
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու խորհրդանշական՝ 120 պատանիներէ բաղկացած, երգչախումբին ելոյթով: Խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի առաջնորդութեամբ, երգչախումբը յաջողութեամբ կատարեց Հայաստանի օրհներգը եւ կուսակցութեան քայլերգը: Բեմին վրայ 120 պատանիներու տպաւորիչ ներկայութիւնը, յոբելինական թիւն ու խանդավառ ելոյթը խորհրդանշեցին Դաշնակցութեան վերանորոգման եւ երիտասարդացման ուժը՝ ոգեշնչող իրենց մթնոլորտը տարածելով տօնակատարութեան ամբողջ ընթացքին եւ օրուան պատգամին վրայ: Տօնակատարութիւնը իսկական առիթ…














