
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան իր ելոյթներէն մէկուն, «Ինծի համար կը ներէք՝ -հայ է-՛ -յոյն է- ըսողներ եղան» ըսած էր։ Հիմա ես ալ իմ կարգին ամօթ կը զգամ իր անունը եւ «հայ ազգը» սահմանումը նոյն նախադասութեան մէջ գործածելէ։ Ուրեմն ընթերցողը թող ներէ զիս այս անպատշաճ երեւոյթին համար։ Խոստովանիմ որ անհրաժեշտութիւնը զիս դրաւ նման անյարմարութեան…














