
Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 24-25 Նոյեմբեր 2017ին, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ, հիւրնկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվար կուսակցութեան ։ Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը։ Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր թեմաներ. Ձախի հետ կերտել ապագան՝ ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. Բազմաթիւ հակամարտութիւններով աշխարհի մը մէջ՝ աշխատանք կայունութեան եւ…















