
Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ տեղական մարմիններուն, Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին Նիկոսիոյ «Նարեկ» Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի մասին զեկուցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, հոգեւոր հայրեր, ազգային, կրթական ու հասարակական կառոյցներու պատասխանատուներ:Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթօ Դաւիթեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Քեսապի կացութիւնը, բացատրեց հաւաքին…















