
(Արցախի Հանրապետութեան Հիմնադրման 26-ամեակին Առիթով) Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան նշումին արդիական հնչեղութիւն տալու առումով քաղաքական հրապարակագրութիւնը անպայման աշխարհաքաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու, գերտէրութիւններու միջեւ ելեւէջային յարաբերութիւններու լոյսին ներքոյ կը քննարկէ հետագայ հաւանական ընթացքներու հունաւորման միտումները։ Այլ տարածաշրջանի մէջ կը թուի, որ լուռ, չբացայայտուած, այսուհանդերձ ինքզինք զգալի դարձնող համաձայնութիւներու, պատերազմական սահմանափակ գործողութիւններու եւ ընդհանրապէս իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու զինուորաքաղաքական…














