
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ էլ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք կարեւոր են` կազմելու համար նոր խորհրդարանը եւ ամրապնդելու երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը: Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքն է, որ քաղաքական ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին մղած…














