
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ 27-31 Հոկտեմբերին Եւրոպական Խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելած է Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, ուսումնասիրելու համար ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Իրենց այցելութեան ընթացքին, տիկին Միշել Րիվազի («Կանաչներ-Եւրոպական Ազատ Դաշինք», Euronest պատուիրակութեան անդամ) եւ պրն. Տամիէն Ապատ (Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւն, Euronest-ի եւ ԵՄ-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամ), Եւրոխորհրդարանի աշխատակազմի ընկերակցութեամբ, խորացուցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան…