
Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ուլրիխ Լեհնըրի հետ։ Հայ Դատի յանձնախումբի խնդրանքով կայացած հանդիպումին նպատակը՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերեալ վճիռը բողոքարկելու իրաւունքի կիրարկման կարեւորութիւնը շեշտելն էր։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը դեսպանին փոխանցեց գանատահայութեան եւ համայն…








