
Արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ունի երկար պատմութիւն: Դեկտեմբեր 27, 2016ին սակայն համայնքային քաղաքական, ընկերային, 2010բարեսիրական, մարզական, կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւնները սկիզբ դրին այդ համագործակցութիւնը կազմակերպական կառոյցի վերածելու գործընթացին: Այդ օր, ժամը 19ին, Պուէնոս Այրէսի Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանի, համայնքի ութը հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին Համայնքային Հաստատութիւններու Համակեցութեան, Համագործակցութեան…















