
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հոկտեմբեր 2ին, Հայաստանի քաղաքական բեմը արագօրէն ջերմացաւ իրերայաջորդ դէպքերու պատճառով, որոնք եթէ անմիջականօրէն նոր գագաթնակէտի մը հասցուցին Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեամբ դրսեւորուած հակադրութիւնները, խորքին մէջ պարզապէս նոր քայլեր էին այն երթին մէջ, որ սկիզբ առած էր աւելի քան հինգ ամիս առաջ, «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» ճամբով։ Անմիջական պատճառներն ու հետեւանքները ծանօթ են. ինքզինք ժողովուրդի կամքին…















