
1918ի այս օրը՝ 31 Մայիսին, արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր հայորդի մը՝ Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, ասպատակող խումբ մը կազմած՝ մահուան ճիրաններէն փրկեց հարիւրաւոր հայ տարագիրներ։ Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ականաւոր դէմքերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի Մարզպետ, որուն կեանքն ու…















