
Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 1 եւ 2ին Արցախի բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ կատարուած յարձակումները եւ լայնածաւալ գործողութիւնները Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին: Յունահայութեան անունով, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն, Հայոց Բանակին ու միաժամանակ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անարգ յարձակումներու…











