Ակնարկ. «Մարդկութեան Դէմ Ոճիրը»` Ցոյց-Հակացոյց Ճամբարներուն Մէջ

Gezi-ParkԿեզի այգիի շարժումը դէպի նոր հունաւորում կ՛առաջնորդէ թուրք հասարակութիւնը: Ոչ անպայման իշխանութիւններուն կողմէ պայմանաժամային ոճի որդեգրումով կամ ընդդիմութեան կիսաընդառաջումներով եւ շարժման վերածաւալման միտումներով: Նոր հունաւորումը աւելի կը վերաբերի ցոյց-հակացոյց երեւոյթին:

Եթէ մինչ այժմ քաղաքացիական շարժում-իրաւապահ մարմիններ հակադրութեան ձեւաչափը իրողապէս կ՛աշխատէր, շաբաթ օրուընէ սկսեալ ոչ միայն Պոլսոյ մէջ, այլ նաեւ Անգարայի մէջ հակադրութիւնը արձանագրեց նոր տարողութիւն` իշխանամէտ-ընդդիմադիր զանգուածներ իրար դէմ փողոց դուրս գալու առումով:

Ցոյց-հակացոյցը արդէն տարբեր երկիրներու մէջ նախադէպեր գրանցած երեւոյթ է: Հակացոյցը անպայման տարերայնականութեամբ չի բացատրուիր անշուշտ: Իշխանութեան պատուիրատուի հանգամանքը, յատկապէս նման երկիրներու պարագային, ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ դիպաշարի հետեւողներուն եւ զանոնք վերլուծողներուն մօտ:

Հակացոյցը կը միտի նախ ներքին սպառումի համար տպաւորել քանի մը խաւ: Նախ չկողմնորոշուած զանգուածը, ցոյցերուն բազմապատիկ անգամ մարդաշատ հաւաքներով շուքի մէջ ձգելու բողոքողներն ու պահանջները եւ մտածել տալու շարժումին ձախողութեան մասին: Երկրորդ, դարձեալ ներքին սպառումի համար հոգեբանական ճնշում գործադրելու իշխանութեան դէմ հրապարակ իջած քաղաքացիներուն վրայ: Իսկ արտաքին իմաստով, բնականաբար ներքին ալեկոծումները հրահրողներուն վերահաշուարկներ պարտադրելու եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը կողմնորոշելու նպատակով:

Հակացոյցը սակայն, շարժումին ահագնացումէն մտահոգ իշխանութիւններն են, որոնք կը ձեռնարկեն: Հակացոյցը իշխանութիւններուն կողմէ գործադրելի առաջին միջոցներէն չէ: Բայց երբ իրաւապահ մարմիններու ի գործ դրած ճնշումները, բռնութիւնները, եւ նոյնիսկ բազմաթիւ վկայութիւններով արդէն հրապարակուած ցուցարարներուն մօտ մորթային այրուածքներ յառաջացուցած քիմիական նիւթերու օգտագործումը, եւ այլ ուղղութեամբ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններն ու պայմանաժամերը ակնկալուած արդիւնքին չեն յանգիր, կը բանի հակացոյցեր կազմակերպելու մեքենականութիւնը:
Հակացոյցը ուրեմն, որոշ հանգրուանի մը համար ոչ ցանկալի, այսուհանդերձ պարտադիր միջոց է, որ սեփական ժողովուրդը ճամբարներու բաժանման կ՛առաջնորդէ, կը բեւեռայնացնէ:

Վարչապետ Էրտողանի պայմանաժամային վճռականութիւնը կը նախանշէ, որ իրաւապահ մարմիններուն հրահանգ տրուած է դիմել խստագոյն միջոցներու: Այլապէս, վարչապետութենէ դէպի նախագահութիւն ընթացող Էրտողանի հեղինակութիւնը, որ արդէն իսկ նժարի վրայ դրուած է, խիստ հարուած կը ստանայ: Հարուածը սակայն եթէ մէկ կողմէ պայմանաժամի անհետեւանքայնութեամբ օդին մէջ կրակած ըլլալու հեղինակազրկումի համազօր է, միւս կողմէ սպանութիւն, վիրաւորներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ երեւոյթը կրնայ նոյնքան եթէ ոչ աւելի հարուած հասցնել անոր ժողովրդականութեան եւ միջազգային հեղինակութեան:

Վերադառնանք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն կամ ցոյց-հակացոյց ձեւաչափին, անոր բերած հռետորականութեան աննախադէպ խստացումին: Այնքան մը, որ վարչապետ Էրտողան ցուցարարները կ՛որակէր արտաքին դաւադրութեան ճարտարապետներու գործակալներ, մինչ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու վարչապետ Էրտողանը ամբաստանելէ ետք իբրեւ Թուրքիան սպաննող, կատարուածը կը համարէր ոճիր` մարդկութեան դէմ:

Ուրեմն արտաքին ուժերու գործակալները ընդդէմ մարդկութեան դէմ ոճիր գործողներուն: Ահաւասիկ ցոյց-հակացոյցի ճամբարային բնակիչներուն բնութագրումները: Մարդկութեան դէմ ոճիրի ամբաստանութիւնը կրնար լուսարձակի տակ չգալ, եթէ զայն յայտարարողը ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան առաջնորդը չըլլար:

Դիպաշարին հետեւող ոեւէ տրամաբանող մինչ այժմ չորս զոհ խլած բռնամիջոցները մարդկութեան դէմ ոճիր դասակարգելու տեսակէտին դժուար կը համաձայնի: Կը յիշէ սակայն անպայման, որ թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները մարդկութեան դէմ բազմաթիւ ոճիրներ գործած են: Ոճիրներ, որոնց պատասխանատուութիւնը վերցնելու կոչեր չեն հնչեր թրքական երկու ճամբարներուն մէջ ալ:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել