Թուրքիան իր հակահայկական կեցուածքներուն մէջ դարձած է առաւել անզիջող

հակոբՍտորեւ կը ներկայացնենք Վանգուվըրի մէջ Ապրիլ 21-ին կայացած Հայկական ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը:

Արեւմտահայութեան սպանդը չսկսաւ 1915-ին. 1890-ականներուն տեղի ունեցած Համիտեան ջարդերը եւ մինչեւ 1920-ական թուականները երկարող հանրապետական Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, խօսուն փաստերն են Թուրքիոյ հայաջնջումի հետեւողական քաղաքականութեան, որ այսօր ալ կը դրսեւորուի թուրք պետութեան ժխտումի քաղաքականութեամբ ու իր սահմաններէն ներս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հակաօրինական խախտումներով:

Հայկական ցեղասպանութիւնը քսաներորդ դարու այլ անմարդկային արարքներէն կը տարբերի առնուազն երեք հանգամանքներով

Առաջինը՝ անոր անյագօրէն վայրագ, բացայայտօրէն արիւնարբու տարողութիւնը եւ փաստերով արձանագրուած ըլլալու իրողութիւնն է: Իրողութիւն մը, որ հաստատուած է բազմաթիւ օտարազգի վկաներու կողմէ – դիւանագիտական, միսիոնար, օտար, թուրք եւ քիւրտ ականատեսներու վկայութիւններ, որոնք պահպանուած են պետական թէ անհատական արխիւներու մէջ: Իշխող երիտթուրքերը սկզբնական շրջանին չքօղարկիցին անգամ իրենց միատարր բնակչութիւն ստեղծելու փան-թրքական ու փան-թուրանական ծրագիրը եւ յանդգնեցան յայտարարելու թէ, նպատակը առանց հայութեան Հայաստան ունենալն էր: Եւ պատերազմական անհրաժեշտութեան պատրուակով տեղահանեցին բնիկ ժողովուրդի լրիւ մնացորդացը, որուն պաշտպան այրերը ջարդուած էին արդէն ու ղեկավարութիւնն ալ գլխատուած ամիսներ առաջ:

Երկրորդը՝ հողերու յափշտակման երեւոյթն է: Ի տարբերութիւն քսաներորդ դարու այլ ցեղասպանութիւններուն, թուրք պետութեան նպատակը միայն հայութիւնը բնաջնջելը չէր, այլ նաեւ անոր հողերուն տիրանալը: Ազգային օրրան մը կը քանդուէր եւ կը փորձուէր վերջակէտ դնել աւելի քան երեք հազարամեայ բնիկ քաղաքակրթութեան գոյատեւման:

Երրորդը՝ Թուրքիոյ ժխտումի քաղաքականութիւնն է: Քսաներորդ դարու ցեղասպան միւս պետութիւնները ամբողջովին կամ մասամբ ընդունած են իրենց ոճիրն ու պատասխանատուութիւնը: Մինչդեռ Թուրքիան՝ օգտուելով իր ռազմավարական կարեւորութեան եւ շրջանային ղեկավարութեան դիրքի ընձեռած կարելիութենէն, լռութիւն կը փորձէ պարտադրել իր դաշնակից ու բարեկամ պետութիւններուն: Սակայն վերջին յիսնամեակին աշխարհացրիւ հայութիւնը ըմբոստացաւ եւ կրցաւ քանդել լռութեան պատը՝ ապահովելով մեծաթիւ երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վճռեց պայքարիլ մինչեւ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը ու հատուցումներու ապահովումը:

Այսօր, սուգի ու յիշատակումի տօնէ անդին, Ապրիլեան նախաձեռնութիւններով ամենուրէք պահանջատէր կը ներկայանայ հայութիւնը բազմաթիւ մակարդակներով, որուն առաջին քայլն է եկեղեցական կալուածներու վերադարձի արծարծումը:

Այսօր, մենք թեւակոխած ենք նոր շրջան: Անկախ Հայաստանը ցեղասպանութեան օրակարգը ներառած է իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Համահայկական ճիգերը տուած են կարեւոր արդիւնք միջազգային ճանաչման ասպարէզէն ներս եւ հարիւրամեակի սեմին սկսած ենք լրջօրէն զբաղիլ հատուցման թղթածրարի քաղաքական ու օրինական երեսներով:

Այս յաջողութիւններուն դիմաց՝ Թուրքիան իր հակահայկական կեցուածքներուն մէջ դարձած է առաւել անզիջող. սկսած է դիմել տարբեր քայլերու՝ պառակտելու համար հայ ժողովուրդի միութիւնը: Սփիւռքը կը փորձէ անջատել Հայաստանէն, առաջինին ղեկավարութիւնը պիտակելով ծայրայեղական, իսկ երկրորդին իշխանութիւնը աւելի «չափաւորական» ու «յարմարուողական»: Ցեղասպանութեան հարցը իր հունէն շեղելու համար կը գործադրէ զուգահեռ քաղաքականութիւն՝ ժողովուրդէ-ժողովուրդ «բարի կամեցողական» կեղծ յարաբերութիւններ հաստատելու փորձերով:

Քօղարկելով իր իսկական նկրտումները ան կը դիմէ հակահայ ամէն միջոցի. Հայաստանի շրջափակում, Կովկասեան շրջանային տնտեսական ու հաղորդակցական ծրագիրներէ բացառում, Ատրպէյճանի հետ համադրաբար՝ Խոջալուի շինծու «կոտորածներու» օրակարգով Հայաստանն ու հայութիւնը որպէս ջարդարար ներակայացում, արեւմտեան պատմաբաններու եւ քաղաքական դէմքերու կաշառում … նշելու համար մի քանի օրինակներ միայն:
Այսօր հարստացած է հայ դատի օրակարգը: Եթէ դեռ մօտիկ անցեալին ան կը սահմանափակուէր Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, այսօր ընդարձակուած է անոր տարողութիւնը, ընդգրկելով ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անկէ բխող պահանջատիրական ծրարը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Ջաւախքի զօրակցութեան խնդիրները: Այսօր սփիւռքահայերուս պարտականութիւնն է մեր ապրած երկիրներուն մէջ աշխատիլ՝ զօրացնելու համար մեր անկախ հայրենի պետականութեանց ժողովրդավար հիմքը ու միջազգային վարկը, սատարել Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ ամուր պահել հայութեան արմատները Ջաւախքի մէջ: Այս ուղղութեամբ պարտաւոր ենք ի գործ դնել մեր բոլոր ճիգերը – նիւթական, քաղաքական, տնտեսաընկերային եւ քարոզչական մարզերէն ներս:

Այսօր Սփիւռքը քաղաքականօրէն աշխուժացած է եւ տէր՝ իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութեանց: Այսօր կայ համահայկական գիտակցութիւն, որ յանձնառու Սփիւռք է հարկաւոր հզօր հայրենիքի համար, ու համահայկական տեսլական ունեցող ժողովրդավար հայրենիք՝ Սփիւռքի հայկական դիմագծի ամրապնդման համար: Այս երկուքի անքակտելի միութեամբ է որ կրնանք ձեռք բերել համահայկական համադրուած նոր յաղաթանակներ եւ դիմակայել նոր մարտահրաւէրներ:

Յստակօրէն կը յիշեմ, որ դեռ մանուկ, ամէն անգամ որ կը փորձէի թափանցել մեր հետ ապրող մեծ մօրս աչքերուն խորքը, կը զգայի, առանց լրիւ ընկալելու, թէ որքան լուռ թախիծ ու սարսափազդու պատկերներ գամուած էին անոր մտքին ու հոգւոյն մէջ: Ան միշտ կը նախընտրէր մնալ լուռ. որպէս միակ փրկուածը իր մեծ ընտանիքէն՝ չէր ուզեր վերապրիլ այն արհաւիրքն ու դաժան յուշերը, որոնք իր պատանի աչքերով տեսած էր ու իր էութեան մէջ ամբարած տեղահանութեան դաժան օրերուն: Մեծ մայրիկս վկաներէն էր մարդուն անմարդկայնութեան այն ահաւոր դրսեւորման, որ մարդկային միտքն իսկ դժուար կÿըմբռնէր ի տես այն խժդժութեան, որուն զոհ գացած էր ամբողջ ժողովուրդ մը: Միշտ կը փորձէինք մղել զինք, որ բանայ իր սիրտն ու լեզուն, որպէսզի դուրս ժայթքին իր մէջ կուտակուած անհուն վիշտն ու ցասումը եւ որպէսզի լսենք ու հասկնանք իր գողգոթան, եւ իր խօսքերուն ընդմէջէն ծանօթանանք մեր մեծ հօր ու իր ընտանիքին:

Իր մահուընէ մի քանի տարիներ առաջ, անդրադառնալով որ իր հետ կրնար անհետանալ նաեւ ականատեսի իր անգիր վկայութիւնը, մեծ մայրիկս որոշեց փոխանցել իր պատգամը եւ պատմել իր ոդիսականը: Ուշի ուշով ունկնդրեցինք զինք եւ տեսերիզի վրայ արձանագրեցինք այդ ահաւոր դրուագները՝ որպէս մնայուն ժառանգ:

Վերջ ի վերջոյ անդրադարձանք, որ իր պատմութիւնը իւրայատուկ չէր եւ մեր շուրջի իւրաքանչիւր հայ ընտանիք կը կրէր սպիները այն պատմութեան, որ դաժանաբար արմատախիլ ըրած էր հայութիւնը եւ անոր անհայրենիք մնացորդացը դատապարտած թափառելու Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Անդրադարձանք, որ մեր բոլոր բարեկամներն ու ծանօթները ունէին ընտանիքներ, որոնցմէ առյաւէտ կը բացակայէին մեծ հայրեր, մեծ մայրեր եւ անոնց տարեկից մէկ ամբողջ սերունդ:

Այդ վկայութեան ի հետեւանք՝ մեր երիտասարդ հոգիները զայրոյթի, վրէժի եւ միաժամանակ պայքարի վճռակամութեան խառնուրդով լեցուեցան. յաղթահարեցինք անզօրութեան զգացումը եւ որոշեցինք դառնալ հայ դատի զինուորագրեալներ:

Այսօր հաւաքուած ենք Վանքուվըրի մէջ մեր դատին պաշտպան անատացի բարեկամներուն հետ վերանորոգելու մեր պայքարի ուխտը. մեր նպատակն ու կամքը տկարութիւն չեն ճանչնար. բնաջնջումի արհաւիրքէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը միասնականօրէն կը քալէ առաջ,հիմա որ սուգի ու լոկ յիշատակումի օրէ անդին մենք Ապրիլեան տարելիցը վերածեցինք ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու պահանջատիրութեան օրուան:

Հարիւրամեակի սեմին վճռակամօրէն եւ նոր թափով պիտի շարունակենք պայքարը մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման համար, որպէսզի հայ ժողովուրդի զաւակները կարնան ապրիլ ու ստեղծագործել իրենց ազատ, անկախ ու հանգրուան-առ-հանգրուան ազատագրուող ամբողջական հայրենիքին մէջ:

horizonweekly.ca
17/05/2013

Տպել Տպել