«Ազդակ»ի Խմբագրական. Օդային «Ապաշրջափակո՞ւմ» Մշակութային Մայրաքաղաքին Համար

thumbopenՇուշիի ազատագրութեան հերթական նշումը անշուշտ առիթ է մէկ անգամ եւս լոյսին բերելու ազատագրութեան խորհուրդը, տարածքին ներկայացուցած պատմամշակութային ժառանգին արժէքը, ռազմավարական կարեւորութիւնը, ամբողջ հայութեան վրայ ունեցած հոգեբարոյական ազդեցութիւնը:

Այս բոլորը անառարկելի իրականութիւններ են, որոնց համապատասխան սակայն գործնական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի հրամայական իբրեւ ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այս անշուշտ հերթական տարեթիւի հետ կապ չունի եւ պարզապէս խորհուրդի նշումի սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր: Ամէնօրեայ ծրագրումի, ուժերու համախմբման, աշխատանքի ընթացաւորումի մասին է խօսքը շեշտակիօրէն: Այլապէս, Շուշին սահմանափակ թիւով բնակչութեամբ, Ստեփանակերտէն ետք Արցախի Հանրապետութեան իրողապէս երկրորդ քաղաքը համարուելու իր հանգամանքով տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք` շնչող, զարգացող քաղաքի վերածուելու համար:

Արցախը, երեւանակեդրոն Հայաստանի Հանրապետութեան նման, կը թուի, որ ստեփանակեդրոնացուած է: Ինչպէս որ Երեւանն ու այլ քաղաքներն ու մարզերը համաչափ եւ համընթաց չեն զարգանար, երեւութապէս կը թուի, որ նոյն կշռոյթները կրկնօրինակուած են Արցախի մէջ: Զարգացման համաչափութիւնն ու համընթացութիւնը կարեւոր են ընդհանրապէս երկրի զարգացման ուղղութիւնները հունաւորելու աշխատանքին մէջ:

Անշուշտ միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու սահմանափակ ըլլալը կը դժուարացնէ աշխատանքներուն ծրագրաւորումն ու մանաւանդ գործնականացումը: Եւ Շուշին այս առումով, փուլային իրականացումներուն առաջնային հանգրուաններէն համարելով, զայն պէտք է դիտարկել բնակեցման, զարգացման, շնչող քաղաքի վերածման ընդհանուր տարածքի սահմաններուն մէջ: Այսինքն` ամբողջ Արցախի Հանրապետութեան:
Եւ որովհետեւ Արցախի Հանրապետութիւնը շատ հասկնալիօրէն առաջին հերթին կը շնչէ ու կ՛ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան զարկերակներուն կշռոյթով, հայեացքները բնականաբար նախ կ՛ուղղուին դէպի Երեւան:

Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին եռուզեռը պայման են տարածքներն ու շրջանները ամայացումէ դուրս բերելու համար. գէթ` առաջին հերթին: Պատկերը այս առումով չի մօտենար մխիթարական վիճակին: Պատերազմի թէ քաղաքական պատճառներով կամ պատրուակներով շրջափակուած մեր երկու հանրապետութիւնները ցամաքային փակումին դիմաց օդային եռուզեռը աշխուժացնելու հարկադրանքին առջեւ են: «Արմաւիա»-ն օդային շրջափակումի մէկ տարբերակը պարտադրած է բոլորիս, մինչ Ստեփանակերտի օդակայանը ցարդ չէ գործարկուած:

Նման օդային շրջափակումը չի նպաստեր, որ, թէկուզ որոշ յաջողութեան յանգած ճանապարհաշինութեամբ ակնկալուած այդ եռուզեռը ստեղծուի: Ստեփանակերտի օդակայանին գործարկումը առկախուած է քաղաքական պատճառներով: Պաշտօնական Երեւանը իբրեւ բանակցող կողմ կարեւորագոյն խնդրի տեսք եւ տարողութիւն պէտք է տայ այս հարցին, որուն կապուած է նաեւ «Արմաւիա»-ի արդարացում չունեցող ներկայ պատկերը: Արտաքին աշխարհէն դէպի Արցախ ուղեւորային եռուզեռ ապահովելու առաջին հանգրուանը հայկական օդանաւային ընկերութեան կայացումն է, տրամաբանուած սակերու ճշդումը, թռիչքներու կանոնաւորումը:

Ծրագիրներ մշակուած էին Շուշին մշակութային մայրաքաղաքի վերածելու համար: Մշակութային փառատօներու կազմակերպումը, հայրենիքէն թէ սփիւռքէն մշակութային խումբերու ժամանումը Շուշի, իրենց հերթին կ՛առաջնորդեն համապատասխան ծառայութիւններու` պանդոկներու, ճաշարաններու, զբօսավայրերու, մշակութային կեդրոններու ստեղծման եւ այդ ճամբով աշխատատեղերու ապահովման եւ մնայուն բնակութեան հաստատման: Իսկ այդ բոլորին ստեղծման համար առաջադրուած եռուզեռին կայացման նպաստող գործօններ են օդային «ապաշրջափակում»-ը: Որպէսզի համայն հայութեան մշակութային քաղաքին վերածուի 21 տարի առաջ ազատագրուած Շուշին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել