
Քանի օրէ ի վեր կը հետեւինք սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն արագ յառաջընթացին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հալէպը գրեթէ ամբողջովին ազատագրուեցաւ եւ շուտով «ապահով քաղաք» դառնալու կը պատրաստուի: Ազատագրուած եւ արդէն իսկ ապահով շրջաններէն հասած լուսանկարները աւերին միայն մէկ մասը կը փոխանցեն: Փլած ամէն մէկ շէնք քանի՜ ընտանիքներու ողբերգութիւնը կը փոխանցէ… Ընտանիքներ, որոնք, Աստուա՜ծ գիտէ, այսօր…















