
2000 թուականի Օգոստոսին Թորոնթոյի Եորք Համալսարանն էի, յատուկ ծրագրով մը, որ մէկտեղած էր Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն ընտրուած 25 գիտաշխատողներ եւ ակադեմականներ՝ միասնաբար քննարկելու համար տարածաշրջանի հիմնախնդիրները երրորդ հազարամեակին: Խումբին մաս կը կազմէր Քուպայէն գործընկեր մը Սանթիակօ անունով, որ ուշագրաւ էր իր ուրախ տրամադրութեամբ եւ կատակաբանութեամբ: Դժուար տասնամեակ մըն էր Քարիպեան կղզիին համար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն…















