
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.-«Իմ Արցախը» խորագիրով Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին ընդառաջ, Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան, Նոյեմբեր 22ին հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ, «Փէշէքէրեան» կեդրոնին մէջ։ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ…















