
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Հալէպահայ համայնքին դէմ ապատեղեկատուական արշաւի ձեռնարկողներու շարանը սկսաւ պարզուիլ: Ցաւօք հայատառ բայց հայութեան ու հայկականութեան հաւաքական շահերու գիտակցութենէն բոլորովին զուրկ լրագիրներ, երբեմն աղմուկ ստեղծելով ընթերցողներու թիւ բազմացնելու, երբեմն ուղղորդուած սուրիահայ համայնքը նսեմացնելու, առանց գաղափար անգամ ունենալու, թէ սուրիահայերը տագնապի ամենածանր պայմաններուն մէջ իսկ ինչպէս բարձր պահած են իրենց արժանապատուութիւնը, շարունակած են վայելել երկրի…















