
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան, Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի աւելի քան 30 անդամներ, Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի, Գանատայի Բնիկներու եւ Հիւսիսային հարցերու նախարար Գարոլայն Պենէթ եւ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան։ Օրուան հանդիսավար Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան հանդիսութեան բացումը կատարեց,…















