Թուրքիոյ Մէջ Գործող Հայկական Կազմակերպութիւն Մը Կը Պահանջէ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Nor-Zartonk-Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առիթով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ «այսօր հայերու, քիւրտերու, թուրքերու եւ այլ ազգերու միջեւ հաստատուելիք խաղաղութիւնը ոչ թէ ցեղասպանութեան ժխտումով, այլ միայն ու միայն խաղաղամէտ կեցուածքով եւ ժողովուրդներու միացեալ պայքարի իբրեւ արդիւնք կարելի է:

Այդ պատճառով` Ցեղասպանութեան մեղաւորներու հրապարակումը, ցեղապաշտական-ֆաշական կուսակցութիւններու հետ չհամագործակցիլը, նման կառոյցներուն չաջակցիլը բոլորիս պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ»:

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն իրականացուող յիշատակի ձեռնարկները կը նպաստեն ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապի ամրապնդման եւ կ՛օժանդակեն լուծում գտնելու հոլովոյթին:

«Սակայն այդ յիշատակումները միայն մարդկային խիղճը մաքրելու նիստերու պէտք չէ վերածուին: Քաղաքական շրջանակները պէտք է բանան հայ-թրքական սահմանը, սփիւռքահայութեան քաղաքացիութիւն տան, ճանչնան ցեղասպանութիւնն ու ներում հայցեն, դասագիրքերուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ նշուին ցեղասպանութեան մեղաւորները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ կը յիշեցուի 1915-էն ետք թուրք քաղքենիութեան կուտակած դրամագլուխը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն հատուցում տրամադրելու պահանջ կը ներկայացուի:

aztagdaily.com

Տպել Տպել