«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Վերջ Մը Չէ, Այլ` Նոր Փուլի Մը Սկիզբը» Զաւարեանական Էջին Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

GiroManoyan-ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Զաւարեանական էջին` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, այդ գծով ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն, թուրք-քրտական բանակցութիւններուն ունեցած անդրադարձին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ յետընտրական իրավիճակին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը որքանո՞վ անկիւնադարձային կրնայ ըլլալ եւ ի՞նչ նշանակութիւն կը տեսնէք անոր մէջ:

ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը վերջ մը չէ, այլ` նոր փուլի մը սկիզբը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին ներկայիս աշխատանք կը տանի իրաւական միջոցներով բարձրացնել Հայկական հարցը, որովհետեւ մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքները եղած են քաղաքական եւ քարոզչական, իսկ հատուցման ուղղութեամբ, իրաւական իմաստով, բաւարար քայլեր չեն առնուած: ՀՅ Դաշնակցութիւնը շուտով կը հրապարակէ հայ եւ օտար մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած զեկոյց մը, որ, իմ կարծիքովս, քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ հայ իրականութեան մէջ: Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ հատուցման երեք մակարդակներու. ա) պետական-հողային, որ կը կեդրոնանայ հայութեան հողային պահանջներուն վրայ. բ) ազգային-հաւաքական, ուր հիմնական իրաւատէրերը հայ յարանուանութիւններն են, որոնք կալուածներ ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ. գ) անհատական իրաւունքները: Ուրեմն այս հանգրուանին մեր նպատակը պիտի ըլլայ հարցին իրաւական երեսը արծարծելու եւ իրաւական ճամբով Ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու սկիզբ:

Հ.- Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային, ի՞նչ են մեր յաջորդ ծրագիրները: Որքանո՞վ պատրաստ ենք այդ նոր փուլին:

Կ. Մ.- Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման չէ յաջորդ փուլ անցնելու համար, որովհետեւ մեր խնդիրը թուրքին մեղաւոր ըլլալը փաստելն է: Անշուշտ ճանաչումը կը դիւրացնէ շարք մը հարցեր, բայց պայման չէ: Ուրեմն մենք առանց սպասելու այդ ճանաչումին` արդէն անցած ենք յաջորդ փուլ, ինչպէս կ՛ըսէի քիչ առաջ: Սա չի նշանակեր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր չէ այլեւս, բայց նախապատուութիւնը պէտք է տրուի մեր իրաւունքներու խնդիրը արծարծելու` անկախ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն:

Իսկ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքները հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան նախ արտաքին ճնշումներու վրայ, տարբեր խորհրդարաններու եւ գիտական շրջանակներու կողմէ, ապա Թուրքիոյ ներքին ճակատին վրայ` թուրք հասարակութեան հետ երկխօսութեան մէջ մտնելով, որովհետեւ իրականութեան մէջ Թուրքիոյ հասարակութեան մէկ մեծ կարեւոր մասը զոհն է իր պետութեան վարած ժխտողական քաղաքականութեան եւ ինք իր պատմութիւնը ճանչնալու հնարաւորութենէն զրկուած է:

Հ.- Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ վերջերս սկսած հաշտութեան գործընթացները ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր Դատին վրայ:

Կ. Մ.- Թուրքիոյ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանին միջեւ կատարուող բանակցութիւնները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար մէկ նպատակ կը հետապնդեն. Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալները զինաթափ ընել եւ դուրս հանել երկրէն: Քրտական կողմը կ՛ուզէ 30 տարուան զինեալ պայքարէն ետք արդիւնքով մը, այսինքն ինքնավարութեան իրաւունքով դուրս գալ բանակցութիւններէն:

Ինչ կը վերաբերի մեզի, ապա մենք պէտք է ծայր աստիճան զգօն ըլլանք, որովհետեւ բանակցութիւններուն ընթացքին Օճալան ժխտական արտայայտուած է Հայկական հարցին մասին` Թուրքիոյ ուշադրութեան յանձնելով այն, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին սփիւռքահայութիւնը մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ, հետեւաբար աւելի շահաբեր է, որ թուրքերն ու քիւրտերը «լեզու գտնեն» այս հանգրուանին: Աւելի ուշ Օճալան փորձեց իր այս դիրքորոշումը մեղմել` ըսելով, որ հայերը, ասորիները, յոյները նոյնպէս պէտք է ընդգրկուին այս գործընթացին մէջ, բայց անոր փորձը ընդամէնը ճիգ մըն էր:

Մեր պատմութիւնը լաւագոյն օրինակն է, որ երբ թուրքերն ու քիւրտերը միացան մեր դէմ, ինչ սադրանքներ դաւեցին: Այս փաստը միշտ պէտք է յիշել եւ ըստ այնմ շարժիլ: Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ մենք քիւրտ ժողովուրդին հետ չենք կրնար կարգ մը հարցերու շուրջ համաձայնիլ. ընդհակառակը, այդ ուղղութեամբ պէտք է նոյնիսկ փորձեր կատարուին, բայց մենք պէտք է զգօն մնանք:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայութեան արժէքը Հայ դատին համար:

Կ. Մ.- Նախ պէտք է սահմանել, թէ ո՛վ է Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութիւնը: Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին շուրջ 60 հազար «պաշտօնապէս հայեր», որոնք կ՛ընդունին իրենց ինքնութիւնը եւ պաշտօնապէս կը ճանչցուին իբրեւ հայեր: Թուրքիոյ մէջ կան նաեւ անյայտ թիւով թաքուն հայեր, որոնց հետ մնայուն կապ պահելը, եւ որոնց հնարաւորութիւն տալը, որպէսզի ծանօթանան իրենց հայկական արմատներուն ու ծագումին, առնչուին հայկական մշակոյթին, կարեւոր է: Այդ ուղղութեամբ արդէն կան աշխատանքներ, որպէսզի իրենց ինքնութեանը գիտակցող, բայց հայութենէն անտեղեակ հայութեան այս հատուածը ծանօթանայ իր ինքնութեան: Մեր հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ այս հայերուն հետ, որոնք կը փորձեն պաշտօնապէս վերադառնալ իրենց ինքնութեան, եւ որոնք դժբախտաբար միշտ չէ, որ լաւ կը գնահատուին ոչ միայն թուրքերու կողմէ, այլ նաեւ` պոլսահայութեան կողմէ: Հետեւաբար մենք նաեւ պէտք է աշխատինք վերացնելու պոլսահայութեան հասկնալի պահպանողականութիւնն ու վերապահութիւնը եւ երկու հատուածները մօտեցնել իրարու:

Հ.- Ի՞նչ գնահատական կու տաք Թուրքիոյ եւ Հայ դատի հանդէպ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:

Կ. Մ.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը` 1990 օգոստոս 23-ին անկախութեան մասին հռչակագիրին մաս կը կազմէ, իսկ անկախութեան մասին այս հռչակագիրը սահմանադրութեան հիմքը կը կազմէ: Բայց մենք գիտենք, որ Հայ դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարց չէ: Այս իմաստով հարկ է անդրադառնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմող հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, որոնք, մեր համոզումով, չեն բխիր Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն: Ներկայ իշխանութիւնները մինչեւ օրս ո՛չ կը վաւերացնեն արձանագրութիւնները, ո՛չ ալ ետ կը քաշեն իրենց ստորագրութիւնը` բաւարարելու համար կարգ մը արտաքին շրջանակներուն ակնկալութիւնները:

Բայց միաժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր առաջին նախագահական նստաշրջանին առաւ քայլեր, զորս անկախ Հայաստանի ոչ մէկ նախագահ առած էր: Օրինակ` նախագահ Ուիլսընի 1920 նոյեմբեր 22-ի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդող իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով, 2010-ի նոյեմբերին ուղերձ մը հրապարակեց` խօսելով այդ իրաւարար վճիռի այժմէականութեան մասին: Սերժ Սարգսեան կազմակերպեց գիտաժողով եւ պետական բառամթերքին մէջ մտցուց «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, դատապարտում, հետեւանքներու վերացում» բառերը: Այս արտայայտութիւնները կարելի է բացատրել տարբեր ձեւերով, բայց խորքին մէջ այդ նոյն մեր պահանջատիրութեան եւ իրաւատիրութեան մասին է:

Անշուշտ այս քայլերը յարատեւ չեն եւ ռազմավարական չեն այնքան, որքան` մարտավարական: Այսինքն այսպիսի առանձին-առանձին «միջադէպեր» կան, բայց միշտ չէ, Հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի: Անոր համար ալ իշխանութիւններուն միշտ պէտք է յիշեցնել, որ կան որոշ պարտաւորութիւններ Հայաստանի պետութեան ուսերուն, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է իշխող քաղաքական կուսակցութիւնը:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրել Հայաստանի մէջ ստեղծուած յետընտրական իրավիճակը եւ արդեօք կրնա՞յ իր ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Կ. Մ.- Հայաստանի մէջ ստեղծուած յետընտրական վիճակը հետեւանքն է ընտրական գործընթացին: Յետընտրական իրավիճակը տակաւին բարդ է, եւ կրնան տակաւին զարգացումներ տեղի ունենալ: Բայց չկայ այն մտահոգիչ եւ լարուած վիճակը, որ կար 2008 թուականի ընտրութիւններէն ետք: Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ չկայ որեւէ քաղաքական ուժ, որ յանկարծ կ՛արտօնէ ինքզինքին ապակայունացնելու երկիրը եւ հնարաւորութիւն տալու Ազրպէյճանին, որ կացութիւնը շահագործելով` դիմէ ռազմական գործողութիւններու: Անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր բողոքի ցոյցերուն եւ հաւաքներուն, որոնք խօսքի ազատութեան միջոց են եւ ոչ թէ երկիրը ապակայունացնելու փորձ:

Հետեւաբար պէտք չէ ժողովուրդին սպառնալ կամ վախցնել, որ իր խօսքի ազատութիւնը առիթ պիտի տայ Ազրպէյճանին` Հայաստանի դէմ ոտնձգութիւններու ձեռնարկելու:

Բնականաբար ներքին իրավիճակը իր անդրադարձը կրնայ ունենալ արտաքինին վրայ ոչ յետընտրական կացութեան, այլ` ինքնին ընտրութիւններուն պատճառով, որովհետեւ եթէ ըլլային անվիճելի ընտրութիւններ, ապա արտաքին միջամտութիւնը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ աւելի նուազ պիտի ըլլար: Այսօր ժողովուրդին մեծ մասը չի վստահիր յայտարարուած արդիւնքներու եւ դժգոհ է անոնցմէ, մինչ միւս կողմէ, պետութիւններ եւ գերպետութիւններէն իրենց անձնական շահերէն մեկնելով եւ Հայաստանի վրայ յաւելեալ ճնշումներ կիրարկելու միտումով փութացին ընդունելու պաշտօնական արդիւնքները եւ ողջունելու յառաջընթացը:

Հետագային արտաքին ուժերու այս զօրակցութիւնը կ՛ենթադրէ կեցուածքներ, որոնք անպայման չեն բխիր Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն, եւ որոնցմէ մէկն է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել