
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» ԹԵՐԹ).- Ապրիլ 5ի երեկոյեան, Արժանթինի հայ համայնքը միասնական բողոքի ցոյց մը կատարեց Ատրպէյճանի Դեսպանատան առջեւ։ Աւելի քան հազար հոգի համախմբուեցան եւ Արցախի խաղաղութեան պահանջքով քայլարշաւ կատարեցին մինչեւ ազերի դիւանագիտական նստատեղին։ Հոծ բազմութիւնը առաջնորդեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլէի Առաջնորդ՝ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ Տ. Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան եւ կղերական…














