Արցախ. Վիճակախաղի Օգնութեամբ Աջակցութիւն` Վերաբնակեցման Ծրագիրներուն

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կազմակերպած են ազգային վիճակախաղ մը, որմէ արթուր-աղաբեկյանյառաջացած ամբողջ շահը պիտի ուղղուի վերաբնակեցման ծրագիրներուն:

«Մեր պետութիւնը ուղղակի պարտաւոր է ատիկա կազմակերպելու, որովհետեւ ունի քաղաքական բաւարար վստահութիւն ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ե՛ւ սփիւռքի մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, որուն անմիջական նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի վիճակախաղը:

Խաղարկութեան պիտի դրուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ արտադրուող ապրանքներ, Ստեփանակերտի մէջ բնակարաններ, Արցախի մէջ արտադրուած ձեռագործ գորգեր, զբօսաշրջական տոմսեր դէպի Արցախ եւ այլն:

Վիճակահանութիւնը նախատեսուած է 28 դեկտեմբերին: Շրջանառութեան մէջ դրուած է շուրջ երկու հարիւր հազար վիճակախաղի տոմս: Տոմսին արժէքը 2 հազար դրամ է:

Արթուր Աղաբեկեան ըսաւ, որ այս տարուան վիճակախաղը պիտի ըլլայ փորձ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նպատակ ունի հետագայ տարիներուն խաղարկութեան մէջ դնել մէկ միլիոն վիճակախաղի տոմս:

«Այսօր գոյութիւն ունի բնական աճ, որ բաւարար չէ, որ մենք կարենանք ունենալ վերարտադրուող բնակչութիւն», ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետը` աւելցնելով. «Արցախը կրնայ կերակրել մէկ միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, բայց այսօր մեր երկրին մէջ կ՛ապրի 145-146 հազար մարդ, եւ մենք պէտք է շարունակենք այն, ինչ որ տեղի ունեցած է նախորդ տարիներուն, ինչ որ մենք անուանած ենք վերաբնակեցում. պէտք է շարունակենք այդ հոլովոյթը` աջակցինք բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք ցանկութիւն ունին գալու Ղարաբաղ եւ արդիւնք ստեղծելու»:

aztagdaily.com

Տպել Տպել