
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 10ին, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը որոշած է չքննել Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ապահովագրական պահանջներուն վերաբերեալ վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքը: Գերագոյն ատեանին սոյն որոշումը ի զօրու կը պահէ Շրջանային իններորդ ատեանի այն որոշումը, որ բեկանած էր Քալիֆորնիոյ օրէնքը՝ կասեցնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ապահովագրական պահանջները հետապնդողներուն կողմէ՝…














