
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան բարեփոխման նախագիծին մէջ ներառուած իրաւադրոյթներուն շուրջ, յայտնաբար տակաւին բանավէճ պիտի ծաւալի: Մինչ այժմ քաղաքական դաշտի մէջ երեւցած բանավէճը անուղղակի է մեծաւ մասամբ: Հազուագիւտ են քննարկման այն միջավայրերը, ուր յօդուած առ յօդուած, համեմատական տրամաբանութեամբ եւ առաջարկուած փոփոխութեան ունենալիք ազդեցութեանց եւ հետեւանքներուն մասին տեսակէտներ կը բարձրաձայնուին եւ խորքային վերլուծումներ կը կատարուին: Ինքը` Սահմանադրութիւնը օրէնսդրական…















