«Ազրպէյճան «Փրակայի Հոլովոյթը» Շարունակելու Կողմնակից Է» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Mamadyarov-LavrovԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ «վերջին երկու տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յստակութիւնը կը բացակայի»:

Ան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ Ազրպէյճանի յստակ դիրքորոշումը այն է, որ սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: «Ըստ 2004-ին սկսած «Փրակայի հոլովոյթ»-ին (Մատրիտեան սկզբունքները ձեւաւորուած են այս հոլովոյթին հիման վրայ. «Ա.»), հայկական կողմը պարտաւորուեցաւ վերադարձնել Ղարաբաղի յարակից տարածքները, իսկ ազրպէյճանական կողմը պէտք է ապահովէր այդ տարածքներուն անվտանգութիւնը: Ապա կողմերուն միջեւ պէտք է տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատուէին: 2007-ին մշակուեցան Մատրիտեան սկզբունքները: Իսկ 2009-ին Աթէնքի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման ժամանակ Մատրիտեան սկզբունքները համալրուեցան նոր կէտերով: Ատկէ ետք տեղի ունեցաւ տարբեր մակարդակներով տասը հանդիպում: Ինչպէս նաեւ ստորագրուեցաւ Մոսկովեան հռչակագիրը` (2008) նախագահներու մակարդակով առաջին եւ միակ փաստաթուղթը: Քազանի (2011) եւ Սոչիի (2011) մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք բանակցութիւններուն մէջ լճացում սկսաւ»:

Մամետեարով շարունակելով նշած է, որ Ազրպէյճան կողմնակից է «Փրակայի հոլովոյթ»-ի շարունակման: «Ես ուրախ եմ, որ հայաստանցի գործընկերս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ըստ որուն, հայկական կողմը կ՛ընդունի վեց կէտերէ բաղկացած սկզբունքները (Մինսքի խմբակի առաջարկած 6 սկզբունքները): Այդ սկզբունքները կմախքի դեր պիտի կատարեն. ատոր շուրջ կրնայ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուիլ: Կարծիքովս` բանակցութիւններուն մեծագոյն խոչընդոտը ազրպէյճանական տարածքներուն մէջ հայկական պահակակէտերու գոյութիւնն է», ըսած է ան:

Լաւրով իր կարգին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ սթաթիւս քոն անընդունելի է: «Անկասկած, սթաթիւս քոն անընդունելի է ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի համար… նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար… եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար, որովհետեւ Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան կողմնակից է», յայտարարած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Նշենք, որ Մամետեարով երեքշաբթի օր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա հասած էր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել