
Քեսապի վրայ յարձակումէն ետք, «Ազատ Օր»ի միջոցաւ հանրութիւնը տեղեակ պահուեցաւ յունահայութեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին ու Երիտասարդական Միութեան կողմէ նախաձեռնուած քայլերուն շուրջ: Յունաստանի խորհրդարանի հայ-յոյն բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահին հետ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը շարունակելով իր հանդիպումները, Երեքշաբթի 8 Ապրիլին, հանդիպում ունեցաւ հելլէն խորհրդարանի հայ-յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիսի հետ, Քեսապէն…















