
Դաշնակցութեան հիմնադիրները ազգային տեսիլք, նպատակ ունեցող յանձնառու երիտասարդներ էին, որոնք ծրագրային ձեւակերպում տալէ ետք զիրենք զսպանակող ազգային-ընկերային գաղափարներուն, հետզհետէ բիւրեղացուցին կազմակերպական կառոյց մը, որ պէտք էր գոհացում տար գործնական պահանջներուն, կազմակերպութիւնը դարձնէր ուժական, նախաձեռնող եւ միջավայրին յարմարող, ժողովուրդի բազկերակին ականջալուր: Եթէ 127 եւ աւելի տարի ետք քաղաքականապէս կենսունակ կը մնայ Դաշնակցութիւնը, մեծ մասամբ գաղափարական կեդրոնացուածութեան…















