
Ռուսաստանի վերաբերմամբ, պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած են (եւ ունի՛ն) երկու հակադիր կարծրատիպային (stereotypical) մտայնութիւններ՝ հայ քաղաքական կեանքի ֆոլքլորին մէջ: Առաջինը, որ կ՛ըսէ, թէ կարելի չէ որեւէ ձեւով Ռուսաստանին հակադրուիլ կամ նոյնիսկ հակաճառել անոր… քանի որ անկէ կախուած է մեր գոյութիւնը այբէն մինչեւ ֆէ: Ռուբէն Տէր Մինասեան (Ռուբէն Դարբինեանի վկայութեամբ) համոզուած էր, որ մեր ժողովուրդը չէ «սորված»…















