
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Փակեցինք 2017 տարին` իր լաւ ու վատ էջերով: Հաւաքական մեր կեանքը արձանագրեց նուաճումներ ու յաջողութիւններ: Բացթողումներ ալ կատարուեցան անտարակոյս: Իւրաքանչիւր անհատ, իր իմացութեան սահմաններուն մէջ կրնայ ընդհանուր գնահատանքը կատարել անցնող տարուան: 2017 տարին ու զայն նախորդող տարիները փակելով կարելի չէ միայն դրական գնահատումներով բաւարարուիլ: Հիմնականը` քննական առողջ մտածողութեամբ, անկեղծ ու անշահախնդիր մօտեցումներով կշռադատելն…















