկարած անխոնջ պայքարը կը շարունակուի հայ երիտասարդ սերունդներուն կողմէ
Հայութեան պահանջատիրական ձայնը զօրաւոր հնչեց երէկ Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, հայոց մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ աշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը:
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ օրը: Յունահայութիւնը միասնական ու վճռակամ միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեայ տարելիցը:
azator.gr